Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց Իրանի պաշտպանութեան նախարար Ազիզ Նասիրզատէն ու շեշտեց, որ Թեհրանի հետ Երեւանի յարաբերութիւնները հիմնուած են երկկողմանի բնական շահերու վրայ: Ան կարեւորեց հնարաւորութիւններու լիարժէք իրացումը եւ այդ ուղղութեամբ հետեւողական քայլերու ձեռնարկումը: Իրանցի նախարարը Փաշինեանին փոխանցեց իր երկրի նախարար Մասուտ Փեզեշքեանի ողջոյնը, վստահեցնելով Իրանի անվերապահ աջակցութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան: Իրանցի նախարարը տեսակցեցաւ նաեւ իր հայ պաշտօնակիցին եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարին հետ՝ քննարկելու պաշտպանութեան ոլորտին վերաբերող հարցեր: Ազիզ Նասիրզատէ հաւաստիացուց, որ Իրան պիտի չթոյլատրէ որեւէ ոտնձգութիւն հայ-իրանեան սահմանին դէմ: