Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

 ՀԱՅԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՆԽԱՄՏԱԾՈՒԱԾ ԸԼԼԱԼՈՒ ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԱՍՈՐԱԿԱՆ ԱԶԱԽ ԳԻՒՂԻ 1915-Ի ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԸՆԹԵՐ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ

May 15, 2025
in Յօդուածներ
0
 ՀԱՅԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՆԽԱՄՏԱԾՈՒԱԾ ԸԼԼԱԼՈՒ ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԱՍՈՐԱԿԱՆ ԱԶԱԽ ԳԻՒՂԻ 1915-Ի ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԸՆԹԵՐ

 

 

1915-ի գարնան վերջերը եւ ամռան սկիզբը երբ հայոց բռնագաղթի մահուան կարաւանները շարան-շարան կը տարուէին Սուրիոյ հիւսիսային հատուածի գաղթակայանները, հոնկէ ալ Տէր Զօր եւ աւելի անդին, Մարտինի արեւելքը գտնուող ասորական Ազախ գիւղը տակաւին թրքական եւ քրտական յարձակումներէ զերծ մնացած էր: Ազախ մեծ գիւղը, որ 1915-ին հերոսական դիմադրութիւն ցոյց տուած է թրքական օրինաւոր բանակին, պաշըպօզուքներուն եւ քիւրտերուն դէմ, Մուսթաֆա Քեմալի իշխանութեան օրերուն վերանուանուած է Տիլ: Տէյվիտ Կաունթ կ’ըսէ, թէ Օսմանեան պետութեան քաղաքական վարչամեքենան եւ զինուորական պատասխանատուները մեծապէս շահագրգռուած էին բնաջնջելու Ազախ գիւղը, պարզապէս անոր համար, որ այն բնակուած էր քրիստոնեաներով, որոնք չէին ուզեր մեռնիլ… առանց պայքարելու:

Այս նիւթին մասին ստորեւ պիտի անդրադառնանք մանրամասնօրէն, որովհետեւ անիկա թրքական Հայասպանութեան ծրագիրին մէջ կ’ընդգրկուէր երկրին քրիստոնեայ տարրը վերացնելու առումով՝ ի սպաս փանթուրքիզմի նպատակի իրականացման: Ազախը պաշտպանելու գերմանական ճիգերուն, խորհրդակցութիւններուն եւ գերմանացի դիւանագէտներու եւ զինուորական պատասխանատուներու յայտարարութիւններէն կը բացայայտուին Հայասպանութեան մէջ Թուրքիոյ կողքին Գերմանիոյ մեղսակցութիւնը եւ Հայոց ցեղասպանութեան կանխամտածուած բնոյթին փաստերը:

Մօտեցող վտանգի նշաններէն ակներեւ կը դառնայ, որ Ազախի գլխուն աղէտ մը կը պատրաստուի 1915-ի Մայիսին: Ազախ գիւղացիները կը սկսին ինքնապաշտպանութեան պատրասրատութիւններ տեսնել: Շրջակայ փոքր գիւղերու քրիստոնեայ բնակիչները կը լքեն իրենց տուները, Ազախի մէջ կը հաւաքուին եւ միացեալ աշխատանք կը տանին դէմ դնելու համար թուրք-քրտական հաւանական յարձակումի մը:

Քրտական ցեղախումբեր ասորի եւ քաղդէացի ու հայ քրիստոնեաներէ պարպուած շրջակայ գիւղերուն վրայ կը յարձակին, տուները կը կողոպտեն, կ’այրեն ու կը գրաւեն 1915-ի Յունիս եւ Յուլիս ամիսներու ընթացքին: Անոնք Օգոստոսի կէսերուն Ազախը կը պաշարեն: Ասորական Միտիաթ աւանը (տե՛ս Միտիաթ –գիւղաքաղաք Արեւմտեան Հայաստանում, Տիարպեքիրի նահանգի Մարտինի գաւառում Միտիաթի գաւառակում, սրա կեդրոնը, 1890թ ունէր 900, 1915-ին՝ աւելի քան 1500 հայ բնակիչ, որոնք Մեծ Եղեռնի ժամանակ կոտորուել կամ տարագրուել են- Թադէոս Յակոբեանի, Ստեփան Մելիք–Բախշեանի եւ Յովհաննէս Բարսեղեանի կազմած «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան»ը, Երեւան, էջ 2894/4814- համացանցային բառարան) թուրքերուն եւ քիւրտերուն շաբաթ մը դիմադրելէ յետոյ ինկած էր: Անոր բնակիչներուն մեծ մասը ջարդուած էր, իսկ մնացեալը՝ բռնագաղթուած: Քանի մը ասորական գիւղեր, ինչպէս Միտիաթի հիւսիսը գտնուող Իվարտօ (ներկայիս՝ Կիւլկէօզիւ) գիւղը, Միտիաթի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Հահ (ներկայիս՝ Անիթլի) գիւղը եւ Միտիաթի ու Ազախի միջեւ գտնուող  Պասիպրին (ներկայիս՝ Հապերլի) գիւղը քանի մը օր աւելի կրցան դիմադրել թուրքերուն եւ քիւրտերուն դէմ:

Թուրքիոյ մէջ գործող գերմանական զինուորական հրամանատարութեան ուշադրութիւնը գրաւած էր թուրքերու ոչ-հայ քրիստոնեաները՝ ասորիներն ու քաղթէացիները սպաննելու գործողութիւնները: Գերմանացիները կը նկատեն թէ իրենց եւ թուրքերու միջեւ գոյացած՝ միայն հայերը բնաջնջելու լռելեայն համաձայնութիւնը խախտած էր, ըստ Տէյվիտ Կաունթի: «Այս մէկը մեր եւ օսմանցիներու միջեւ գոյացած համաձայնութեան դէմ ըմբոստութիւն մըն է եւ Տիգրանակերտի կառավարիչ՝ Մեհմետ Ռեշիտ պէյի ծայրահեղ ատելութեան ու քրիստոնեաներուն դէմ կատարուող  վատութեան ուղղակի հետեւանքն է», կ’ըսէ Մուսուլի մէջ Գերմանիոյ հիւպատոս  Ուոլթըր Հոլշթայն: Ան Գերմանիոյ ռայխսքանցլեր (վարչապետ) Թէոպալտ ֆոն Պեթման-Հոլվեկին կը գրէ բողոքի նամակ մը, որուն մէջ կ’ըսէ, թէ ասորիներն ու քաղթէացիները միմիայն իրենք զիրենք կը պաշտպանեն եւ պետութեան դէմ որեւէ անկարգութիւն չեն գործեր:

Այսպիսով անգամ մը եւս ակնյայտ կը դառնայ, թէ Գերմանիա նախապէս մշակած եւ ծրագրած էր որոշ ռազմավարութիւն մը պատերազմի ընթացքին իր բոլոր ընելիքներուն համար: Ակներեւ է Հայասպանութեան մէջ անոր մեղսակցութիւնը Թուրքիոյ կողքին, որ Գերմանիոյ ռազմավարութեան անբաժանելի մասը կը կազմէր: Երբ կ’ըսենք թէ նախապէս ծրագրուած էր որ միայն հայերը պէտք է բնաջնջել եւ ոչ միւս քրիստոնեաները, ուրեմն հոս յստակ եւ ցցուն կերպով կ’երեւայ Հայասպանութեան կանխամտածուած բնոյթը:

Քրտական ցեղերը 18 Օգոստոս 1915-ին Ազախի վրայ յարձակում կը գործեն, բայց կը նահանջեն՝ պարտուած եւ շատ զոհեր տալով: Անոնք յաջորդական քանի մը յարձակումներ կը գործեն, սակայն կը ձախողին եւ վերջնականապէս կը քաշուին ճակատէն Սեպտեմբերի սկիզբները: Օսմանեան քաղաքական վարչամեքենան մեծ ճիգ թափելէ յետոյ կը յաջողի օսմանեան բանակի զինուորականները համոզել, թէ Ազախի կռուողներուն մէջ մեծ թիւով յեղափոխական հայեր ալ կը գտնուին եւ սաստիկ կարիքը կը զգացուի զանոնք ընկճելու: Անոնք կը ստեն գերմանացի զինուորականներուն՝ ըսելով,  թէ Ազախի բնակիչներուն մեծ մասը ըմբոստ հայեր են: Ուստի ոճրային նախաձեռնութիւնը օսմանեան բանակը կը ստանձնէ: Այդ օրերուն Ազախի մօտերէն Էօմեր Նաճի պէյի հրամանատարութեան տակ որոշ յանձնարարութեամբ մը դէպի Պարսկաստան ուղղուող օսմանեան բանակէն գունդ մը կ’անցնէր գերմանական գունդի մը ընկերակցութեամբ: Գերմանական գունդին  հրամանատարը Կարինի նախկին փոխհիւպատոս հազարապետ Մաքս Էրվին ֆոն Շէօփներ-Ռիխթերն էր: Էօմեր Նաճի պէյ իսկոյն իր ոյժերը կը կազմակերպէ եւ զօրաւոր յարձակում մը կը գործէ Ազախի վրայ: Միւս կողմէ, հազարապետ Շէօփներ-Ռիխթեր կտրականապէս կը մերժէ մասնակցիլ յարձակումին: Ան տեղական իշխանութիւններուն ըսածներուն չէր հաւատար եւ լաւ գիտէր թէ Ազախի բնակչութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը ուղղափառ ասորիներ էին: Ռիխթեր համոզուած էր, որ Ազախի ընդդիմութիւնը զուտ ինքնապաշտպանութեան համար էր եւ ոչ մէկ ընբոստութեան նշոյլ կար անոր մէջ: Ասորիները, տեսնելով հայոց պատահած աղէտները, կը վախնային թէ թուրքերը զիրենք ալ պիտի կոտորէին, ուստի ինքնապաշտպանութեան դիմած էին: Ազախի հարցին շուրջ Թուրքիոյ մէջ գերմանական ոյժերու հրամանատարութիւնը ժողով կը գումարէ ընդհանուր հրամանատար Քոլմար ֆոն տէր Կոլցի նախագահութեամբ եւ որոշում կը տրուի չմասնակցիլ ասորիները բնաջնջելու բախումներուն:

Ազախի կռուող քաջերը բուռն դիմադրութիւն ցոյց կու տան Նաճի պէյի ոյժերուն: Վերջինս կը յայտնաբերէ Ազախի բնակչութեան մեծամասնութեան ասորի ուղղափառ  ինքնութեան իրականութիւնը: Նոյեմբեր ամսուան մէջ ասորի ազատամարտիկները կը յաջողին լեռներուն մէջէն նախապէս բացուած փապուղի մը օգտագործելով յառաջանալ թրքական դիրքերուն մօտ եւ մեծ թիւով թուրք զինուորներ սպաննել ու գրաւել մեծ քանակութեամբ զէնք: Նաճի պէյ պարտուած էր եւ կը փափաքէր պատուաւոր ելք մը գտնել ճակատամարտին: Ան պատուիրակներու միջոցաւ կը բանակցի ասորի կռուողներուն հետ: Հակառակ Էնվեր փաշայի հրամանին՝ Ազախը քարուքանդ ընելու, Նաճի պէյի օգնականը՝ Քամիլ պէյ թրքական ոյժերուն հրաման կ’արձակէ նահանջել եւ թոյլ տալ Ազախի բնակիչներուն խաղաղ ապրելու: Երկու կողմերուն միջեւ համաձայնութիւն մը կը գոյանայ: Խաղաղ ապրելու խոստումին  փոխարէն Ազախի բնակիչները կը խոստանան տուրքերը վճարել ու գրաւուած զէնքերը վերադարձնել օսմանեան բանակին:

Share61Tweet38
Previous Post

ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ, ԲԱՅՑ ՈՉ-ԿՈՐՍՈՒԱԾ ՄԵՐ ԼԵԶՈՒՆ, ՄԵՐ ՄՇԱԿՈՅԹԸ

Next Post

Մեր Արժանաւոր Արուեստագէտներէն ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ-ԱՇՈՒՂԱԿԱՆ-ՀԱՅՐԵՆԱԿԱՆ-ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ՓԱՅԼՈՒՆ ՄԵԿՆԱԲԱՆ՝ ՃՈՆԻ ԿԷՕՔՃԵԱՆ

Next Post
Մեր Արժանաւոր Արուեստագէտներէն  ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ-ԱՇՈՒՂԱԿԱՆ-ՀԱՅՐԵՆԱԿԱՆ-ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ  ԵՐԳԵՐՈՒ ՓԱՅԼՈՒՆ ՄԵԿՆԱԲԱՆ՝  ՃՈՆԻ ԿԷՕՔՃԵԱՆ

Մեր Արժանաւոր Արուեստագէտներէն ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ-ԱՇՈՒՂԱԿԱՆ-ՀԱՅՐԵՆԱԿԱՆ-ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ՓԱՅԼՈՒՆ ՄԵԿՆԱԲԱՆ՝ ՃՈՆԻ ԿԷՕՔՃԵԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.