Հայաստանի ներքին գործերու նախարար Արփինէ Սարգսեան ընդունեց Երեւանի մէջ Յունաստանի դեսպան Խրիստոս Սոֆիանոփուլոսը, որուն հետ քննարկեց Երեւան-Աթէնք բարեկամական յարաբերութիւնները, նախարարական մակարդակով համագործակցութիւնը խորացնելու անհրաժեշտութիւնը եւ ներուժը: Ժողովականները անդրադարձան մանաւանդ Եւրոմիութեան հետ մուտքի արտօնագրերու ազատականացումի թղթածրարին եւ այդ ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն: Յունաստանի դեսպանը յայտնեց իր երկրին ամբողջական աջակցութիւնը Հայաստան-Եւրոմիութիւն մուտքի արտօնագրերուն դրութիւնը ազատականացնելու ջանքերուն: