Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԹՈՒՐՔ ՊԱՏՄԱԲԱՆԸ «ԱՐԱՐԱՏ» Կ’ԱՅՑԵԼԷ

May 19, 2025
in Գաղութային, Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԹՈՒՐՔ ՊԱՏՄԱԲԱՆԸ «ԱՐԱՐԱՏ» Կ’ԱՅՑԵԼԷ

 

«Երբ 1915 թուականին Պոլսոյ Պայազիտ հրապարակին վրայ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ կախաղան բարձրացան 20 հնչակեան յեղափոխականներ, անոնց վերջին խօսքերը «Կեցցէ՛ ընկերվարութիւնը» էին: Եւ սա այն պահն էր, ուր ինծի համար օղակի պարանին ծայրը գտնուած էր։ Ո՞վքեր էին այս յեղափոխականները, ինչպիսի՞ մարդիկ էին անոնք։ Ի՞նչ հասկնալ Հնչակեան կուսակցութիւն ըսելով, ինչպիսի՞ ծրագրեր եւ գործունէութիւն կը ծաւալէին։ Երբ ես սկսայ հետապնդել այս հարցերը, յայտնուեցայ անյայտ պատմութեան մը մէջ»։

Թուրք պատմաբանը այս խօսքերը բազմիցս կրկնած է, երբ հետաքրքրասէրներ երբեմն զգուշաւոր հաւատքով, դիմած են իրեն: Յատկապէս անոր երկու՝ «Հայ յեղափոխական Փարամազ» (Ermeni Devrimci PARAMAZ) եւ «Թաքնուած պատմութեան հետքերով» (Sakli Tarihin Izinde) աշխատութիւններէն ետք. գիտական աշխատութիւններ, ուր հեղինակը վեր կ’առնէր Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ սոցիալիստ հայերու, իմա՝ «Քսաններուն», կուսակցութեան պայքարի տաժանելի գողգոթան, ոչ որպէս նեղ-ազգային, այլ ընդհանրապէս յանուն ընկերվարական սկզբունքային գաղափարախօսութեան պարունակով:

Այս երկերուն հեղինակը՝ Քատիր Աքընը անցնող օրերուն հիւրընկալեցինք խմբագրատան մէջ: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընկեր Ալեք Քէօշկէրեանը, որուն ներդրումը մեծ է կուսակցութեան եւ ընկերվարական գաղափարներով համակուած Թուրքիոյ սոցիալիստական խմբաւորումներու հետ երկկողմանի համագործակցութիւն հաստատելու մէջ:

Քատիր Աքըն քանի մը տարի առաջ իր հեղինակած երկու հատորներուն հրատարակման առիթով Կարօ Փայլանի հետ այցելած էր Լիբանան: Այդ օրերուն Պէյրութի մէջ ներկայացուեցաւ նաեւ Փարամազի մասին «RED» վաւերագրական ֆիլմը: Այժմ յարգելի պատմաբանը, գիտական նոր աշխատանք մը ձեռնարկած ըլլալով, Պէյրութ կը գտնուի պրպտումներ կատարելու համար: Այս առիթով, ան այցելութիւն մը տուաւ «Արարատ» ու մօտէն ծանօթացաւ զինք հետաքրքրող արխիւային նիւթերուն: Յառաջիկայ օրերուն պարոն Աքըն կը ծրագրէ այցելել նաեւ այլ պարբերաթերթերու խմբագրութիւններ, ինչպէս նաեւ Հայկազեան համալսարան:

 

 

 

Share65Tweet41
Previous Post

ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՕԴԱԿԱՅԱՆԻՆ ՄԷՋ

Next Post

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-Ի ԱՏԵՆԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽԱՆՑՈՒՄԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Next Post
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-Ի ԱՏԵՆԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽԱՆՑՈՒՄԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-Ի ԱՏԵՆԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽԱՆՑՈՒՄԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.