Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 31  (55 տարի առաջ՝ այսօր) 

 ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ       (Հալէպ)

May 19, 2025
in Յօդուածներ
0

 

 

    «ԱՐԱՐԱՏ», 27 Ապրիլ-2 Մայիս 1970

Մեր պեղումներուն ընթացքին, նախապէս, քանի մը անգամ հանդիպեր էինք փրոՖ. Հայկ Ա. Արամեանի անունին, որուն ինքնութեան կամ կենսագրութեան ծանօթ չենք։ Հասկցեր էինք միայն, թէ ան զէյթունցի էր եւ ունէր 1970-ին Պէյրութ տպուած հատոր մը՝ Մեծ Եղեռնին առնչուող։

Այս շաբաթ փրոՖ. Արամեան պայթեցուցած է «ռումբ» մը, որ վստահաբար ժխտական անդրադարձ կը թողու իր համբաւին վրայ։ Ան շա՛տ ամօթալի գրութիւն մը ստորագրած է ֆրանսահայ տարաբախտ գրող Շահան Շահնուրի դէմ, անոր հասցէին գործածելով այնպիսի տգեղ ու վարկաբեկիչ որակականներ, որոնք կը կարմրցնեն մեր այտերը…։ Ու այս յարձակումը կատարուած է ԱՆԻՐԱՒՕՐԷՆ։

Նիւթը կը վերաբերի Վահագն Դաւթեան-Շահան Շահնուր այն ծանօթ վիճաբանութեան, որ յանկարծ բռնկած էր 1970-ի սկիզբները, երբ Սիմոն Սիմոնեան Պէյրութի իր «Սփիւռք» շաբաթաթերթին մէջ վերատպած էր Շահնուրի հին մէկ գրութիւնը Կոմիտասի մասին, գրուած ու հրատարակուած  1935-ին։ Բայց որովհետեւ յօդուածը վերատպուած էր առանց թուական եւ սկզբնաղբիւր նշելու, շատ-շատեր կարծեր էին թէ ատիկա նոր գրութիւն մըն է…։ Եւ՝ ստեղծուեր էր փոթորիկ մը հայ մամուլին մէջ։ Շահնուր կը մեղադրուէր Խորհրդային Հայաստանը ուրանալու յանցանքով…։

ՓրոՖ. Արամեանն ալ ջուր կը խմէ նոյն ակէն։ Իր յօդուածին վերնագիրը պերճախօս է արդէն. «Հայութիւնը պարտի զայն գամել անարգանքի սիւնին» («զայն» դերանունով մատնանիշ կ՛ընէ Շահնուրը)։ Իսկ ենթավերնագիրը կ՛ըսէ. «Ապահայած գրողի մը նողկալի արարքին շուրջ»։ Այս գրութեան մէջ փրոՖ. Արամեան «Նահանջը առանց երգի» վէպին հեղինակը կը կոչէ անպատկառ վայրահաջ, յամառ ու յիմար վիժուկ, անսանձ խելագար, Հայ դատի կռնակէն դաշոյն մխող դաւադիր, սնապարծ, յափրած, ազգադաւ, հայութիւնը ուրացած, ժահրալի գրիչի տէր, փախուկ եւ այլն, եւ այլն, ապա կը թելադրէ որ ամէն իսկական հայ «լորձունքով մրոտէ անոր լկրտած երեսը»…։

Լա՞լ, թէ՞ խնդալ…։ Մարդիկ ա՛յսպէս կը հակադարձեն՝ երբ չեն հասկնար իրենց կարդացածը…։

Մայիս 1-ը Աշխատաւորութեան Միջազգային Օրն է։ Կարեւոր տօն մը՝ նա՛եւ «Արարատ»–ի համար (առ այսօր), որուն գաղափարական համոզումներուն եւ սկզբունքներուն մէջ բանուոր դասակարգին արդար վաստակն ու իրաւունքը կը գրաւեն առաջնակարգ դիրք։ Թերթը խմբագրական մը նուիրած է այս տօնին («Վերելքի ճամբուն վրայ»)։ Հոն կ՛ըսուի, թէ Լիբանանի աշխատաւոր դասակարգը տիրացած է իր իրաւունքներուն կատարելապէս, պաշտպանուած է պետական օրէնքով։ Այդ օրէնքը «կը ճշդէ աշխատանքի ժամը, կ՛ընծայէ ապահովութիւն արկածի դէմ, հատուցում՝ գործէ դադրելու պարագային, ընտանեկան յատկացումի նպաստ, բժշկական խնամք՝ հիւանդութեան ատեն, ինչպէս նաեւ կորովի պաշտպանութիւն գործատիրոջ կամայականութեան դէմ, մինչեւ իսկ գործադուլի իրաւունք՝ արդար ակնկալութեան մը անտեսումի պարագային»։

Այս նոյն առթիւ խոհեր արձանագրեր է նաեւ Ժիրայր Թիւթիւնճեան, որուն անունին կը հանդիպինք առաջին անգամ։ Բայց ան շեշտը առաւելաբար դրած է արաբ աշխատաւոր եւ ազգային շրջանակներու պայքարին վրայ, որ կը միտի խափանել արեւմուտքի եւ Իսրայէլի ոտնձգութիւնները…։

Ապրիլեան Եղեռնի 55-ամեակին առթիւ ի՞նչ գրեց հնչակեան մամուլը։

Այս հարցումին պատասխանած ըլլալու համար «Արարատ» երկու յօդուած վերատպեր է Ամերիկայի ու Արժանթինի իր պաշտօնակիցներէն։

Այսպէս, «Երիտասարդ Հայաստան» թերթը այն համոզումը կը յայտնէ, թէ հայոց տարագրութիւնն ու սպանդը մեծ վնաս պատճառեց նոյնինքն Թուրքիոյ։ Եթէ հայերը շարունակէին ապրիլ ու ստեղծագործել Անատոլուի հողերուն վրայ՝ շահաւոր պիտի ըլլար Թուրքիա՛ն։ Իսկ Պուէնոս Այրէսի «Շարժում» շաբաթաթերթը այն հաւատքը կը սնուցէ, թէ Թուրքիա ուշ կամ կանուխ պիտի ընդունի իր ոճիրը եւ հատուցէ իր պարտքը՝ գրաւեալ հողերուն վերադարձով…։

Լրագրական այս տեսութիւնները, սակայն, ոչի՛նչ կ՛արժեն 30 Ապրիլի թիւին մէջ տպուած այն յուզիչ եւ իրական պատմութեան քով, որ կը նկարագրէ աքսորի ճամբաներուն վրայ զիրար կորսնցուցած քոյր-եղբայր երկու երեխաներու ոդիսականը՝ Տէր Զօրի անապատներէն մինչեւ Գահիրէ։ Անոնք, անհաւատալի թուացող պարագաներու մէջ, զիրար կը վերագտնեն իրենց բաժանումէն ճի՛շդ 40 տարի ետք…։ Յօդուածը ստորագրուած է Արաքսի Քէշիշեանի կողմէ (քոյրը՝ գանատահայոց երբեմնի առաջնորդ Վազգէն արք. Քէշիշեանի)։

Մնայուն աշխատակից Վանիկ (Հրանդ Գանգրունի) կը շարունակէ շուրջ երեք շաբաթ առաջ անաւարտ թողած իր նիւթը՝ Հայաստան տպուած «Դիւանագիտութիւն եւ արտաքին յարաբերութիւնների մարմիններ» (հեղ.՝ փրոՖ. Աղասի Եսայեան) գիրքին քննարկումը։ Այս անգամ կը բացատրուի, թէ ո՞վ է դիւանագէտը, ան ինչպիսի՞ կարողութիւններով օժտեալ պէտք է ըլլայ։ Այս մասին իտալացի Մաքիավէլլին (ԺԵ.-ԺԶ. դար) ըսեր է. «Ով որ կը ցանկայ մեծ դիրքի հասնիլ, պէտք է ուսումնասիրէ խաբելու արուեստը»…։ Իսկ Ֆրանսայի Լուի ԺԱ. արքան (ԺԵ. դար) յայտներ է որ «այն թագաւորը, որ կեղծել չի գիտեր, չի գիտեր նաեւ կառավարել։ Ինչ կը վերաբերի ինծի, ապա ես եթէ իմանամ, որ գլխարկս հասկցած է մտքերս, զայն կրակը կը նետեմ»…։ Որքա՜ն լաւ բանաձեւեր են «դիւանագիտութիւն» հասկացութիւնը…։

Այս շաբաթ ներքին գաղութային կեանքը ցոլացնող քանի մը թղթակցութիւններ կը տեսնենք։ Նախ՝ «Ազգ. Ռուբինեան վարժարանի գեղարուեստական երեկոն» (խորագիրն է)։ Այս դպրոցը հիմա չկայ։ Փակուած է։ Սակայն կէս դար առաջ ան փեթակի մը նման աշխոյժ էր ու եփուն։ Ապրիլ 16-ին դպրոցը ներկայացուցեր է իր տարեկան գեղարուեստական հանդէսը։ Բացման խօսքը արտասաներ է տնօրէն Պէպօ Սիմոնեան։ Երգ, պար, արտասանութիւն եւ բեմադրութիւն լեցուցեր են յայտագիրը։ Յատկապէս տպաւորիչ եղեր է դպրոցական երգչախումբը, ղեկավարութեամբ երգի ուսուցչուհի օրդ. Ազատուհի Գույումճեանի։ Բեմ հանուեր է զաւեշտ մը՝ «Կոտրած հայելին», որուն հեղինակը Հրանդ Հրահանն է եղեր, բեմադրիչը՝ Յարութիւն Գնդունին։ Փակման խօսքը արտասաներ է Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պսակ քհնյ. Էթարեան։

Այլ թղթակցութենէ մը կ՛իմանանք, թէ Ապրիլ  19-ին կատարուեր է Լիբանանի Հայ համալսարանաւարտներու միութեան նոր կեդրոնին բացումը։

Երրորդ թղթակցութիւն մը կը խօսի Գրիգոր Սաթամեանի բեմադրած «Կասկածը կնկայ մտքին մէջ» փիէսին մասին (հեղինակ՝ Ժորժ Ֆէտօ)։

Չորրորդ թղթակցութիւն մըն ալ գրեթէ ամբողջովին քննադատական բնոյթ կը կրէ։ Թղթակիցը ակնարկ մը ունի Հայ Աւետարանական Գոլէճի մէկ ցուցահանդէսին մասին, ուր լիբանանահայ գրողներու գիրքերը ցուցադրուեր են, ինչպէս նաեւ Լիբանան հրատարակուած հայատառ մամուլի բազմաթիւ նմուշներ։ Բայց այս առթիւ ելոյթ ունեցողները (Լեւոն Վարդան, Երուանդ Քասունի, Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան) բնա՜ւ չեն արդարացուցած իրենք զիրենք…։ Անոնք սլաքներ արձակեր են աջ ու ձախ, կատարեր են անտեսումներ, տուեր են թիւր կարծիքներ…։

    «Գրական էջ»–ը, Պ. ստորագրութեամբ (Պէպօ Սիմոնեանն է), կարճ ակնարկ մը ունի Հ. Ղեւոնդ Ալիշանի մասին, անոր ծննդեան 150-ամեակին առիթով։ Ըստ յօդուածագրին՝ Ալիշանի գրաբարախառն քերթուածները «այսօրուան ընթերցողին հոգին չեն ջերմացներ իրենց ներքին կրակով»։ Կողքի սիւնակին մէջ վերատպուած է Դանիէլ Վարուժանի «Մայիս 1» քերթուածը, Աշխատաւորութեան տօնին առիթով։

27 Ապրիլի թիւով հաղորդուեր է վախճանման գոյժը Շաւարշ եպս. Գույումճեանի, Մոնթէվիտէոյի մէջ։ Ան վարեր էր Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդի պաշտօնը, շուրջ քսան տարի։ Թերթը կը գրէ որ սրբազանը շուրջ երկու տարիէ իվեր Ուրուկուէյ կ՛ապրէր, իր քրոջ մօտ, բժշկական դարմանումի տակ։

Փակե՛նք այսօրուան սիւնակն ալ ծանուցումներու փունջով մը.

— Համազգայինի երաժշտական կեդրոնական յանձնախումբը ծանուցեր է, թէ «Քնար» երգ-պարի համոյթը իր տարեկան ելոյթները պիտի ունենայ Մայիսի կէսերուն, Յակոբ Տէր Մելքոնեան սրահը։

— Արուեստագէտ Վարուժան Սէթեան իր նորագոյն լուսանկարները պիտի ցուցադրէ եղեր սահիկներով, Լիբանանահայ մշակութային միութեան «Կոմիտաս» սրահը, 28 Ապրիլին։

— Հայ Աւետարանական Հոգեւոր Եղբայրակցութիւնը հանրութիւնը հրաւիրեր է «Ապրիլեան յուշահանդէս-համերգ»-ի մը, որ պիտի ղեկավարէ եղեր վեր. Յ. Ճամպազեան (29 Ապրիլ, Գ. Կիւլպէնկեան սրահ)։

— Կիթառի ռեսիթալով մը հանդէս պիտի գայ եղեր Սարգիս Սարգիսեան (2 Մայիս, Պէյրութի Կանանց գոլէճի օտիթորիըմին մէջ)։

— Նոր Սերունդ մշակութային միութեան հովանիով դասախօսութիւն մը պիտի տայ եղեր Խաչիկ Փիլիկեան, նիւթ ունենալով «Արաբական երաժշտութեան զարթօնքը եւ Կոմիտաս» (30 Ապրիլ, Սահակեան սրահ)։

— Ազգ. Նուպարեան վարժարանի Շրջնաւարտից միութեան ճաշկերոյթ-պարահանդէսը պիտի կայանայ եղեր Պօ Ռիվաժ պանդոկին սրահը, Մայիս 2-ին, նախագահութեամբ տէր եւ տիկ. Երուանդ ՍարրաՖեանի։

— Հ.Մ.Մ.-ի թատերասէրներու «Արդի հայ թատրոն»-ը բեմ պիտի հանէ եղեր Ինկմար Պերկման-Ուլլա Իզաքսընի համահեղինակած «Կոյսը» փիէսը, բեմադրութեամբ Սարգիս Գրիգորեանի (Գ. Կիւլպէնկեան սրահ)։

— Պսակուեր ու ընտանիք կազմեր են Անդրանիկ Սինանեան-Արփի Պէյլէրեան, Գրիգոր Շիմշիրեան-Վարդուհի Պաշայեան, Վարուժան Տօնապետեան-Անի Ժամկոչեան զոյգերը, բոլորն ալ Պէյրութէն։

Պսակեալ երջանիկ այս զոյգերը ո՞ւր են արդեօք հիմա։ Կը կարդա՞ն մեր այս տողերը…։

 

                                                                                      

Share62Tweet39
Previous Post

ՈՐՈ՞ՆՔ ԵՒ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՓՏԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ՆԵՐՄՈՒԾԱԾ ԵՆ ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԷՆ ՆԵՐՍ

Next Post

ԸՆՏՐՈՒԹՒԻՆՆԵՐ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԵՒ ՊԵՔԱԱՅԻ ՄԷՋ

Next Post
ԸՆՏՐՈՒԹՒԻՆՆԵՐ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԵՒ ՊԵՔԱԱՅԻ ՄԷՋ

ԸՆՏՐՈՒԹՒԻՆՆԵՐ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԵՒ ՊԵՔԱԱՅԻ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.