Յիրաւի, «Մեծ Յաղթանակ» յորջորջած են նացիական-ֆաշիստական ուժերուն անփառունակ խոնարհումը մարդկութեան մեծամասնութեան դիմաց: Պատմութեան ամենաահաւոր պատերազմի աւարտին ազդանշանն էր այդ, երբ 1945 Մայիս 9-ին, Պերլինի մէջ, փլատակներու ընդմէջէն կը բարձրանար Խորհրդային միութեան դրօշը: 20-րդ դարուն, երկու անգամ, Գերմանիա իր դաշնակիցներով, երկրագունդը նետեցին արիւնի ու բոցերու, զոհերու եւ անպատմելի վայրագութեանց գեհէնը: Առաջինին, մեծ չարիքին չարանենգ հեղինակները, առանց խղճահարութեան, առանց իրենց ստացած պատիժին անդրադառնալու, իրենց պատճառած ողբերգութեանց հանդէպ դոյզն խիպի ու ամօթի, կրկնեցին նոյնը աւելի դաժանութեամբ, աւելի լայն տարողութեամբ եւ արդիականացած հրէշութեամբ: Փոխվրէժ է՞ր, ազգային բնա՞զդ էր, անուղղելի ռազմատենչութիւն է՞ր, թէ՞ Հիթլէրի ուղեղէն ծնած երեւակայութեան հետեւանք էր՝ աշխարհին տիրելու գերմարդ գերմանացիի (արիացի) անզսպելի ցնորամտութեամբ:
Երկարատեւ եղաւ արիւնահեղութիւնը (1939-1945 թ.): Մաշողական եւ հիւծող էր պատերազմը: Ողջ մարդկութիւնը տուժեց՝ իւրաքանչիւր հատուած իր բաժինով, իր չափով: Նացիզմը գտած էր իր հոգեհարազատ ֆաշիզմը՝ Մուսոլինիի ղեկավարութեամբ: Ի հեճուկս այս սոսկալի մոլեգնութեան, բոլորին ուղղուած մարտահրաւէրը յստակ էր՝ սպառսպուռ տախտապարել այս անսաստելի երկուորեակը, որոնց աւելի ուշ միացաւ Ճաբոն: Գերմանիոյ յարակից երկիրներ, բնականաբար, եղան առաջին թիրախները, յատկապէս Ֆրանսա: Մինչեւ ատամները զինուած եւ հմտօրէն պատրաստուած նացիստական ուժերուն կը թուէր թէ պիտի կարողանան ծնկաչոք դարձնել բոլորը՝ մէկ առ մէկ՝ հերթականութեամբ. պիտի յաջողին իրենց նորաստեղծ մարդաջինջ զէնքերով ահաբեկել չորսիդին:
Սկզբնական յաջողութիւններով խանդավառ, Հիթլէր գայթակղութիւնը ունեցաւ իր զօրքերը ուղղելու Խ. Միութեան դէմ: Ան երեւի ուզեց գերազանցել Նափոլէոնը, որ 1812-ին, նոյնպիսի սին պատրանքներով արշաւեց Ռուսաստան՝ անոր ահեղ ցուրտին ու ձիւնէ տափաստաններուն մէջ իր ջախջախիչ պարտութիւնը կրելու: Ինչպէս շպրտուած էր Ֆրանսայի կայսրը ժամանակին, նացիստական զօրքերը նմանատիպ ճակատագիր ունեցան Սթալինկրատի փողոցներուն մէջ: Հիթլէրական ժանտ թաթը, իր ողջ ծանրութեամբ ու կոշտութեամբ, պիտի փշրուէր Խորհրդային միութեան ժողովուրդներուն, զինուորներուն եւ անոր քաջարի հերոսներուն կողմէ: Թէեւ շատ ծանր կորուստներու ենթարկուեցաւ Խ. Միութիւնը, պաշարուած քաղաքներ հերոսական գուպարով տոկացին գերմարդկային ճիգերով, միլիոնաւոր զոհեր ինկան ռազմի դաշտին վրայ, բայց ի վերջոյ սանձուեցան Հիթլէրն ու իր խելացնոր երազները: Խ. Միութիւնն ուղղակիօրէն կրեց պատերազմին ծանրութեան առիւծի բաժինը: Անչափելի կորուստներու դիմաց, ի չիք դարձաւ այն սպառնալիքը, որ հետզհետէ մօտենալով կրնար քայքայել Խ. Միութիւնը եւ փոխել աշխարհի քարտէզը: Ֆաշիզմը եթէ շարունակէր իր նուաճողական ընթացքը եւ իրականութիւն դառնար Հիթլէրի սրարշաւ յարձակման ծրագիրը, ո՞վ կրնայ պատկերացնել թէ մարդկութիւնը ինչպիսի՜ աղէտի մը դէմ-յանդիման պիտի գտնուէր գլուխը կախ ու սիրտին մէջ ցաւ: Արդարեւ, խորհրդային ժողովուրդներ միակամ ու վճռական պաշտպանութեամբ, անձնդիր զոհաբերութիւններով եւ ապա կտրուկ ու նպատակասլաց հակագրոհով, աստիճանաբար ազատագրեցին իրենց հողերը հիթլէրեան կրունկներէն, յառաջացան ամենայն խիզախութեամբ, համբերատար ու նպատակամէտ յաջողութիւններով հասան Պերլին՝ իր օրրանին մէջ խեղդելու չարիքին արմատը: Անոնց պայքարը, կամքն ու կորովը, անգնահատելի զոհերն ու զրկանքները փրկեցին ուրիշ ժողովուրդները ֆաշիզմի աղէտէն: Անոնք այնքա՜ն երախտապարտ պէտք է ըլլան մեծ յաղթանակը կերտած ժողովուրդին, քանի անոր բարիքները վայելեցին բոլորը՝ աշխարհի տարբեր ծագերուն: Ահա թէ ինչու պանծալի թուական է Մայիս 9-ը, որ կը տօնուի ցնծագին ոգեւորութեամբ:
Պերլինի կիսափուլ կառոյցներու կողքին, հայ զինուորներ Քոչարի պարով նշեցին իրենց յաղթանակը: Եւ սա պատահական չէր: Պատերազմին ռազմակոչը ոտքի հանած էր հայութեան կարեւոր տոկոսը. թէեւ կային նացիստներուն լծակից կամակատար հայ ֆաշիստներ՝ իրենց սուինները ուղղելու Խ. Հայաստանի դէմ, որոնք թութակաբար կը փառաբանուին այսօր՝ որպէս փայլուն ռազմիկներ ու ազգային հերոսներ…: Խ. Հայաստան, հակառակ իր փոքրաթիւ բնակչութեան, շուրջ 600 հազար զինուոր ղրկեց ռազմադաշտ՝ նախ նացիստները զսպելու եւ ապա Պերլին խոյանալու: Ինչքա՜ն հերոսներ ինկան Քուրսքի ճակատամարտին, Կերչի նեղուցին, Թամանեան թերակղզիին թէ Պերլինի մատոյցներուն: 300 հազար նահատակ ունեցաւ հայութիւնը, սգաց գրեթէ ամէն օճախ ու սեւով շղարշուեցաւ ամէն երդիք: Իսկ 300 հազար հայորդիներ վիրաւոր կամ պարտասած վերադարձան հայրենիք՝ վայելելու յաղթանակն ու խաղաղութիւնը: Ինչքա՜ն անդամահատուած զինուորներ մտան տուն՝ վերապրելու հայկական ոգիով, նոր բոյներ կազմելու երջանիկ յոյսերով: Անոնք արդար պայքարով եւ անուրանալի սխրանքներով նուաճած էին խաղաղութեան ու հայրենի հողին գինը: Մեզի համար մեծ էր կորուստներուն թիւը: Մեծ Եղեռնէն վերապրած հայութիւնը ստացած էր հերթական հարուածը: Կը մնար լաւատեսութեամբ եւ աշխատանքային նոր թափով ու աւիշով դարմանել վիշտը, կառուցել աւելի լաւը՝ քանզի հպարտառիթ յաղթանակը պէտք է շքեղանար բարի ու արդար քրտինքով:
Պատերազմի այս թոհուբոհին, հայութիւնը տուաւ զինուորական հմուտ գործիչներու աստղաբոյլ մը՝ մարաջախտներ Յ. Բաղրամեանի, Հ. Պապաջանեանի, Ա. Խամփերեանցի եւ ծովակալ Իսակովի գլխաւորութեամբ: Նուէր Սաֆարեան թէ Յունան Աւետիսեան փառքով կատարեցին իրենց պարտքը հայրենիքին նկատմամբ: Հայութիւնը, որ գերմաններուն հանդէպ լեցուած էր մաղձով ու զայրոյթով, տակաւին Մեծ Եղեռնի օրերէն՝ որպէս Օսմանեան կայսրութեան դաշնակից եւ Հայոց ցեղասպանութեան կազմակերպիչ ու մեղսակից, հասնելով Պերլին՝ վրիժառու կ’ըլլար իր կոտորուած հայրերուն եւ մայրերուն արեան կանչին, գրաւեալ հայրենիքի կարօտին, ցեղասպանեալ հայրենակիցներուն եւ որբացած մանկիկներուն: Ուստի, Հայրենական պատերազմը նաեւ հայո՛ւն պատերազմն էր թուրքին զինակից ու հովանաւոր ուժին դէմ: Հիթլէրի արիւնալիր աչքերուն մէջ հայ զինուորը կը տեսնէր գազանաբարոյ Թալաաթին արիւնատենչ հայեացքը: Հայուն պատասխանը ամբողջական չէր, ուշացած էր նաեւ, բայց՝ պատասխան էր յամենայնդէպս:
Հայ ժողովուրդը, անոր աշխարհատարած հայրենասէր ու յառաջդիմական հատուածը յատկապէս, ընդառաջելով ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան տեղապահ Գէորգ արք. Չէօրեքճեանի 2 Փետրուար 1943-ին հրապարակած կոչին՝ նիւթապէս զօրակցելու Խ. Միութեան պաշտպանութեան գործին, իր սրտաբուխ եւ լիաբուռն օժանդակութեամբ ձեռք մեկնեց անվերապահօրէն եւ որուն արդիւնքով պատրաստուեցաւ հրասայլերու շարասիւն մը՝ «Սասունցի Դաւիթ» անունով: Այս հայրենակերտ վարքագիծը բարձրօրէն գնահատուեցաւ Կարմիր բանակին կողմէ, որովհետեւ ռազմադաշտին վրայ տուաւ իր գործնական արդիւնքները: Այդ օրերու հայոց հոգեւոր պետը կը գրէր նաեւ. «Պարծանքով պիտի յիշեմ, որ հայ զինուորը պատուով կատարեց հայրենի ժողովրդի սրբազան պատգամը: Իր անձնուէր հերոսութեամբ Հայրենական Պատերազմում հայ մարտիկը հայ ժողովրդի մարտական ոգու նոր ու փայլուն օրինակներ հանդէս բերեց եւ յաղթանակի փառքով պսակեց հարազատ ժողովրդին եւ իրեն»:
Խ. Միութեան ժողովուրդներու կողքին, նաեւ հայը իր սուրը փառքով դրաւ պատեան:
Յաղթանակին գինը թանկ էր: Այդ պատճառով ոչ ոք մոռցուած է եւ ոչինչ մոռցուած է:
Սերունդները պարտին պատշաճօրէն գնահատել Մեծ Յաղթանակին բարձր գինը. պատշաճօրէն յարգել Մեծ Յաղթանակը կերտած նահատակներուն յիշատակը:
«Ա»