15 Մայիս 2025-ին տեղի ունեցաւ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտներուն DELF վկայականներու յանձնման հանդիսութիւնը, որ բծախնդրօրէն մշակուած ծրագիրով մը համախմբեց կրթական մեր համայնքը՝ ստեղծելով տօնական եւ ոգեշնչող մթնոլորտ մը, ծնողներու, ուսուցիչներու եւ բարեկամներու մասնակցութեամբ։
Հանդիսութիւնը իրենց նշանակալի ներկայութեամբ պատուեցին Լիբանանի մէջ «Institut français»-ի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ Իզապէլ Փիքօ՝ Համագործակցութեան եւ մշակութային գործողութիւններու փոխխորհրդական եւ արտասահմանի մէջ ֆրանսական ուսուցումի պատասխանատու, Քամիլ Լը Կալ՝ Լեզուական կեդրոնին տնօրէն եւ Տանիա Ղատտար՝ Կրթական խորհրդատու։
Հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի պետական քայլերգներով, որոնք ապրումով կատարեցին Մեսրոպեանի երգչախումբին անդամները։
Այնուհետեւ, բեմ բարձարացաւ հանդիսավար ուսուցչուհին՝ Օրդ. Ճենիֆըր Եունէս, որ ջերմօրէն ողջունեց պատուոյ հիւրերը եւ արտայայտեց խոր հպարտութիւն՝ DELF վկայականներու յանձնման այս հանդիսութեան առիթով։ Ան շեշտեց, որ Մեսրոպեան վարժարանը, միաժամանակ արժեւորելով ֆրանսերէնը եւ այլ լեզուներ, կը ձեւաւորէ արմատներուն կառչած՝ բայց աշխարհին բաց քաղաքացի։ Ան մաղթեց աշակերտներուն՝ հպարտանալ իրենց կեանքի այս փուլով եւ շարունակել իրենց ուղին նոյն յանձնառութեամբ, քանի որ ապագան կը պատկանի անոնց, որոնք կը յանդգնին սորվիլ, երազել եւ կառուցել։
Հետեւեցաւ երկխօսութիւն մը աշակերտներ Ճիաննա Ուլուճեանի եւ Աւօ Թորոսեանի միջեւ, ուր անոնք կիսուեցան DELF քննութեան հետ իրենց փորձառութեամբ՝ ընդգծելով, որ այս փորձառութիւնը ոչ միայն բարելաւեց իրենց լեզուական հմտութիւնները, այլեւ զօրացուց իրենց ինքնավստահութիւնը եւ նպաստեց հետագայ ուսման նպատակներու ձեւաւորման։ Անոնք նշեցին, թէ որքան արժէքաւոր է միջազգային մակարդակով ճանչցուած վկայական մը ունենալը եւ երախտագիտութիւն յայտնեցին ուսուցիչներուն ու բոլոր անոնց, որոնք աջակցեցան իրենց այս ճամբուն ընթացքին։
Գեղարուեստական բաժինը բացուեցաւ «Moulin Rouge» պարով, որ մեծ յաջողութեամբ ներկայացուց վարժարանի «Շուշի» պարախումբը, փարիզեան շունչ մը հաղորդելով ներկաներուն։
Յաջորդեց տիկին Իզապէլ Փիքոյի ներկայացումը եւ խօսքը, ուր ան շեշտեց DELF վկայականին նշանակութիւնը ֆրանքոֆոն աշխարհին մէջ, ինչպէս նաեւ անոր արժէքը աշակերտներու ապագայի զարգացման համար։ Ան խրախուսանքի եւ հաւատքի ջերմ ուղերձ մը յղեց վկայականակիր աշակերտներուն, մաղթելով մեծագոյն յաջողութիւններ։
Հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ «Շուշի» պարախումբի գեղեցիկ կատարումներով։ Աշակերտները ներկայացուցին հայկական աւանդական պարեր, սփռելով հայկական ժառանգութեան շունչը սրահին մէջ։
Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ ելոյթ ունեցաւ յուզիչ ու ներշնչող խօսքով մը, որուն մէջ ան արժեւորեց աշակերտներուն ջանքերը ու գնահատեց ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն նուիրումը՝ այս կարեւոր կրթական փուլին հասնելու ճանապարհին։
Ան ընդգծեց, որ DELF վկայականին ձեռքբերումը բարդ ուղի մըն է, որ կը պահանջէ կարգապահութիւն ու հետեւողականութիւն, սակայն ի վերջոյ կը բանայ աշխարհի դռները մեր պատանիներուն համար։
Ան ջերմօրէն շնորհակալութիւն յայտնեց Մեսրոպեանի ֆրանսերէնի ուսուցիչներուն՝ իրենց նուիրումին եւ բարձրամակարդակ ուսուցումին համար, տիկին Հասնա Ապու Էլիասին՝ իբրեւ միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու պատասխանատու եւ ֆրանսերէնի համակարգող, ինչպէս նաեւ դոկտ. Գոլէթ Աունին՝ իր հետեւողականութեան համար։ Ապա երախտագիտութիւն արտայայտեց «Institut français»-ի պատասխանատուներուն, որոնց ներկայութիւնը արտայայտութիւնն է իրենց ամուր յանձնառութեան եւ հաւատքին՝ Լիբանանի մէջ ֆրանքոֆոն կրթութեան նկատմամբ ։
Միջոցառումը հասաւ իր ամենասպասուած պահուն՝ վկայականներու յանձնման արարողութեան, ուր աշակերտները, հպարտութեամբ եւ ուրախ ժպիտներով, ստացան իրենց DELF վկայագիրը։
Օրուան յիշատակը կնքուեցաւ խմբանկարով մը, ուր ներկաները միասին հաստատեցին այս յատուկ պահու տօնական ոգին եւ յիշարժանութիւնը՝ բոլորին
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան արձրագոյն վարժարանի