Միջին ու նոր սերունդները պիտի չյիշեն։ Նոյնիսկ ուս պիտի թօթուեն՝ հարց տալով, թէ ո՞ր ուսանողներու, ի՞նչ արկածի մասին է խօսքը։
Տարեց ու աւագ սերունդը սակայն յստակօրէն պիտի յիշէ դէպքը, ու այդ յիշողութիւնն իսկ պիտի փշաքաղէ, պիտի տրտմեցնէ զինք պահ մը։
Ես, որ կը սիրեմ պրպտել ու թղթատել հայ մամուլի հին հաւաքածոները, քանի-քանի անգամներ դէմ-յանդիման գտնուած եմ լիբանանահայ այլազան թերթերու 1960-ի ապրիլեան այն թիւերուն, ուր քսանի չափ թարմատի հայ ուսանողներու լուսանկարները շարուած են կողք-կողքի, սեւ երիզի մէջ առնուած, սգալով անոնց դաժան մահը, հաւաքական աղիտալի կորուստը՝ ինքնաշարժի ահաւոր ու սարսռազդեցիկ արկածի մը հետեւանքով…։
Դէպքը պատահած էր 1 Ապրիլ 1960-ին։ Անհաւատալի ու ցնցիչ պատահար։ Ապրիլմէկեան կատակ մըն էր կարծես…։ Վաղամեռիկ Պետրոս Դուրեանի բնորոշումով՝ «Դամբանի մրուրով գրուած» թուական մը։
Այսօր կրկին յիշեցի այդ դէպքը, որովհետեւ անդրադարձայ, որ ճիշդ 65 տարի սահեր անցեր էր այդ քսան անբախտ դպրոցականներուն մահուան թուականէն։
Մտածեցի, որ անոնք եթէ ապրէին, եթէ սեւ ճակատագիրը դաժանօրէն չփրցնէր անոնց կեանքին թելը, հիմա անոնցմէ ոմանք շուրջ 80, 85-ամեայ ծերունիներ պիտի ըլլային, շրջապատուած՝ զաւակներով, թոռներով, հարսերով ու փեսաներով…։
65 տարի…
Ապրիլ ամիսը եկա՜ւ ու անցա՜ւ։ Ոգեկոչուեցան Մեծ Եղեռնի նահատակները, յիշատակուեցան Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի զոհերը (յիսնամեակի առթիւ), սակայն ո՛չ ոք յիշեց արկածահար քսան դեռատի մանչերն ու աղջիկները…։
Գիտեմ։ Մարդոց յիշողութիւնը կարճ է։
Ես կը սիրեմ թիավարել հոսանքն ի վեր։ Եւ այդ սկզբունքէն մեկնելով է որ այսօր, իմ այս սիւնակին մէջ կ՛ոգեկոչեմ արկածահար քսան այդ երիտասարդները, իրենց մահուան 65-րդ տարելիցին առիթով։ Աշխարհիկ հոգեհանգիստ մը կ՛ուզեմ կատարել անոնց մաքուր եւ անբիծ հոգիներուն համար։ Կ՛ուզեմ արձանագրել անոնց անունները մէկ առ մէկ։
Բայց նախ՝ հարկ է վերապատմել, թէ ի՞նչ պատահած էր այդ օր։ Արկածը ինչո՞ւ այդքան ահաւոր էր՝ որ խլեց այսքան մեծաթիւ զոհեր։
*
Այդ օր, 1 Ապրիլ 1960-ին, ԷշրէՖիէի Հայ Աւետ. Բարձրագոյն վարժարանի աշակերտները ութ հանրակառքերով պտոյտի գացեր էին Պեքաայի դաշտը, Այնճար։ Դպրոցին կողմէ կազմակերպուած աւանդական պտոյտ մըն էր այս։ Երեկոյեան ժամը 6:00-ին, մինչ բոլորը Պէյրութ կը վերադառնային, Սոֆարէն դէպի Պհամտուն ճամբուն վրայ հանրակառքերէն մէկուն արգելակները կը խանգարուին, վարորդը չի յաջողիր կեցնել հանրակառքը, որ զառիվարի մը վրայ սուրալով՝ հակակշիռէ դուրս կու գայ եւ իվերջոյ կ՛երթայ կը բախի տան մը պատին ու ցածկեկ պատշգամին եւ ահագնադղորդ աղմուկով մը ջարդուփշուր կ՛ըլլայ…։ Կառքին մէջ գտնուող 34 ուսանողներէն 18-ն (մեծաւ մասամբ՝ աւարտական կարգի աշակերտներ) եւ իրենց ընկերակցող 3 ուսուցչուհիներ կը մահանան տեղն ու տեղը…։ Իսկ վարորդը, կ՛ըսուի թէ նախքան մահաբեր բախումը, ինքզինք դուրս կը նետէ հանրակառքին դռնէն ու կը փրկուի…։
Լիբանանահայ (նաեւ լիբանանեան օտարալեզու) թերթերը յաջորդ օր կը նկարագրէին զարհուրելի արկածը, կը տպէին երկաթի ճմլուած զանգուածի մը վերածուած արկածեալ հանրակառքին լուսանկարները ու կը նկարագրէին տեղւոյն վրայ պարզուած սրտաճմլիկ տեսարանները։ Արիւնը ողողած է գետինը, բզքտուած կամ մասնատուած դիակներ դէս ու դէն շպրտուած, ողջ մնացողներուն ճիչերն ու աղաղակները երկինք կը բարձրանան….։
Աղէտին շանթահարիչ գոյժը կը հաղորդուի Պէյրութ։ Հիւանդատար կառքեր կը հասնին վայրը, արկածահար օթօպիւսէն դուրս կը հանուին զոհերուն մարմինները, որոնք անճանաչելի մսակոյտերու վերածուեր են…։ Այդ դիակները, նաեւ՝ վիրաւորները, կը փոխադրուին մայրաքաղաքի Օթէլ Տիէօ, Գարանթինա եւ ՍԻ.ԷՄ.ՍԻ հիւանդանոցները։ Արկածեալներուն ծնողները գրեթէ խելագար՝ հո՛ն կը փութան, իրենց զաւակներէն լուր մը առնելու յոյսով։ «Արարատ» այս առթիւ կը գրէր. «Սակայն կարելի՞ է ճանչնալ մսակոյտի վերածուած, անճանաչելի դարձած մարմինները։ Ոմանք դժուարութեամբ, հազիւ հագուստեղէններէն կրնային զանազանել իրենց սիրելիները, ուրիշներ կը մարին իրենց սրտահատորներուն վրայ, ողբը կը պատէ չորսդին»…։
Ահա՛ եղերաբախտ զոհերուն անունները.
— Ուսուցչուհիներ՝ օրդ. Ժանէթ Փալասեան, օրդ. Լուսին Քիւրքճեան (փոխտնօրէնուհի), օրդ. Կրէյս Քիթապճեան։ Ուսանողներ (բոլորն ալ 15-19 տարեկան)՝ Վահէ Գարակէօզեան, Վարուժան Մանուշակեան, Հրաչ Եարտըմեան, Ասպետ Մանճիկեան, Պօղոս Օֆլազեան, Նորայր Սալիպեան, Ժագ Օհանեան, Գրիգոր Այնիլեան, Գրիգոր Փանոսեան, Սարգիս Մարաշլեան։ Ուսանողուհիներ՝ Թագուհի Գոճայեան, Սեդա Մանուշակեան, Ժանէթ Օֆլազեան, Սիրվարդ Կէօքկէօզեան, Նորա Շատարեւեան, Զարուհի Պալպուչաքեան, Լիտիա Միսիսեան եւ Արմենուհի Տէմիրճեան։
Այս աննախընթաց աղէտին ի լուր՝ Պէյրութի բովանդակ հայութիւնը կը մատնուի խոր վիշտի։ Ի յարգանս զոհերուն՝ յաջորդ օր հայկական բոլոր դպրոցները փակ կը մնան։ Ազգային ամէն ձեռնարկ կը յետաձգուի։ Սուգը կը համակէ նաեւ Լիբանանը։
Ահա այսպէս, 21 գարուններ կը խամրին անժամանակ։ Անոնք կը հեռանան կեանքէն՝ դեռ առանց մօտեցած ըլլալու անոր։ «Մնաք բարով» կ՛ըսեն կեանքին՝ առանց «բարի լոյս» ըսած ըլլալու։ Ի մի բան՝ կը մեռնին առանց ապրած ըլլալու…