Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սէրկէյ Լաւրով երէկ այցելեց Հայաստան, ուր տեսակցեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներու հետ՝ քննարկելու հայ-ռուսական յարաբերութիւնները, հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան հոլովոյթը եւ տարածաշրջանային հարցերը:
Հայ-ռուսական համալսարանի ուսանողներուն եւ դասախօսներուն հետ հանդիպումին ընթացքին Լաւրով յայտնեց, որ Հայաստանի տնտեսութեան զգալի աճը արդիւնք է Եւրասիական տնտեսական միութեան շրջանակներուն մէջ համագործակցութեան: «Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը հասած է աւելի քան 1,6 միլիառ տոլարի», ըսաւ նախարարը: Լաւրով դժգոհեցաւ, որ Արեւմուտքը կը փորձէ չթոյլատրել Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի համախմբումը իրենց հարեւաններուն հետ: Անդրադառնալով զանազան երկիրներէ զէնք գնելու հայկական միտումին, Լաւրով շեշտեց, որ զէնք գնելու համար երկիրներու ընտրութիւնը վերապահուած է Հայաստանին: Պատասխանելով Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի եւ Հայաստանի դէմ ռուսական զէնքի գործածութեան վերաբերող հարցումի մը, Լաւրով յիշեցուց, որ ատրպէյճանակակ 7 շրջանները գրաւելու համար հայկական կողմը եւս օգտուած էր ռուսական զէնքէն: Անոր խօսքով, նշեալ շրջաններուն մէջ հայկական պաշտպանական դիրքերու կառուցումը ցոյց կու տար, որ հայերը չեն պատրաստուիր զանոնք վերադարձնել Ատրպէյճանին: «Մենք շահագրգռուած ենք Երեւանի ու Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու լիակատար կարգաւորումով», ըսաւ ան: Լաւրով յայտնեց նաեւ, որ Հոկտեմբերին Ռուսիոյ մէջ պիտի կազմակերպուին հայկական մշակոյթի օրեր: «Հայաստանի հետ տնտեսական համագործակցութեան արդիւնքները տպաւորիչ են», շեշտեց նախարարը, կարծիք յայտնելով, թէ Կիւմրիի մէջ գործող ռուսական խարիսխը կարեւոր բաղադրիչ է Հայաստանի անվտանգութեան, միաժամանակ պատրաստակամութիւն յայտնելով դարձեալ աջակցելու Հայաստանի պաշտպանութիւնը ապահովելու ջանքերուն:
Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միզոյեան վստահեցուց, որ Երեւան չի պատրաստուիր վերաձեւաչափելու Ռուսիոյ հետ դաշնակցային յարաբերութիւնները: Անոր խօսքով, անհնար է չյարգել հայ ժողովուրդին ներդրումը ֆաշիզմի դէմ տարած յաղթանակին մէջ:
Երէկ Երեւան այցելեցին նաեւ Եւրոպայի ու Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներուն մէջ հաւատարմագրուած Եւրոմիութեան դեսպանները, որոնց հետ տեսակցութեան ընթացքին վարչապետը քննարկեց հայ-եւրոպական յարաբերութիւնները, համագործակցութիւնը եւ ժողովրդավարական բարեփոխումներուն օրակարգը: Անդրադարձ եղաւ տարածաշրջանային խնդիրներուն՝ ներառեալ հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան հոլովոյթը: Եւրոպացի դեսպանները ողջունեցին տարածաշրջանին մէջ կայունութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ Հայաստանի կառավարութեան թափած ջանքը:
Երեւան գտնուող Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Անիթա Տիմիթրիու բարեկամ երկիր համարեց Հայաստանը ու նշեց, որ երկու կողմերը հաստատած են պատմական, մշակութային եւ արժէքային խոր յարաբերութիւններ: Կիպրացի պաշտօնատարը իր պաշտօնակից Ալէն Սիմոնեանի եւ այլ պատասխանատուներու հետ տեսակցութիւններուն ընթացքին արծարծեց զանազան ոլորտներու մէջ համագործակցութիւնը խթանելու հնարաւորութիւնները: