Խոր ցաւով լսեցինք գրող, թարգմանիչ, խմբագիր, թատերագիր եւ վիպագիր, 98-ամեայ Սարգիս Փաթափութեանի (Սարգիս Վահագն) մահը Լոս Անճելըսի մէջ:
Ողբացեալը կանուխէն ընտրած էր գրականութեամբ ազգին ծառայելու ուղին: Գրած եւ հրատարակած էր պատմուածքներու 4 հատորներ՝ «Մատանիներ», «Արմատներ», «Տագնապը» եւ «Ծաղկաքաղ», երկու թատրերգութիւններ՝ «Նայիրեան մորմոք» եւ «Աշոտ Ողորմած», երեք վէպեր՝ «Արշիլ Կորքի», «Հաճընը սիրուն» (դիւցազնավէպ) եւ «Ինքս՝ ինձ հետ» (կենսագրավէպ): Գրած է նաեւ գրական դէմքերու վերլուծական հատոր մը՝ «Գրական համաստեղութիւն»ը, ինչպէս նաեւ՝ Շահան Շահնուր-Արմէն Լիւպէնի ֆրանսերէն գրած ամբողջական բանաստեղծութիւններու հայերէն թարգմանութիւնը:
Գործօն մասնակցութիւն ունեցած է Պէյրութի նշանաւոր Գրական Շրջանակի կազմութեան մէջ: Մօտ տասնը տարի մաս կազմած է Թ.Մ.Մ-ի «Շիրակ» ամսագիրի խմբագրութեան, վարելով միջազգային գրականութեան բաժինը: Երեք տարեշրջաններ վարած է Պէյրութի Թէքէեան Մշակութային Միութեան վարչութեան ատենադպրութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Արեւմտեան Պէյրութի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի վարչութեան ատենադպրութիւնը պատերազմի ընթացքին:
Պատւուած է Ամենայն Հայոց Հայրապետի «Ս. Սահակ-Մեսրոպ Մաշտոց»ի եւ Սփիւռքի նախարարութեան «Վիլիամ Սարոյեան» պատուանշաններով, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի Թէքէեան Մշակութային Միութեան տարեկան Գրական եւ «Հայկաշէն Ուզունեան» մրցանակներով:
Հայրն է Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր, գիտնական Արտեմ Փաթափութեանի:
***
Այս տխուր առիթով, «Արարատ» ցաւակցութիւններ կը յայտնէ ողբացեալի դստեր՝ տէր եւ տիկին ընկ. Եղիկ եւ Հուրիկ Ճէրէճեաններուն, ինչպէս նաեւ տէր եւ տիկին Արա Փաթափութեանի եւ տէր եւ տիկին Արտեմ Փաթափութեանի ընտանիքներուն: