Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յստակօրէն ընդգծեց, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին լուծարումը կը համարուին «խաղաղութիւն հաստատելու գլխաւոր նախապայմանները»: Անդրադառնալով օր մը առաջ այս նիւթին շուրջ ատրպէյճանական ITV հեռատեսիլի կայանին հարցումներուն Փաշինեանի պատասխաններուն, նախարարութիւնը պնդեց, թէ Պաքուի իրաւունքն է փոփոխութիւններ պահանջել Հայաստանէն: «Հայաստանի վարչապետը կրկին կը փորձէ մոլորեցնել միջազգային հանրութիւնը եւ յայտարարութիւնը արդարացնելու անոր փորձերը բացարձակապէս անհիմն են: Խնդիրները անտեսելու տրամաբանութիւնը ցոյց կու տայ, որ Հայաստան հետաքրքրուած չէ կայուն խաղաղութեամբ եւ կը փորձէ պահեստային տարբերակ ունենալ, ապագային Ատրպէյճանի դէմ բռնութիւնը վերսկսելու համար», պնդեց Պաքուի յայտարարութիւնը:
Նշենք, որ Փաշինեան ատրպէյճանցի լրագրողին տուած պատասխաններուն մէջ հաւաստիացուցած էր, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ չկայ հարեւաններու նկատմամբ տարածքային պահանջ: «Մենք նոր Սահմանադրութեան նախագիծ չունինք, սակայն վերլուծած ենք մեր Սահմանադրութիւնը եւ մեր Սահմանադրական դատարանին որոշումով այնտեղ տարածքային որեւէ պահանջ չկայ մեր հարեւաններուն նկատմամբ», վստահեցուց Փաշինեան: Անդրադառնալով Մինսքի խմբակը լուծելու պայմանին, վարչապետը Պաքուին առաջարկեց միաժամանակ ստորագրել խաղաղութեան համաձայնագիրը եւ չեղարկել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը, որուն պարտականութիւնն էր զբաղիլ Արցախի հարցով: