Հայ ժողովուրդը հարուստ է իր բարեմասնութիւններով, առաւելութիւններով, յատկանշութիւններով, առաքինութիւններով, շնորհալիութիւններով, բարեյաջողութիւններով եւ, ընդհանրապէս, այն բոլոր ուշագրաւ յատկանիշներով, որոնք քիչ կը յայտնուին կամ կը նշմարուին այլոց մօտ։
Հայ ժողովուրդը հպարտ է, որ ինք նման բազմաշնորհութիւններով օժտուած է ու կը պատկանի այն հազուագիւտներուն, որոնք միշտ ալ աչքի զարկած են իրենց բնաւորութեանց ցայտուն երանգներով, փայլած՝ իրենց նուաճումներով եւ իրագործումներով։
Եթէ հայ ժողովուրդը չըլլար այդ ակունքներով գերյագեցած ծնունդ մը, այսօր դժուար թէ անոր մասին խօսուէր հիացմունքով, որպէս օրինակելի ու պատշաճելի ժողովրդահաւաքականութիւն մը։
Պատմութիւնը կը վկայէ նաեւ, որ հայ ժողովուրդը անկոտրում հաւատքով ու վճռակամութեամբ կառչած մնացած է իր արմատներուն եւ ոչ միայն այդքան, այլեւ՝ իրեն յատուկ բնորոշումներով, զգացումներով եւ ապրումներով, ան կանգուն մնալու ու գոյատեւելու համարեա բոլոր հաւանական արգելքները յաղթահարած է։
Զարմանալ թէ ոչ, զարմանալի թէ ոչ, ա՛յս եղած է հայ ժողովուրդի կեանքին ընթացքը, թառաչքը ու հոլովոյթը, որովհետեւ գիտակցած է այն ուժին ու հմայքին, որոնք իրեն համար եղած են ազնուագոյն նուիրականութիւններ եւ ասպետագոյն սեփականութիւններ։
Վստահաբար, ատոնք գրգռած են իր մօտիկ ու հեռաւոր հարեւաններուն նախանձը, ոխը եւ անկուշտութիւնը, յաճախ զինք թիրախ դարձնելով յարձակումներու ու հալածանքներու, շրջափակումներու ու բռնագրաւումներու, նոյնիսկ փորձելով զինք ոչնչացնել կամ բնաջնջել։
Եթէ իր ժամանակակիցներէն բազմաթիւ ժողովուրդներ «զոհ» գացած են այդ վայրագութիւններուն եւ անօրէնութիւններուն, սակայն հայ ժողովուրդը մնացած է աննկուն, անյաղթելի եւ անընկճելի, որովհետեւ, իր հաւատքի ճամբան, համոզումի ուղին, գաղափարի ընտրանքը, միշտ ալ փրկած է զինք, միշտ՝ օժանդակած իր ելիցին, միշտ ալ նպաստած՝ իր ինքնապահպանումին։
Այս տեղաշարժերը, հակառակ այն բոլոր աղէտներուն ու կործանարարութիւններուն, երբեք հանգիստ ու խաղաղ չեն ձգած զինք, բայց, ի գին բազում զոհողութիւններու, ան կրցած է խուսանաւել եւ ապացոյցը տուած է իր անսասանութեան։
***
Սակայն, այս վերագրումները, նկատառումներն ու մտորումները կը նշանակե՞ն, թէ հայ ժողովուրդը ապրած ու գոյատեւած է անարգել եւ անխափան երթուղիով մը կամ դիմացած է ու չէ վնասուած տիրող աննպաստ պայմաններէն եւ կամ՝ յաղթանակներն ու անպարտելիութիւնները եղած են իր բախտորոշութիւնները։
Քա՜ւ լիցի։
Մեր ակնարկութիւնը ու մտածողութիւնը երբեք մեզ հոն չեն տանիր, չեն առաջնորդեր, ոչ ալ կը ձեւացնեն, այնքան ատեն, որ հայը բնաւ լրիւ հանգստաւէտ ու խաղաղապաշտ երկնքի տակ չէ ապրած, առաւել՝ այդ ամբողջական երանութենէն յաճախ զրկուած է, սակայն արտաքին ճնշումները միշտ ալ ենթարկուած են զսպուածութեան, հակադարձութեան ու հակազդեցութեան, հոգ չէ թէ պարտուողականութիւններէն միշտ ալ տեղ մը կամ մասունք մը իրեն բաժին ինկած է։
Վերջին հաշուով, հայ ժողովուրդը, որքան ալ իր էութեան եւ ինքնութեան տէր ըլլար, անզիջողութեամբ թէ անտեղիտալիութեամբ, չէր կրնար իր «փրկութեան լաստ»երը լքել եւ ինքզինք նետել անորոշութեան գիրկը, ընդհակառակը, ան աւելիով եւ ոգեւին ինքզինք ամրապնդուած կը զգար ու կը հաւատար, որ ատկէ դուրս ՉԻ՛Ք այլ ելք, հետեւաբար, հոն կը տեսներ իր երաշխիքին գրաւականութիւնը ու հաւասատիքութիւնը, իրենց զանազան արտայայտութիւններով ու տպաւորութիւններով։
Այս խայտաբղէտ ու բազմատեսակ եղելութիւնները, որոնք եղած են (ու էին) հայ ժողովուրդին մնայուն եւ անխուսափելի պարտադրանքները, իրենց պատմականութեամբ, ժամանակագրութեամբ եւ աշխարհաքաղաքականութեամբ, արդեօք ինքնին ցուցանիշներ չե՞ն, թէ որեւէ ժողովուրդ, ի՛նչ գոյնի ալ պատկանի, ո՛ւր ալ գտնուի, անշուշտ, պիտի չկարենայ հեզասահ եւ անսայթաք կեանք մը կամ պատմութիւն մը ունենալ, այլ ո՜ւր մնաց, որ ան դառնայ իտէալական (իմա՝ ժողովրդավարական), երբ աշխարհը կը թքթքայ ու կը թփռտայ աջ ու ձախ, գլխիվայր ու գլխիվեր, ամէն ինչ յեղաշրջելով ու տապալելով։
Թերեւս (կամ ապահովաբար), այս արանքին պէտք է փնտռել, թէ ինչո՞ւ հայ ժողովուրդը իր հերոսական գոյամարտով, ազգաշինական պատկանելիութեամբ, հաւատարմագրական լիցքով եւ անպարտելիական ոգիով (թէկուզ սպիներով), չընկրկեցաւ ու չզինաթափուեցաւ, քանզի աներերութեամբ մնաց պատուանդանի վրայ, որքան որ իր ուժերը, հնարաւորութիւններն ու կարելիութիւնները թոյլատրեցին, բայց, ժամանակներու ու պայմաններու զարգացումին հետ, ատոնք մնացի՞ն նոյնը, ատոնք դարձա՞ն օգտաշատ, թէ՞ մեծ մասը անոնց թռա՜ւ ու գնաց, իսկ հրապարակ նետուեցան ճիւղեր ու տերեւներ, ոսկորներ ու քղանցքներ։
***
Բնական է, պիտի չխօսիմ կամ կրկնեմ հայ ժողովուրդին պատմութեան վերելքներուն ու անկումներուն մասին, որոնք իրենց զանազան դերակատարութիւններով, գօտիներով ու մակարդակներով, կա՛ն ու մաս կը կազմեն ընթացիկ թէ արտընթացիկ կեանքին, որոնցմէ մաս մը յատկապէս իր տխուր, ցաւալի եւ ողբերգական տուեալներով տակաւին կը թեւածէ իր գլխուն վերեւ։
Այսօր, բարեբախտաբար, հայկական առումով, ոճրասփիւռ պայքարները, բիրտ հակամարտութիւնները ու ներքին քստմնելիութիւնները վերացած են, որովհետեւ անոնք «պաղ-պատերազմ»ի ու «տաք բեւեռներ»ու արդիւնք էին եւ, այսօր, ատոնք չքացած են (կամ կը թուի թէ… շոգիացած են)։
Կա՞յ աւելի յուսադրող եւ ոգեւորող ճշմարտութիւն, երբ հայութիւնը կ’ապրի ու կը վայելէ այդ անդորրութիւնը, իսկ ատիկա իրեն համար գերագոյն ու մեծագիր բարենիշ մըն է, որմէ պէտք է օգտուիլ ու սնանուիլ։
Այս դառն ճշմարտութեան պէտք է հաւատայ իւրաքանչիւր հայ, համոզուած ըլլալով, որ անիկա այն ամրակուռ բռունցքն է որ զինք կը պահէ ու կը զօրացնէ, ոչ միայն այսօրուան դիտարկումով, այլ նաեւ՝ ապագայական։
Պէտք կա՞յ յիշեցնելու ու զգաստացնելու, որ հայութիւնը այլ տարբերակ չունի եւ չի կրնար ունենալ, բացի ոգեւին, գործնապէս ու հիմնովին հետեւելու ու որդեգրելու այս երթին անփոխարինելիութիւնը։
Հարցը այն է, որ այս ըղձանքը (կամ բերկրա՞նքը) չի կրնար իրականանալ խօսքով, մտածումով կամ զգացականութեամբ, այլ՝ զայն պէտք է խմորել, ձուլել ու տրորել՝ գործով, նուիրումով, հաւատքով եւ արդիւնքով։
Չմոռնա՛լ, ինչպէս այլուր, Միջին Արեւելքը եւս կ’անցնի խիստ փորձանաւոր ու վտանգաւոր փուլերէ, ուր հայկականութիւնը սկսած է տժգունիլ (այսինքն՝ զինք տժգունեցնել), իսկ այդ վիշապանակողմերուն հետ ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ յարաբերիլ, երբ անոնք ամէն կողմ են եւ ամէն ուղղութեամբ կը խլրտին, իսկ այդ շարժերուն հետեւանքները արդէն զգալի են եւ, հետեւաբար, կրնան աւելի քանդել եւ աւելի յեղաշրջելի դառնալ։
Սուրիահայութեան սիրտ այրող ճակատագիրը արդէն բոլորին ծանօթ է, տարիներէ ի վեր զայն անճիտելով եւ անգօսնելով, ուր մեր պանծալի ու հրաշագեղ «ԹԹԽՄՈՐ»ը, այնքան անոյշ ու համեղ, դարձուցին… լեղի, դառն ու… թոյն։
Ցաւալի է, որ երբ Հայաստանը ստացած է իր անկախութիւնը ու գէթ զայն վայելելու եւ անորմով հպարտանալու առիթները պիտի ըլլային հայ ժողովուրդին համար լուսապսակ ճակատներ ու ճրագներ, այսօր կը տեսնենք, թէ հոն ալ կը տիրեն, առնուազն, սուր ու մուգ, պիրկ ու ձգտուած պայմաններ, որոնք չեն գիտեր, վաղը կամ միւս օրը ի՞նչ կրնան յուշել եւ ո՞ւր կրնան առաջնորդել հայրենիքը, իր ժողովուրդով ու տարածքով։
***
Անկեղծ դիտարկումով, երբ լիբանանեան քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւններու լուսարձակներով կը խորաչափենք, ինչ որ տեղի կ’ունենայ (եւ պիտի ունենայ) այս ստուգատեսներուն մէջ, ինքնին ո՞ւր պէտք է տեսնել լիբանանահայութեան դերն ու դերը, որպէս համայնքային ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ու ՄԷԿՈՒԹԻՒՆ։
– Պէ՞տք է միասնականութեան ԳՈՐԾՈՂ լծակներ տեսնել հոն։
– Պէ՞տք է միասնականութեան ՀԱՄԱԽՈՒՄԲ ազդակներ գտնել հոն։
– Պէ՞տք է միասնականութեան ԿԵԴՐՈՆԱՁԻԳ տուեալներ նշմարել հոն։
– Պէ՞տք է միասնականութեան ԵՐԵՒՈՅԹՆԵՐ արձանագրել հոն։
– Պէ՞տք է միասնականութեան ՈԳԻ զգալ հոն։
Հարցադրումները կը ձգուին ու կը բնորոշուին դիտորդներուն ու մասնակիցներուն կողմէ։
Այդուհանդերձ, երբ լիբանանահայ ղեկավարութիւններ (իրենց զանազան պատկանելիութիւններով) կը պոռան, կը պահանջեն, կը յորդորեն, կը քարոզեն, կը լոզունգեն գաղութային միասնականութեան, միաբանութեան ու մէկտեղութեան մասին, ինչ որ բացարձակ իրականութեան ու ճշմարտութեան, արդարութեան ու հաւատարմութեան իրաւունք է, ինչո՞ւ, այդ պարագային, զանոնք չեն գործադրուիր, թէկուզ, ՄԱՍԱՄԲ (՞) տնօրինումով, բայց, կը տեսնենք, թէ ատոնք տեղի կ’ունենան, աւելի քան, քիչ մը… կաղացումներով, կողմնակալութիւններով եւ կամ՝ անիրաւութիւններով։
Դժբախտաբար, հայութեան մօտ ամէնէն խոցելի ու կոտտալի կողմը հանդիսացած է… ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ անգործածելիութիւնն ու բացակայութիւնը, թէեւ զայն միշտ փնտռող եղած է, օրհնած, ոգեւորած, խրախուսած ու հետապնդած, բայց ոչ մէկ ձեւով ան իրականացած է, որովհետեւ անիկա միայն շահագործուած է, խեղաթիւրուած, նոյնիսկ… սեփականացուած եւ արգելափակուած։
Եկեղեցին, կուսակցութիւնները, միութիւնները, բոլոր շրջանակները կը խօսին միասնականութեան մասին, կը պահանջեն անոր իրագործումը, բայց երբ զանգը հնչէ, երբեք չեն պակսիր զայն մոռցողներ, երես դարձնելով անկէ։
Այս քարքարոտ եւ աւազախրոտ ճամբաներով ինչպէ՞ս կարելի է միասնականութեան անունով երդուիլ, բայց, նոյնհետայն… թաղուիլ անոնց մէջ եւ սպասել օր մը անոր վերածնունդին, որ կրնա՞յ գալ, կրնա՞յ երեւնալ կամ կրնա՞յ մարմնաւորուիլ։
Դառն փորձառութիւնները, փխրուն խոստումները, դիւրաբեկ խօսքերը ու մակերեսային ելոյթները ո՛չ երէկ, ո՛չ այսօր, ոչ ալ վաղը կրնան յուսադրել կամ բան մը փոխել, երբ կարաւանային տեղաշարժերը հազի՜ւ թէ հաւատքի յոյսեր ներշնչեն…։