Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը երէկ տեսակցեցաւ Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլը ներկայացնող պատուիրակութեան հետ: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ հիւր պատուիրակութեան ժամանումէն անմիջապէս ետք՝ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ, ուրկէ Վեհափառ Հայրապետը կը պատրաստուէր ուղղուելու Գահիրէ: Տեսակցութեան ընթացքին արծարծուեցան Կաթողիկոսութեան եւ ռուսական եկեղեցւոյ համատեղ հետաքրքրութեան առարկայ նիւթերը: