Անկախ Պէյրութի թաղապետա-քաղաքապետական ընտրութիւններու արդիւնքներէն, մասնակիցներու տոկոսային տուեալներէն, ժամանակէ մը ասդին կատարուող քուլիսային կամ թափանցիկ քաղաքական նախապատրաստական աշխատանքներէն եւ այլ մանրամասնութիւններէն, որոնց մասին կարելի է հետագային արձագանգել, Կիրակի օրուան Պէյրութի ընտրաշրջանի ընտրութիւններուն Ս.Դ.Հ.Կ.-ի ընտրամեքենային աշխուժ մասնակցութիւնը արժանի է բարձր գնահատանքի: Ծափահարելի է բոլորին ջանքերը, ղեկավարէն մինչեւ նորընծայ միութենականը, տղաքն ու աղջիկները, կուսակցականներն ու համակիրները, գրասենեակային կամաւորներէն մինչեւ «սնտուկներ»ու գլխուն հերթապահող ներկայացուցիչները, վարիչներն ու սուրճ ու ջուր հրամցնող պատանիները:
2016-ի թաղապետա-քաղաքապետական եւ այնուհետեւ 2022-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները վստահաբար շատ բան յուշած էին համայնքի պատասխանատուներու ականջներուն: Լիբանանի տնտեսութեան անկումը, 2024-ի պատերազմական գործողութիւններն ու շրջանային քարտէզներու փոփոխութիւնները եւ վերջերս ալ քրիստոնեայ-իսլամ աւանդական համակեցութիւնը խաթարող աղմուկները ահազանգային վիճակի մատնած էին երկրի խոհեմ ղեկավարութիւնը եւ այս իմաստով յատկապէս լիբանանահայ կրօնական եւ քաղաքական ղեկավարները:
Ի պատիւ պատասխանատուներուն, վերոյիշեալները լաւապէս գնահատած լիբանանահայ ղեկավարները միասնական կեցուածքով ծնունդ տուին իտէալական որոշումի մը՝ հայութեան համախոհական ներկայացուցչութեան 2025-ի ինչպէս քաղաքապետական, այնպէս ալ թաղապետական ընտրութիւններուն:
Կը շնորհաւորենք: Պատմութիւնը երկար պիտի յիշատակէ այս մասին:
Վերադառնանք դէպի Ս.Դ.Հ.Կ.-ի ընտրական մեքենան:
Ընդհանուր առմամբ ընտրութիւնները անցան առանց ուշագրաւ դժուարութիւններու: Շրջաններուն մէջ մասնաճիւղերու վարչութիւնները լաւապէս կազմակերպած էին իրենց աշխատանքները: Ցանկերը, քուէարկողներու երթեւեկը, տարեցներու կամ անփորձներու հանդէպ հոգատարութիւնը, այլ շրջաններու հետ անմիջական կապերը, ակումբներ ներկայացող քաղաքացիներուն տրուած բացատրութիւնները եւ այլն հանդարտօրէն ու հեզասահօրէն ընթացան «երկա՜ր» օրուան բոլոր ժամերու ընթացքին:
Ինչպէս նշեցինք, մեր նպատակը այստեղ տուեալներու կամ թիւերու մասին տեղեկութիւններ տալը չէ, այլ՝ միմիայն Ս.Դ.Հ.Կ.-ի ընտրամեքենային մաս կազմող կամաւորներուն, տղոց եւ աղջիկներուն, ընկեր-ընկերուհիներուն հերոսական ջանքերուն մասին մեր աչքերով տեսածն ու ականջներով իմացածը պատմութեան յանձնելը: Մեր ընտրական կեդրոնները տուին իրենց լաւագոյն կարելին եւ չեմ չափազանցեր ըսելով… անկարելին: Ուրախալի էր պատանիներուն եւ երիտասարդներուն խուռներամ ներկայութիւնը ակումբներուն ներսն ու դուրսը, քուէատուփերու կեդրոններուն, Ս.Դ.Հ.Կ.-ի թեկնածուներու գրասենեակներուն առջեւ: Այո,՛ ներկայութիւն, սակայն արդիւնաւէտ աշխատանքային առաջադրանքներով… երբեմն միայն հանգիստի պահուն բջջիջայինը յիշելու ցանկութեամբ: Հոս, կ’արժէ շնորհաւորել Տխրունի Ուս. Երիտ. միութեան ջանքերը ո՛չ միայն ընտրական օրուան, այլեւ աւելի քան մէկուկէս ամիսէ ասդին անոնց կատարած կամաւորական գործունէութեանց պարագային:
Ակումբային, մասնաճիւղային իմաստով գնահատանքի արժանի են բոլորը: Վարձքը կատար այդ կամաւորներուն, որոնք 12 ժամէ աւելի քամուած մնացին իրենց պարտականութեան աթոռին վրայ, մէկ կողմէ յանուն Ս.Դ.Հ.Կ.-ի, միւս կողմէ ալ՝ լիբանանահայութեան միասնականութեան թեկնածուներուն:
Նուիրեալ տղոց ընկեր-ընկերուհիներու հանդիպեցանք Պուրճ Համուտի շրջանի «Մասիս» ակումբին մէջ, ուր կուսակցական կամ համակիր կամաւորներ կը ծառայէին ընկեր Պօղոս Քէսմէեանի գլխաւորութեամբ:
Նոյն վիճակը պարզած էր Անթիլիասի «Կուժունի» մասնաճիւղի շրջանը ընկեր Արա Գոճաօղլանեանի ուղեցոյցով: Ծանր էր նաեւ Հ.Մ.Մ. ակումբին մէջ ընկեր Սամօ Սանոսեանի գլխաւորած «Աղասի»-ական ընկերներուն աշխատանքը:
Նոր Հաճըն թաղին մէջ «Ժիրայր Մուրատ»ի մասնաճիւղի ուսերուն կար ծառայողական հսկայ պարտականութիւն, ղեկավարութեամբ ընկեր Փօլ Ղազարեանի:
Չնայած Մեթնի շրջանի ընտրութիւնները աւարտած էին երկու շաբաթ առաջ, սակայն եռուզեռի մէջ էր նաեւ Ռաուտայի շրջանի «Պանդուխտ» մասնաճիւղի ընկերները, ընկեր Խաչիկ Արսէնեանի ղեկավարութեամբ:
Մտաուարի շրջանի հնչակեան կուսակցութեան թեկնածուին՝ Արմէն Սէֆէրեանի գրասենեակի ընտրական գործունէութեան պատասխանատուութիւնը ինկած էր ընկերուհի Զարիկ Քիւրքճեանի ուսերուն: Իսկ ընտրական տեղամասերուն մէջ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի ներկայացուցիչներուն (մանտուպ) հետ հաղորդակցութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնած էր ընկերուհի Քրիսթին Շահինեանը: Ընկեր Լութֆիկ Կօտալազեանը կը հետեւէր ընտրողներու ցանկերու ճշգրտութեան: Ս.Դ.Հ.Կ. ընտրական կեդրոնական գրասենեակի ղեկավարութեան պարտականութիւնները վստահուած էր Տխրունի Ուս. Երիտ. միութեան ատենապետ, երիտասարդ խոստումնալից ղեկավար՝ ընկեր Սեւակ Իզմիրլեանին:
Եւ վերջապէս մեր գնահատանքը կ’երթայ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի ընտրամեքենայի գլխաւոր տինամոյին՝ երիտասարդ առաջնորդ, Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ներքին դիւանապետ՝ ընկեր Տիգրան Միհրանեանին:
Վստահաբար կարելի էր անուններու շարանը աւելցնել: Ոչ մէկը չենք անտեսած կամ մոռցած: Թող ներուի այսօր անուններով չխճողելու մեր արարքը: Անոնց կրկին պիտի անդրադառնանք: Այսօրուան մեր «Էջին» նպատակը՝ ստորագրող համեստիս ու վստահ եմ ընթերցողներուն անունով խոշոր ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ մը փոխանցելն էր Ս.Դ.Հ.Կ.-ի երիտասարդ ընտրամեքենայի այս նուաճումին առիթով: Նուաճում մը, որ մօտիկ անցեալին հրաշքի համազօր պիտի նկատուէր ինծի նման շատերու կողմէ: Եւ խօսքը մեր թեկնածուներուն յաղթանակին մասին ըլլալէ աւելի, լիբանանահայ միասնական, համախոհական ցանկի ապահովումն ու ընտրամեքենան ճիշդ վարելու մասին է:
Յառաջիկայ տարի տեղի ունենալիք աւելի մեծ ու պատասխանատու ստուգատեսին ընդառաջ, թաղապետական եւ քաղաքապետական ընտրութիւնները նախավարժանքի պէս բան մը էր, փորձ-քննութիւն մը, որ արժեւորեցինք «գերազանց» գնահատականով:
Կը մնայ «տարոս» մաղթել նոյնօրինակ վարքագծի շարունակութիւնը գալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն… եւ անկէ անդին: