Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն Գահիրէի նախագահական պալատին մէջ տեսակցեցաւ իր եգիպտացի պաշտօնակից Ապտ էլ-Ֆաթթահ Սիսիի հետ՝ քննարկելու երկկողմանի յարաբերութիւններն ու համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Կազայի խնդիրն ու տարածաշրջանային մարտահրաւէրները: Սիսի նշեց, որ Աունի այցելութիւնը կը վերահաստատէ երկու երկիրներուն յարաբերութեանց ամրութիւնը եւ ապացոյց է արաբական համագործակցութեան ու իսկական եղբայրութեան: Յիշեցնելով բոլոր ոլորտներու մէջ եւ մակարդակներու վրայ խորացած կապերը, Սիսի Աունի այցելութիւնը համարեց տնտեսական եւ առեւտրական համագործակցութիւնը ամրապնդելու հնարաւորութիւն մը: Ան զօրակցեցաւ Լիբանանը վերակառուցելու ուղղութեամբ մշակուած ծրագրերուն եւ հաւաստիացուց, որ աշխատանք կը տարուի, որպէսզի իսրայէլեան ուժերը հեռանան Լիբանանի բռնագրաւեալ բլուրներէն: Աուն, իր կարգին, կոչ ուղղեց ճնշում բանեցնելու, որպէսզի Թել Աւիւ գործադրէ 1701 համաձայնութիւնը, վերջ տայ խախտումներուն եւ հեռանայ լիբանանեան հողերէն: Եգիպտական ON TV հեռատեսիլի կայանին տրուած հարցազրոյցին մէջ նախագահը յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ապօրինի զէնքին թղթածրարը կարելի չէ հապճեպով քննարկել, այլ անհրաժեշտ է ժամանակ եւ ջանք: Անոր համաձայն, կառավարութիւնը Լիբանանի մէջ պաղեստինեան զէնքին հարցը պիտի քննարկէ Պաղեստինի նախագահին հետ:
Նոյնպէս Գահիրէի մէջ, Եգիպտոսի արտաքին գործերու նախարար Պատր Ապտ էլ-Աաթի տեսակցեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի արաբական հարցերու գլխաւոր խորհրդական, լիբանանեան արմատներ ունեցող Մասաատ Պուլոսի հետ, քննարկելու Լիբանանի վիճակն ու տարածաշրջանի զարգացումները: Ժողովականները վերահաստատեցին իրենց մնայուն զօրակցութիւնը Լիբանանին, դատապարտելով գերիշխանութեան խախտումը եւ պահանջելով սահմանային գօտիէն իսրայէլեան անյապաղ նահանջ: