Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Քարիմ Սուէյտ ներկայ գտնուեցաւ դրամատուներու վերակառուցումի թղթածրարին նուիրուած ժողովին, որուն մասնակցեցան ելեւմուտքի նախարարը եւ խորհրդարանի Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի հարցերով մնայուն յանձնաժողովի նախագահը: Ժողովականները քննարկեցին կառավարութենէն փոխանցուած օրինագիծին սեւագիրը եւ որոշեցին խորհրդակցութիւնները շարունակել մօտիկ ապագային: Կառավարիչը շեշտեց, թէ առեւտրական դրամատուներուն աշխատանքը վերակազմակերպելու հարցով Կեդրոնական դրամատունը ունի միայն կարծիք յայտնելու եւ խորհրդատուական իրաւասութիւն: Ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապէր այլ գիծի վրայ յայտնեց, թէ Սուրիոյ նկատմամբ սահմանուած պատժամիջոցներու չեղարկումը դրական պիտի ըլլայ Լիբանանին համար եւս, որովհետեւ հնարաւոր պիտի ըլլայ խորացնել ուժանիւթային համագործակցութիւնը Իրաքի, Եգիպտոսի եւ Յորդանանի հետ՝ սուրիական հողերուն վրայով: