Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՈՐՈ՞ՆՔ ԵՒ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՓՏԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ՆԵՐՄՈՒԾԱԾ ԵՆ ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԷՆ ՆԵՐՍ

May 19, 2025
in Յօդուածներ
0

 

 

Հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամէնէն տխուր էջերէն մին անկասկած կը հանդիսանայ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմին հայկական կողմին կրած պարտութիւնը, որ ոչ միայն աւարտեցաւ հողային կորուստներով, այլեւ մարդկային ողբերգութեամբ, երբ 120 հազար արցախահայեր զրկուեցան իրենց պատմական հողերէն` տուներէն ու բարեկեցութենէն, ստանալով գաղթականի կարգավիճակ:

Տակաւին երկար տարիներ, հաւանաբար տասնամեակներ պիտի խօսուի ու գրուի պարտութեան պատճառներուն մասին` փորձելով հասկնալ այն բոլոր իրադարձութիւնները, որոնք նախորդեցին պատերազմին ու առաջնորդեցին ռազմադաշտի վրայ աղաղակող ձախողութեան:

Ազգային ժողովէն ներս կազմուած քննիչ յատուկ յանձնաժողովը, որուն վստահուած էր ուսումնասիրելու պատերազմի հանգամանքները կը խոստանայ յառաջիկայ Սեպտեմբերին հրապարակել իր աշխատանքին արդիւնքը, որմէ թերեւս կարելի ըլլայ քաղել դասեր, որպէսզի նոյն սխալները չկրկնուին ապագային: Հրապարակուելիք թղթածրարը որքանո՞վ պիտի կարողանայ լոյս սփռել տեղի ունեցած ձախողութեան իսկական պատճառներուն վրայ, կը մնայ հարցական: Հրապարակուելիք  ուսումնասիրութիւնները որքանո՞վ հասանելի պիտի ըլլան լայն հասարակութեան, այդ եւս կը մնայ հարցականի տակ, նկատի ունենալով, որ հոն կան տեղեկութիւններ, որոնք ենթական չեն հրապարակման` ապահովութեան նկատառումներով:

Սպասելով քննիչ յանձնաժողովի հրապարակելիք ուսումնասիրութեան, պէտք է անդրադառնալ կարգ մը հարցերու, որոնք արդէն իսկ ծանօթ են հանրութեան: Հայաստանի նախկին ղեկավարները, թաթախուած ըլլալով համատարած ու համակարգային կաշառակերութեան ու փտածութեան (կորուպցիա) մէջ, բաւարար գումար չեն ուզած կամ չեն կրցած յատկացնել բանակի հզօրացման ու արդիականացման նպատակով: Սպառազինման տուեալները ուսումնասիրող միջազգային կազմակերպութիւններուն համաձայն, պատերազմին նախորդող մէկ ու աւելի տասնամեակի ընթացքին Ատրպէյճանի ռազմական ծախսերը 10 անգամ գերազանցած են Հայաստանի պիւտճէով պաշտպանութեան համար յատկացուած գումարները: Նոյն այդ տարիներուն, երբ թշնամին մինչեւ ատամները կը զինուէր, Հայաստանի իշխանութիւնները ազգը կը մոլորեցնէին` «Հայաստան ունի տարածաշրջանի ամէնէն մարտունակ բանակը» շինծու յայտարարութիւններով: Ժամանակը եկաւ ցոյց տալու, որ այդ խօսքերը դատարկաբանութիւններ էին, որոնք կը միտէին ծածկելու իրենց անգործութիւնն ու դաւաճանական արարքները:

Այդ արարքներու շարքին մէջ կ՛իյնան փտածութիւնը բանակէն ներս ներմուծելու պարագան: Այս օրերուն դատախազութիւնը հաստատեց, որ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի դէմ ուղղուած են նոր մեղադրանքներ, որոնք ուղարկուած են դատարան: Ըստ մեղադրականին, զօրամասի հրամանատար Ալեքսան Ալեքսանեան ներկայացած է որպէս ձեւական գնորդ եւ օժանդակած Սերժ Սարգսեանին, երբ ան կը զբաղեցնէր պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը, կատարելու գոյքի յափշտակութիւն, ինչպէս նաեւ «Թոյոթա-Երեւան» ընկերութեան մասնակիցներուն օժանդակած է օրինականացնել ապօրէն ճանապարհով ձեռք ձգուած  խոշոր չափի գոյքը:

Սերժ Սարգսեանը հրամանատարին առաջարկած է օգուտ ստանալու նպատակով հանդէս գալ որպէս ձեւական գնորդ, մասնակցիլ Եռաբլուրին կից տարածքներու վաճառքին, զայն արձանագրել իր անուամբ, յետոյ զայն վաճառել «Թոյոթա-Երեւան» ընկերութեան եւ ստանալ առքուվաճառքէն գոյացած գումարը: «Թոյոթա-Երեւան» ընկերութիւնը կը պատկանի Ռոպերթ Քոչարեանի որդիին` Սեդրակին:

Նման մեղադրանք կը վերագրուի նաեւ մէկ այլ բարձրաստիճան զինուորականի, որ Սերժ Սարգսեանի հետ մասնակից եղած է նմանատիպ մէկ այլ գործարքի:

Յարգելով հանդերձ բոլոր մեղադրեալներու անմեղութեան կանխավարկածը, շատ են օրինակները, երբ բարձրաստիճան զինուորականներ մխրճուած են նման արարքներու մէջ` խաթարելով սպայի բարոյական կերպարը: Պատերազմի ընթացքին Հայոց բանակի կրած պարտութեան մէջ մեղաւորներու շարքը շատ երկար է ու մենք պիտի շարունակենք անդրադառնալ այս նիւթին, որպէսզի պատմութիւնը ըստ այնմ արձանագրէ իրականութիւնները, պատասխանատուութիւնը միայն չվերագրելով հազիւ երկու տարի իշխանութեան վրայ եղող կողմին, երբ պարտութեան արմատները շատ աւելի խորն են ու կ՛երթան շատ աւելի հեռուները:

 

 

Share62Tweet39
Previous Post

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-Ի ԱՏԵՆԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽԱՆՑՈՒՄԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 31  (55 տարի առաջ՝ այսօր) 

Next Post

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 31  (55 տարի առաջ՝ այսօր) 

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.