Իրաւաբան Ռոման Երիցեան օրինական պարզաբանումով մը յայտանեց, թէ Արցախի Հանրապետութիւնը տակաւին չէ լուծարուած: Յիշեցնելով, թէ Արցախի անկումի օրերուն, նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան հրապարակած էր հանրապետութիւնը լուծարելու հրամանագիր մը, սակայն Երեւան փոխադրուելէ ետք մէկ այլ հռչակագրով չեղարկած էր լուծարումի որոշումը, իրաւաբանը բացատրեց, թէ երկու հռչակագրերն ալ իրաւական ազդեցութիւն չունին, որովհետեւ կը հակասեն Արցախի մայր օրէնքին եւ ուժի մէջ չեն մտած: Իրաւաբանը ուստի բոլորէն պահանջեց այսուհետեւ չխօսիլ Արցախի Հանրապետութիւնը լուծարուած ըլլալու մասին: Ան յիշեցուց, թէ Ատրպէյճան 30 տարի շարունակ ունեցած է Շուշիի, Աղտամի եւ այլ համայնքներու ղեկավարներ, թէեւ նշեալ շրջանները օրին կը գտնուէին հայկական տիրապետութեան տակ: «Տարածքային կորուստով Արցախի էջը փակուած չհամարէք: Մենք մերը պիտի վերադարձնենք», ըսաւ իրաւաբան Ռոման Երիցեան: