Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովին հրաւէրով, Կիրակի, 11 Մայիս 2025-ի առաւօտեան, տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետութեան փոխանցումի պաշտօնական հանդիսութիւնը:
ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան ՀԲԸՄ Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետ Պրն. Ժէրար Թիւֆէնքճեանն ու յանձնաժողովի անդամներ, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան պաշտօնաւարտ ատենապետ պրն. Վիգէն Չերչեան, նորանշանակ ատենապետ պրն. Յակոբ Ճըղըլեան եւ վարչութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ ՀԵԸ-ի մասնաճիւղային, մարզական, սկաուտական, մշակութային եւ համալսարանական վարչութիւններու կազմեր, պաշտօնաւարտ եւ նորանշանակ ատենապետներուն ընտանեկան պարագաներ: Ներկաները իրենց աթոռներուն վրայ ստացան ատենապետ Պրն. Ժ. Թուֆէնքճեանի խօսքին պատճէնը, ՀԲԸՄ-ի «AGBU Magazine» եւ «AGBU Insider» պարբերաթերթերուն Ապրիլ 2025-ի թիւերը, ինչպէս նաեւ ՀԵԸ-ի 2023-24 տարեշրջանի գործունէութիւնը ամփոփող «Տեղեկատու»-ն:
Լիբանանի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ՀԲԸՄ Լիբանանի վարիչ տնօրէն եւ Միջին Արեւելքի տնօրէն օրդ. Արին Ղազարեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ յայտարարեց. «ՀԲԸՄիութեան առաքելութեան համաձայն՝ ապագայի հայ առաջնորդներ դաստիարակելու նպատակով, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովը ի ծնէ ՀԲԸՄ-ի անդամ պրն. Յակոբ Ճըղըլեանը նշանակեց Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան նոր ատենապետ»:
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր պրն. Համբիկ Մարտիրոսեան ընթերցեց ատենապետ պրն. Ժէրար Թիւֆէնքճեանի խօսքը, որուն մէջ ան ընդգծեց Միութեան մէջ պրն. Վիգէն Չերչեանի երկարամեայ աւանդը. «Ան արդարօրէն աշխատեցաւ ու տքնեցաւ ամբողջ սիրտով ու հոգիով, անսակարկօրէն ծառայելով ՀԲԸՄ-ին եւ ՀԵԸ-ին, դառնալով օրինակելի վարչական եւ անաչառ միութենական», նշուեցաւ պրն. Ժէրար Թիւֆէնքճեանի խօսքին մէջ, վստահութիւն յայտնելով, թէ պրն. Չերչեան իր միութենական յանձնառութիւնը պիտի շարունակէ ՀԲԸՄ Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովին մէջ եւ իր խորհուրդներով զօրակցի, որպէսզի «Միութեան նաւը շարունակէ իր հեզասաh ճանապարհը դէպի խաղաղ նաւահանգիստ…»:
Օրդ. Արին Ղազարեան ընթերցեց պրն. Վիգէն Չերչեանի միութենական երկարամեայ գործունէութեանց կենսագրականը, որմէ ետք պրն. Չերչեան երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք անցնող 13 տարիներուն նիւթական եւ գործնական միջոցներով զօրակցեցան իր ատենապետած իրերայաջորդ չորս ժամանակաշրջաններուն եւ անձամբ իրեն՝ իրագործելու բազմաբնոյթ ծրագրեր, որոնց շնորհիւ ՀԵԸ ապահովեց մարզական բազում յաջողութիւններ, կրկնապատկուեցաւ սկաուտական զոյգ շարժումներու անդամներուն թիւը, կազմակերպուեցան մշակութային բարձրորակ ձեռնարկներ եւ Ընկերակցութիւնը մնայուն ներկայութիւն ունեցաւ լիբանանահայ համալսարանական ու երիտասարդական հրապարակներուն վրայ: Ան ապա թուեց 2012-2025 ժամանակաշրջանին գրանցուած ամէնէն յատկանշական իրագործումները: Այնուհետեւ, պրն. Թիւֆէնքճեան երախտագիտական յուշանուէր յանձնեց ՀԵԸ-ի պաշտօնաւարտ ատենապետին:
Օրդ. Ղազարեան ապա ներկայացուց նորանշանակ ատենապետ պրն. Յակոբ Ճըղըլեանը ու բեմ հրաւիրեց զինք: Վերջինս սրտի խօսքին մէջ յայտնեց, թէ հպարտ է իր առջեւ գտնուող կամաւոր հզօր բանակով, որուն բառարանին մէջ ձախողութիւն եզրը գոյութիւն իսկ չունի: «Բոլորս կը հաւատանք այս Միութեան եւ իր տեսլականին, բազում յաջողութիւններու հասած ենք, շնորհիւ մեր հաւաքական աշխատանքին, միշտ պատրաստ եղած ենք դիմագրաւելու որեւէ խոչընդոտ կամ մարտահրաւէր», ըսաւ պրն. Ճըղըլեան, ապա ներկայացուց իր ատենապետութեան շրջանի գլխաւոր հիմնասիւները՝ ներքին հաղորդակցութեան ամրապնդում, հայկական գետնի վրայ յաւելեալ համագործակցութիւն, իսկ լիբանանեան առումով՝ զգալի եւ հաստատուն ներկայութիւն, ինչպէս նաեւ արտաքին ցանցերու ընդլայնում՝ Հայաստանի, Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ, որպէսզի ՀԵԸ-ի գործունէութիւնը ըլլայ համաշխարհային: Ան իր խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով պարոնայք Թիւֆէնքճեանին եւ Չերչեանին:
Հանդիսութեան եզրափակիչ հատուածով, պրն. Չերչեանին երախտագիտական յուշանուէրներ յանձնեցին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս, Սեւան, եւ Զահլէ մասնաճիւղերուն ատենապետները, իսկ ներկաները իրենց բարեմաղթանքները փոխանցեցին պրն. Չերչեանին ու միութենական գործունէութիւնը շարունակելու իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին նորանշանակ ատենապետ պրն. Յ. Ճըղըլեանին: