Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ Ռիատի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ իր սուրիացի պաշտօնակից Ահմատ Շարաայի հետ, ներկայութեամբ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամմատ պըն Սալման իշխանին: Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Թրամփ Շարաային կոչ ուղղած է Սուրիոյ մէջ կերտելու նոր պատմութիւն եւ համաձայնագիր կնքելու Իսրայէլի հետ, երկրէն վտարելով «պաղեստինցի ահաբեկիչները»: Ամերիկացի նախագահը առաջարկած է նաեւ համագործակցիլ Ուաշինկթընի հետ՝ կանխելու համար «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութեան վերադարձը Սուրիա: Ան ամերիկեան ընկերութիւններուն կոչ ուղղեց ներդրումներ կատարելու Սուրիոյ քարիւղային եւ կազային ոլորտներուն մէջ: Իսկ Սուրիոյ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Թրամփ-Շարաա ժողովին ընթացքին քննարկուած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ոլորտին մէջ համագործակցելու հնարաւորութիւնները:
Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործերու նախարարութեան բանբերը պատմական որակեց Շարաայի հետ Թրամփի հանդիպումը, վերահաստատելով Ուաշինկթընի ամբողջական աջակցութիւնը Լիբանանին: