Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԹՐԱՄՓ. «ԱՈՒՆ ԵՒ ՍԱԼԱՄ ԿՐՆԱՆ ԿԱՌՈՒՑԵԼ ԼԱՒ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ» Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ յայտնեց, թէ կը փափաքի համաձայնութիւն կնքել Թեհրանի հետ, պայմանաւ որ Իրան վերջ տայ տարածաշրջանին մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն տրամադրած զօրակցութեան: «Իրան պէտք չէ տիրանայ հիւլէական զէնքի եւ պէտք է գործադրենք Թեհրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցները», ըսաւ Թրամփ: Ռիատի մէջ Ծոցի արաբական երկիրներու ղեկավարներուն հետ գումարած գագաթաժողովին ընթացքին, նախագահը վերստին կոչ ուղղեց անյապաղ ազատ արձակելու Կազայի մէջ արգելափակուած գերիները եւ աշխատանք տանելու խաղաղութեան յանգելու համար: «Սակայն, չենք կրնար խաղաղութիւն կնքել, երբ շրջանին մէջ կան անմեղները բռնաբարող եւ չարչարող ղեկավարներ», ըսաւ ան եւ հնարաւոր համարեց Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններուն բնականոնացումը: «Լիբանան առիթ ունի ձերբազատուելու Հըզպալլայի լուծէն: Նախագահ Ժոզէֆ Աուն եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ կրնան կառուցել լաւ պետութիւն մը», ըսաւ Թրամփ: Իր խօսքը ուղղելով Ծոցի ղեկավարներուն, ամերիկացի նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնեց սերտօրէն համագործակցելու անոնց հետ, նկատի ունենալով աշխարհի քարտէզին վրայ Միջին Արեւելքի կարեւոր դիրքը: Գագաթաժողովէն օր մը առաջ, ամերիկեան եւ սէուտական կողմերը ստորագրեցին միլիառաւոր տոլարներ արժող ներդրումային համաձայնագրեր: Սպիտակ տունը յայտարարեց, թէ Ռիատ 142 միլիառ տոլար արժողութեամբ զէնք պիտի գնէ յառաջիկայ տարիներուն, իսկ սէուտական ընկերութիւնները ներդրումներ պիտի կատարեն Միացեալ Նահանգներու մէջ, կեդրոնանալով ուժանիւթի եւ արհեստական բանականութեան ոլորտներուն վրայ: Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործերու նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան իշխանը իր կարգին յայտնեց, թէ սէուտական եւ ամերիկեան կողմերը շեշտած են Կազայի պատերազմին վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը, կոչ ուղղելով չեղարկելու Սուրիոյ նկատմամբ սահմանուած պատժամիջոցները: Թրամփ ապա ուղղուեցաւ Տոհա, ուր տեսակցեցաւ Քաթարի իշխանին հետ: Վերջինս «խաղաղութեան մարդ» որակեց Թրամփը, վստահեցնելով որ կարելի է համատեղ աշխատիլ՝ զանազան շրջաններու մէջ խաղաղութիւն հաստատելու: Թրամփ իր կարգին ուրախութիւն յայտնեց, որ Տոհա աշխատանք կը տանի տարածաշրջանի խնդիրները լուծելու:

May 15, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Միջազգային
0

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ յայտնեց, թէ կը փափաքի համաձայնութիւն կնքել Թեհրանի հետ, պայմանաւ որ Իրան վերջ տայ տարածաշրջանին մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն տրամադրած զօրակցութեան: «Իրան պէտք չէ տիրանայ հիւլէական զէնքի եւ պէտք է գործադրենք Թեհրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցները», ըսաւ Թրամփ: Ռիատի մէջ Ծոցի արաբական երկիրներու ղեկավարներուն հետ գումարած գագաթաժողովին ընթացքին, նախագահը վերստին կոչ ուղղեց անյապաղ ազատ արձակելու Կազայի մէջ արգելափակուած գերիները եւ աշխատանք տանելու խաղաղութեան յանգելու համար: «Սակայն, չենք կրնար խաղաղութիւն կնքել, երբ շրջանին մէջ կան անմեղները բռնաբարող եւ չարչարող ղեկավարներ», ըսաւ ան եւ հնարաւոր համարեց Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններուն բնականոնացումը: «Լիբանան առիթ ունի ձերբազատուելու Հըզպալլայի լուծէն: Նախագահ Ժոզէֆ Աուն եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ կրնան կառուցել լաւ պետութիւն մը», ըսաւ Թրամփ: Իր խօսքը ուղղելով Ծոցի ղեկավարներուն, ամերիկացի նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնեց սերտօրէն համագործակցելու անոնց հետ, նկատի ունենալով աշխարհի քարտէզին վրայ Միջին Արեւելքի կարեւոր դիրքը:

Գագաթաժողովէն օր մը առաջ, ամերիկեան եւ սէուտական կողմերը ստորագրեցին միլիառաւոր տոլարներ արժող ներդրումային համաձայնագրեր: Սպիտակ տունը յայտարարեց, թէ Ռիատ 142 միլիառ տոլար արժողութեամբ զէնք պիտի գնէ յառաջիկայ տարիներուն, իսկ սէուտական ընկերութիւնները ներդրումներ պիտի կատարեն Միացեալ Նահանգներու մէջ, կեդրոնանալով ուժանիւթի եւ արհեստական բանականութեան ոլորտներուն վրայ:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործերու նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան իշխանը իր կարգին յայտնեց, թէ սէուտական եւ ամերիկեան կողմերը շեշտած են Կազայի պատերազմին վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը, կոչ ուղղելով չեղարկելու Սուրիոյ նկատմամբ սահմանուած պատժամիջոցները:

Թրամփ ապա ուղղուեցաւ Տոհա, ուր տեսակցեցաւ Քաթարի իշխանին հետ: Վերջինս «խաղաղութեան մարդ» որակեց Թրամփը, վստահեցնելով որ կարելի է համատեղ աշխատիլ՝ զանազան շրջաններու մէջ խաղաղութիւն հաստատելու: Թրամփ իր կարգին ուրախութիւն յայտնեց, որ Տոհա աշխատանք կը տանի տարածաշրջանի խնդիրները լուծելու:

Share61Tweet38
Previous Post

ՅԻՇԵԼՈՎ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ 20 ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ԱՐԿԱԾԱՀԱՐ ՄԱՀԸ

Next Post

  ԹՐԱՄՓ-ՇԱՐԱԱ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Next Post
  ԹՐԱՄՓ-ՇԱՐԱԱ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

  ԹՐԱՄՓ-ՇԱՐԱԱ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.