Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՎԻԳԷՆ ՉԵՐՉԵԱՆ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ՀԱՇՈՒԱՊԱՀ

May 20, 2025
in Գաղութային
0
ՎԻԳԷՆ ՉԵՐՉԵԱՆ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ՀԱՇՈՒԱՊԱՀ

 

 

Լիբանանի մարզական կեանքը վերակազմակերպելու եւ աւելի աշխուժացնելու հոլովոյթի ծիրին մէջ, Չորեքշաբթի, 14 Մայիս 2025-ին, Տպայէի «Le Royal» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի ընդհանուր ժողովը եւ 12 անձերէ բաղկացած նոր գործադիր վարչութեան ընտրութիւնը:

Ժողովին ներկայ գտնուեցան ընտրելու իրաւունք ունեցող լիբանանեան ողիմպիական 26 ֆետերասիոններէն 16-ին ներկայացուցիչները` ներառեալ պասքէթպոլի ֆետերասիոնի ներկայացուցիչ, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Կեդրոնական վարչութեան պաշտօնաւարտ ատենապետ Վիգէն Չերչեանը:

Նաւարկութեան ֆետերասիոնի նախագահին թեկնածութեան յետս կոչումէն ետք, մնացեալ 12 թեկնածուները ընտրուեցան առանց քուէարկութեան՝ մրցակիցներու բացակայութեան լոյսին տակ: Ժիհատ Սալամէ դարձաւ ատենապետ` չորս փոխատենապետներու կողքին, Ժաուտաթ Շաքէր ստանձնեց ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը, Շատի Մախզում՝ գանձապահ, Վիգէն Չերչեան՝ հաշուապահ, Նազարէթ Հապիպեան եւ Խալէտ Պատիհ՝ խորհրդականներ: Ընդհանուր ժողովին ընթացքին որոշուեցաւ նաեւ ընտրելու իրաւունք շնորհել մարզական պարի եւ լեռնամագլցումի ֆետերասիոններուն:

Նշենք, թէ այս պատմական առաջին անգամն է, որ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-էն անձնաւորութիւն մը կը հասնի Ողիմպիական կոմիտէի գործադիր վարչութեան դիւան՝ հաշուապահի պաշտօնով:

Կը շնորհաւորենք նորընտիր Գործադիր վարչութիւնը, մաղթելով բարի երթ:

 

 

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի մամլոյ եւ տեղեկատուական գրասենեակ

 

 

Share63Tweet39
Previous Post

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ «ՍԻՈՆ» ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹԻՆ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ԹԻՒԸ – 1 

Next Post

ՊԷՅՐՈՒԹ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊՉԱՔՃԵԱՆ՝ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ, ԱՐՄԷՆ ՍԷՖԷՐԵԱՆ՝ ԹԱՂԱՊԵՏ

Next Post
ՊԷՅՐՈՒԹ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊՉԱՔՃԵԱՆ՝ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ, ԱՐՄԷՆ ՍԷՖԷՐԵԱՆ՝ ԹԱՂԱՊԵՏ

ՊԷՅՐՈՒԹ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊՉԱՔՃԵԱՆ՝ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ, ԱՐՄԷՆ ՍԷՖԷՐԵԱՆ՝ ԹԱՂԱՊԵՏ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.