Երուսաղէմ։ Կամ՝ Հայ Երուսաղէմ։ Կամ՝ Սրբոց Յակոբեանց վանք ու միաբանութիւն։ Կամ՝ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութիւն։
Այս անուններն ու անուանումները կ՛ակնարկեն միեւնոյն հասցէին։ Պատմական ու դարաւոր հասցէ մը, որ կ՛ամրագրէ հայոց փառաւոր ներկայութիւնը Սուրբ Երկրին մէջ ու Հայ Եկեղեցիին կու տայ այն նոյն դիրքն ու պատիւը, որ այնտեղ կը վայելեն մեզմէ տասնապատի՛կ անգամ աւելի հզօր ու մեծաթիւ համայնքները՝ յոյներն ու լատինները։
Գիտենք, որ Երուսաղէմի հայ պատրիարքութիւնը մէկն է Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական չորս աթոռներէն։ Ու գիտենք նաեւ, որ այդ պատրիարքութեան պաշտօնաթերթը կը կոչուի «Սիոն»։ Այս «Սիոն»-ն է ահա, որ մեզի խապրիկներ կը բերէ Երուսաղէմէն, Բեթղեհէմէն, ՀայՖայէն ու Պաղեստինի միւս անկիւններէն։ Կրօնական, գրական ու բանասիրական պարբերաթերթ մը ըլլալու կողքին՝ անիկա գրեթէ միակ լրատուն է մեզի համար, ուրկէ լուրեր կը քաղենք սաղիմահայ մեր նօսրացած գաղութին մասին, զեկոյցներ կը կարդանք Ժառանգաւորաց եւ Թարգմանչաց վարժարաններու գործունէութեանց շուրջ, բայց ամէնէն գլխաւորը՝ վերահասու կ՛ըլլանք Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութեան անդադրում առաքելութեան, որ է՝ գիշեր-ցերեկ խստաբիբ հսկել մեր եկեղեցւոյ նուիրագործեալ իրաւունքներուն վրայ ու առիթ չտալ որ ճարպիկ կամ նենգամիտ օտար շրջանակներ ոտնձգութիւններ կատարեն այդ իրաւունքներու շրջածիրէն ներս…։
Մեր նախնիները ի՜նչ զոհողութիւններով ու իմաստուն ջանքերով կրցեր են տէր դառնալ Ս. Երկրին մէջ նիւթական ու բարոյական արժէք ներկայացնող մեծղի հարստութեանց։ Իրերայաջորդ սերունդներն ալ պահպաներ են զանոնք նախանձախնդրութեամբ ու երբեմն ալ՝ արեա՛մբ։
«Սիոն»–ի հին թէ նոր իւրաքանչիւր թիւ ա՛յս հաստատումն է որ կ՛ընէ, ուղղակի կամ անուղղակի կերպով։
Մեր տրամադրութեան տակ է արդէն «Սիոն»-ի վերջին՝ նորագոյն թիւը։ Պաշտօնաթերթը թեւակոխեր է արդէն իր 96-րդ տարին (կը հրատարակուի1927-էն սկսեալ, իբրեւ Նոր Շրջան)։
Եղիշէ Դուրեան մեծանուն պատրիարքն է որ հիմը դրած էր «Սիոն»-ին, զայն դարձնելով իր արդիւնալից գահակալութեան կարեւոր իրագործումներէն մին։ Այդ օրերուն, ան խմբագրապետի պաշտօնը յանձներ էր Արմաշու դպրեվանքի անդրանիկ հունձքի փայլուն դէմքերէն Բաբգէն եպս. Կիւլէսէրեանին (հետագային՝ աթոռակից կաթողիկոս Տանն Կիլիկիոյ)։ Բաբգէն սրբազան, բազմահմուտ եկեղեցական ու գրագէտ անձ, նորածիլ «Սիոն»-ը վերածեր էր աստուածաբանական ու բանասիրական որակաւոր հանդէսի մը։
Աւանդութիւնը կը շարունակուի այսօր ալ՝ նոր ու երիտասարդ ուժերով։
«Սիոն»-ի այժմու խմբագիրն է Ներսեհ վրդ. Ալոյեան։
Ի տարբերութիւն հին շրջաններու ամսագրային դրութեան՝ պարբերականը ներկայիս լոյս կ՛ընծայուի եռամսեայ յաճախականութեամբ։ Նորագոյն թիւը կը կրէ Յունուար-Մարտ 2025 թուականը։ 130 էջ է։ Տպագիր օրինակէն զատ՝ անիկա հասանելի է նաեւ համացանցային իր տարբերակով։
Կը սկսինք թերթատել «Սիոն»-ը էջ առ էջ, հաճոյքով։
Խմբագրականը նուիրուած է Կաղանդի ծառին, պատմական ակնարկով ու աւանդազրոյցներու մէջբերումներով։ Կ՛ըսուի, թէ անիկա կը խորհրդանշէ դրախտի «Կենաց ծառ»-ը, իսկ եղեւինը (որ իբրեւ տօնածառ կը գործածենք) իր մշտադալարութեամբ կը խորհրդանշէ Աստուծոյ անսպառ բարիքները եւ անհատնում շնորհները։
Չորս կարեւոր յօդուածներ, որոնք կ՛ընթերցուին հետաքրքրութեամբ, հիմնականօրէն լեցուցեր են «Սիոն»–ի ներկայ թիւը։
Առաջին գրութիւնը կը պատկանի պոլսահայ բանասէր Սեւան սրկ. Տէյիրմէնճեանին, որ քանի մը տարիէ Երուսաղէմ կը մնայ եւ կ՛ուսուցչագործէ այնտեղ։ Ան հրապարակեր է տարեցոյցներու նշանաւոր հրատարակիչ Թէոդիկի (1873-1928) նամակները Եղիշէ պատրիարք Դուրեանին։ Վանքին արխիւատունէն վերցուած այս նամակները գրի առնուած են 20-ական թուականներուն՝ յունական Գորֆու կղզիէն (ուր գացեր ապաստաներ էր Թէոդիկ քեմալական շարժումի օրերուն), Նիկոսիայէն, Փարիզէն։ Թէոդիկ մի՛շտ փորձած է Դուրեան սրբազանի աշխատակցութիւնը ապահովել իր Տարեցոյցին, բայց միաժամանակ բաղձանք յայտներ է որ պատրիարք սրբազանը զինք Երուսաղէմ կանչէ ու պաշտօնի կոչէ տեղւոյն տպարանին մէջ, որ փակ կը մնար 1915-էն ասդին։ Բոլոր նամակները օժտուած են շահեկան ծանօթագրութիւններով եւ ցոյց կու տան նամակագիր երկու սկիւտարցիներուն հոգեկան կապն ու մտերմութիւնը։
Երկրորդ գրութիւնը ստորագրուած է Արշակ աբղ. Ղազարեանի կողմէ (վանքի ձեռագրատան եւ թանգարանի այժմու տեսուչը)։ Ան երկարօրէն կը խօսի Սրբոց Յակոբեանց մայր տաճարի մեծաթիւ որմնանկարներուն եւ իւղաներկ նկարազարդումներուն մասին ու կը ջանայ ճշդել անոնց նկարիչ-հեղինակները։ Յա՛տկապէս կը կեդրոնանայ 1720-ական թուականներուն ստեղծագործած տաղանդաւոր նկարիչի մը՝ Տիրացու Յովհաննէսի ինքնութեան եւ վրձինին վրայ (այս անունին կը վերագրուի Տէրունական պատկերաշարք մը, որ կը բաղկանայ 23 մեծածաւալ կտաւներէ)։ Գրեթէ ամբողջական ուսումնասիրութիւն մըն է այս, ուր տաճարին պատերէն անդին՝ քննութեան կ՛ենթարկուին նաեւ խորաններու քանդակազարդ խաչկալներուն, գմբէթակիր չորս սիւներուն եւ առաստաղի զարդանկարները, որոնք կը ներկայացնեն Հին ու Նոր Կտակարաններէն դրուագներ, Քրիստոսի երկրային կեանքէն տեսարաններ եւ սուրբերու նկարներ։ Ասոնցմէ շատեր ստեղծուեր են ԺԸ. դարէն առաջ։ Յօդուածագրին եզրակացութիւնն այն է՝ թէ «Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց մայր տաճարն այն բացառիկ կոթողներից է, որտեղ պահպանուել է Հայ Առաքելական եկեղեցու պատկերագրութեան կանոնական աւանդոյթը»։
(Շարունակութիւնը՝ յառաջիկայ Գշ.)