Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունի գլխաւորութեամբ երէկ Պաապտայի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ կառավարութեան հերթական նիստը, ներկայութեամբ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի ու նախարարներուն: Նիստի ընթացքին քննարկուեցան շարք մը օրինագիծերու բանաձեւեր, պետական կարգ մը պաշտօններու նշանակումներուն թղթածրարը, ինչպէս նաեւ կազմակերպչական նիւթեր: Ժողովէն առաջ Աուն առանձնազրոյց ունեցաւ վարչապետ Սալամի հետ: