Լիբանանի մէջ կը շարունակուին քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւններու երրորդ փուլին պատրաստութիւնները: Ներքին գործերու նախարար Ահմատ Հաժժար նախարարութեան մէջ գումարեց ընդարձակ ժողով մը, մասնակցութեամբ Պէյրութի, Պեքաայի եւ Պաալպաք-Հըրմէլի նահանգապետներուն, ինչպէս նաեւ ընտրական հոլովոյթով զբաղող դատաւորներուն: Ժողովականները արծարծեցին նշեալ երեք նահանգներուն մէջ Կիրակի օր կազմակերպուելիք ընտրութիւններուն թղթածրարը, կոչ ուղղելով երաշխաւորելու ընտրութեան թափանցիկութիւնը, անվտանգութիւնն ու արդար ընթացքը: Հաժժար անդրադարձաւ Հիւսիսի եւ Աքքար մէջ անցեալ Կիրակի տեղի ունեցած ընտրութեան մանրամասնութիւններուն եւ վերարժեւորեց կազմակերպչական արդիւնքները, դրուատելով ապահովական ու զինուորական կառոյցներուն աշխուժութիւնը: