Լիբանանահայ արուեստագէտներն ու արուեստասէրները միշտ ալ հարստութիւն ու հպարտութիւն առթող իրականութիւններ եղած են, որոնք պատիւ բերած են թէ՛ անհատական-հաւաքական կատարողներու վաստակին, թէ՛ ալ գաղութի արուեստի մակարդակներու բարձրացման ու վարկանշային պահպանման:
Նոյնիսկ երկարամեայ աղիտաբեր ժամանակներուն (քաղաքացիական կռիւներ, անապահովութիւններ, խլրտումներ եւ այլն), նաեւ արտաքին ճնշումներու, բռնութիւններու թէ սպառնալիքներու օրերուն, լիբանանահայ արուեստագէտն ու արուեստասէրը, արուեստի կեդրոններն ու շարժումները, արուեստի հեղինակներն ու պատասխանատուները, երբեք անձնատուր չեղան «պարտադրեալ» արգելքներուն, ընդհակառակը, միշտ կառչած մնացին իրենց առաքելութիւններուն ու պատասխանատուութիւններուն:
Ասիկա կը փաստէ ու կը հաստատէ, որ հայ ժողովուրդը որքա՜ն արուեստասէր է եւ որքա՜ն հարազատ ժառանգորդն է իր նախնիներուն, որոնք հայ մշակոյթի եւ արուեստի ոչ միայն երկրպագուներ եղած են, այլեւ՝ շինարարներ ու կերտիչներ, հեղինակներ ու հիմնադիրներ, տաղանդներ ու հանճարներ, պատմութեան մէջ արձանագրելով վիթխարի նուաճումներ եւ իրագործումներ, իրենց ստեղծագործութիւններով ու կատարողութիւններով դառնալով մեծութիւններ:
Այս արագ ակնարկը, ցոյց տալու համար, թէ արուեստը՝ իր ամբողջականութեամբ եւ էութեամբ, որքան լայն ու գրաւիչ տեղ կը գրաւէ մարդկութեան եւ ընկերութեան մէջ:
Պատահական չէ, որ հայ ժողովուրդը, իր մշակութային բազմարուեստութեամբ, կը նկատուի աշխարհի հնագոյններէն, հետեւաբար, իրերայաջորդ սերունդներու զաւակներ շարունակած են այդ հրաշալի շառաւիղները, հայ արուեստին տալով յատուկ երանգ ու կշիռ, լիցք եւ արժէք:
Ուրախութիւն է ընդգծել, որ լիբանանահայութեան մէջ չեն պակսած ու չեն պակսիր արժէքաւոր, շնորհալի, խոստմնալի ու տաղանդաւոր ուժեր, որոնք իրենց բնատուր ընդունակութիւններով, ձիրքերով կամ կոչումներով կը ծառայեն հայ արուեստին, կը շէնցնեն, կը ծաղկեցնեն ու կը սփռեն զայն իր զանազան արտայայտութիւններով, տարբերակներով, ներկայացումներով ու մատուցումներով, ինչ որ գնահատելի եւ ողջունելի ներդրում է, յատկապէս այն օրերուն, երբ արուեստասէր հասարակութիւնը ծարաւ է անոր ու կ’ուզէ վայելել զայն իր առաւելագոյն յաջողութիւններով, քանի ապրիլը անորմով, նաեւ է ներշնչումի աղբիւր, հոգեկան ու հոգեբանական ազդակներով:
Վստահաբար, բոլոր անոնք որոնք պատեհութիւնը եւ առիթը ունեցած են շփուելու ու հետեւելու յիշարժան, հոգեզմայլ, բոցաշունչ եւ առինքնող տեսահոլովակներու փունջի մը, մանաւանդ 2 Ապրիլ 2025-ին, տեսահոլովակներու շնորհահանդէսին, Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ, կատարողութեամբ մենակատար, երիտասարդ մեներգիչ ու բազմաշնորհ՝ ՃՈՆԻ ԿԷՕՔՃԵԱՆին, բացառիկ հոգեպարարութիւնը ապրած ըլլալու են ու վայելելու անոր երգարուեստը, որ հիմնովին կը բուրէր ազգագրական, աշուղական, ժողովրդական, գուսանական ու հայրենական երգեր, գերազանցապէս հայկական, նաեւ արաբական եւ եւրոպական կտորներով, որոնք բոլորն ալ այնքան հաղորդական էին, ազնուական, հրաշագեղական ու տպաւորապաշտական, մերթ յուզելով, մերթ խանդավառելով, մերթ ներշնչելով, մերթ ալ հիացնելով հանդիսատես-ակնդիրը:
Ճոնին իւրայատուկ երգիչ-արուեստագէտ մըն է, որ օժտուած է ինքնատիպ ընդունակութիւններով ու կարողութիւններով, ունի ձայնային նրբահիւս երանգներ, արտայայտութեանց բնորոշ գիծեր, երգի ըմբռնողութեան ցայտուն տուեալներ, երգեցողութեան հարուստ փորձ, դիմագծային պերճախնդութիւն, բեմական ուշագրաւ կեցուածքներով:
Ասոնց վրայ պէտք է աւելցնել Ճոնիին այն հիմնական յատկանիշներէն մէկը, որ առնչուած է գլխաւորաբար երգարուեստի հասկացողութեան հետ, զայն ապրելու եւ ապրեցնելու, ազդելու եւ ազդեցնելու, խօսելու ու խօսեցնելու, նոյնիսկ՝ երգելու եւ երգեցնելու բացառիկ ունակութիւններով, ինչ որ այս պարագային մեծ առանձնաշնորհում մըն է, որ միմիայն ՃՈՆԻԱԿԱՆ է, ՃՈՆԻԱԴՐՈՇՄՈՒԹԵԱՄԲ, ՃՈՆԻԱՄԷՏՈՒԹԵԱՄԲ ու ՃՈՆԻԱԿԵՐՏՈՒԹԵԱՄԲ:
Ճոնին համալսարանաւարտ է (յաջորդաբար՝ Հայկազեան եւ Ամերիկեան համալսարաններէն), կենսաբանական մասնագիտութեամբ, ապա՝ ոսկերչագործութեան ասպարէզ նետուած, սակայն, սրտին զարկերը, զգացմունքային լարերը, ապրումային կանչերը զինք հանգիստ չեն ձգած, որովհետեւ աշխարհը կը խորաչափէր ու կ’ընկալէր երգարուեստի բուխ կենսունակութեամբ, հո՛ն ամէնէն աւելի ինքզինք հարազատ զգալով, հո՛ն ամէնէն աւելի ինքզինք նկատելով սրտամօտիկ, հո՛ն ամէնէն աւելի ինքզինք համարելով արուեստածին:
Իմ կարծիքովս, սակայն, Ճոնին ամէնէն աւելի օրհնաբեր եւ բարեբեր մթնոլորտի մէջ կը գտնուի իր հայրենաշունչ, հայրենակարօտ, հայրենաբուխ ու հայրենախինդ հոգեզգացումներով, նուիրուելով իր հայրենիքին ու ժողովուրդին, իր սիրեցեալներուն ու հարազատներուն:
Իր երգերը լսողները, զինք ունկնդրողները եւ իրմով ոգեւորուողները այլ ընտրանք կամ մտածում չէին կրնար ունենալ, որովհետեւ ՃՈՆԻՆ էր անիկա, իր ամբողջական կազմութեամբ, բովանդակ բաղադրութեամբ ու խրոխտ ներկայութեամբ, որոնք թափանցիկ ու կենսական էին, անոր կերպարը ու տիպարը միշտ մնալով իրենց երեւակայութեան եւ յիշողութեան մէջ:
Վերջին հաշուով, Ճոնիին լսելով եւ ապրելով անոր ձայնը, մարդ, ՀԱ՛Յ մարդ, ինչպէ՞ս կրնայ լիովին չբաժնել զայն, չսնուիլ անկէ ու մանաւանդ չվարակուիլ անոր ջերմութենէն:
Եթէ Ճոնին սփիւռքեան պայմաններուն մէջ (իմա՝ լիբանանեան) կրցաւ ինքզինք արդարացնել եւ արժեւորել, դառնալով անհատական, շրջապատային թէ ընկերային բեմերու ծանօթ եւ որոնելի դէմք, սակայն ան չբաւականացաւ այդ «ժլատ» ասպարէզներուն մէջ մնալով, այլ՝ ամէն գնով նետուեցաւ երաժշտական-ձայնամարզական-դասընթացքային կալուածներէն ներս՝ Համազգայինի Բ. Կանաչեանը աւարտելով բացառիկ յաջողութեամբ:
Այնուհետեւ, Ճոնին ոչ միայն լիբանանեան (հայկական թէ տեղական) շրջանակներուն մէջ կը դառնայ ազնուական ներկայութիւն մը, այլեւ արտասահմանեան բազմաթիւ ոստաններու մէջ հանդէս կու գայ իր երգարուեստի փայլուն յաջողութիւններով, իսկ Հայաստանի մէջ իր ելոյթները կ’արժանանան համաժողովրդական արձագանգներու, որ ամբողջական բեղուն թղթածրար մըն է, ուր երգը, մեներգիչը, բնութիւնը, նուագախումբը, երաժշտութիւնը իսկական փառատօնի տպաւորութիւն կը ձգեն, զմայլումի, հիացումի ու տպաւորումի պատկերներով, մեծապէս ու խորապէս ներգրաւելով արուեստասէր հասարակութեան տարբեր խաւեր, որոնք կը փնտռեն իր ելոյթները, կարօտով յիշելով եւ ըմբոշխնելով զանոնք:
Թերեւս իր գլուխ-գործոցը նկատուած է, ի շարս բազմաթիւ իր այլ արժէքաւոր երգերուն ու մեկնաբանութիւններուն, իր նորագոյն երգը, որ կոչած է «Տուն հայրենի» (2025-ին), զայն նկատելով իր ամբողջ հոգաշխարհին խտացուած, բայց յոյժ արտայայտչական ազգային ապրումներուն, ներշնչումներուն ու զգացումներուն բարացուցական, համայնական ու տեսլապաշտական ծնունդներէն խճանկար մը, ոգեղինութեամբ, ազգապաշտութեամբ ու հայրենասիրութեամբ:
Կ’արժէ յիշել նաեւ, որ հանրածանօթ երաժշտագէտ-երաժշտահան, խմբավար ու մեծ արուեստագէտ դոկտ.-փրոֆ. Եդուարդ Թորիկեան յատուկ վերաբերմունքով ու մօտեցումով կը գնահատէ Ճոնիին երգարուեստը ու կը զօրակցի անոր յաջողութիւններու երթին, ինչ որ իրօք հոգեբանական-արուեստագիտական մեծ խթան մը կը հանդիսանայ Ճոնիին համար:
2020-էն ասդին, Ճոնիին շարք մը երգերու տեսահոլովակները արդէն կ’ապացուցանեն անոր վերելքի ու բարձունքի իրագործումները, յատկապէս վերյիշելով անոնցմէ ոմանք, որոնք մեծ եւ յորդառատ ժողովրդականութեան արժանացած են, ինչպէս.
- Աւարայրի դաշտը – Աշուղ Ճիւանի
- Լաճ տնաւեր – Հայ Ժող.
- Հայրենի կարօտ – Աշոտ Պատմագրեան
- Հովիւի երգը – Խաչատուր Աւետիսեան
- Մօր սէրը – Գուսան Աշոտ
- Տուն հայրենի – Արտեմ Խաչատրեան
- Ալմաստը շողում խ – Գուսան Շահէն
- Հայերէն պարային շարան – Հայ Ժող.
Ահաւասիկ, լիբանանահայ արուեստագէտ մը, որ իր երգարուեստով, անտարակոյս, տակաւին ունի նորանոր ճամբաներ կտրելիք, որովհետեւ, ինչպէս իր հակիրճ, բայց կենսատու կենսագրականը ցոյց կու տայ, Ճոնին իր առջեւ կը գտնէ (կը պեղէ) նոր հորիզոնականներու հեռանկարներ:
Մենք ոչ միայն հաղորդակից, այլեւ կողմնակից ու զօրակից ենք անոր բեղուն արեւելումին, իրեն մաղթելով ԾՈՎ երթուղիներ, մէկ կամուրջէն միւսին անցումով, ուր ՃՈՆԻական սէրն ու երգը, հայ երգն ու մեղեդին, հայ ոգին ու հուրը միշտ մնան անմար, հնչուող եւ աւետաբեր:
Շէն ու պայծառ մնաս, սիրելի Ճոնի, քու երգարուեստովդ, կոչումովդ եւ ապագայովդ: