Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԸՆՏՐՈՒԹՒԻՆՆԵՐ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԵՒ ՊԵՔԱԱՅԻ ՄԷՋ

May 20, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԸՆՏՐՈՒԹՒԻՆՆԵՐ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԵՒ ՊԵՔԱԱՅԻ ՄԷՋ

 

 

Լիբանանի մէջ քանի մը տարուայ յետաձգումներէն ետք, Լիբանանի մէջ զգալի հանդարտութեամբ եւ կազմակերպուածութեամբ տեղի կ’ունենան քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւնները: Լեռնալիբանանէն, Հիւսիսային Լիբանանէն եւ Աքքարէն ետք, նախանցեալ օր՝ Կիրակի, 18 Մայիս 2025-ին, նոյնքան հեզասահ ընթացան Պէյրութի, Պեքաայի եւ Պաալպաք-Հըրմէլի ընտրութիւնները՝ սահմանափակ խնդիրներով հանդերձ:

 

Ներքին գործերու նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան հրապարակեց Արեւմտեան Պեքաա եւ Ռաշայա գաւառներու ընտրական արդիւնքները, ուր գերիշխող էին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան եւ փոփոխութեան միտող ուժերուն ներկայացուցիչները: Ներքին գործերու եւ արդարադատութեան նախարարներ Ահմատ Հաժժար եւ Ատէլ Նասսար երէկ այցելեցին Պէյրութի Արդարադատութեան պալատ, ուր հետեւեցան քուէներու հաշուարկին: Հաժժար հաւաստիացուց, որ հաշուարկը կ’ընթանայ ընդունելի արագութեամբ:

Պաալպաք-Հըրմէլ ընտրատարածքին մէջ Հըզպալլայի եւ Ամալի ընտրամեքենան յայտարարեց քաղաքներու եւ գիւղերու մեծամասնութեան մէջ քաղաքապետական եւ թաղապետական յաղթանակներու մասին: Իսկ Զահլէի մէջ յատկանշական յաջողութեան հասաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան զօրակցութիւնը վայելող Սալիմ Ղազալէի ընտրացանկը:

Պէյրութի պարագային ընտրական նախնական արդիւնքները ցոյց տուին, թէ խախտուած կրնայ ըլլալ քաղաքապետական խորհուրդի իսլամ-քրիստոնեայ հաւասար բաժնեկցութիւնը: «Պէյրութը մեզ կը համախմբէ» ցանկը շահած է քաղաքապետական խորհուրդի աթոռներուն մեծամասնութիւնը, սակայն եղած է առնուազն մէկ խախտում՝ մրցակից «Պէյրութը քեզ կը սիրէ» ցանկը գլխաւորող Մահմուտ էլ-Ժամալի կողմէ, որ կը վայելէ մայրաքաղաքի երեսփոխաններէն Նապիլ Պատրի զօրակցութիւնը: Պատր տեղի ունեցածը որակեց յատկանշական յաջողութիւն, մերժելով խօսիլ էլ-Ժամալի հաւանական հրաժարականին մասին, որպէսզի պահպանուի իսլամ-քրիստոնեայ հաւասարութիւնը: Ազգային ազատ հոսանքի նախագահ Ժըպրան Պասիլ դիտել տուաւ, որ նշեալ խախտումը կը պարտաւորեցնէ բարեփոխել լիբանանեան օրէնքները եւ անոնց մէջ ամրագրել հաւասար բաժնեկցութեան սկզբունքը:

Share62Tweet39
Previous Post

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 31  (55 տարի առաջ՝ այսօր) 

Next Post

ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐԱՀՍԿՈՂՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ

Next Post
ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐԱՀՍԿՈՂՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ

ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐԱՀՍԿՈՂՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.