Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ ուղղուեցաւ Պաղտատ՝ գլխաւորելու համար Արաբական լիկայի գագաթաժողովին մասնակցող լիբանանեան պատուիրակութիւնը: Ան յայտնեց, թէ իր հետ Պաղտատ կը տանի յոյսի եւ խոստումի լիբանանեան պատգամ մը: Ան վերստին անդրադարձաւ ապօրինի զէնքի թղթածրարին ու շեշտեց, որ զէնք ունենալու եւ գործածելու իրաւունքը պետութեան վերապահելու որոշումէն ետդարձ պիտի չըլլայ: Իսկ Պէյրութի արաբական գիրքի ցուցահանդէսի բացումին ընթացքին Սալամ կոչ ուղղեց գործադրելու Թայէֆի համաձայնութեան տակաւին չգործադրուած յօդուածները եւ զայն աւելի զարգացնելու՝ բարեկարգելով որոշ թերութիւնները: «Մենք կարողութիւն ունինք կերտելու աւելի լաւ ապագայի ձգտող քաղաքացիներ», ըսաւ վարչապետը, շեշտելով մշակութային պաշտպանութեան կարեւորութիւնը: