Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍՓԻՒՌՔԻ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐԸ ՄԻԱՅՆ ԲԵՄ ՉԵՆ ԿՐՆԱՐ ԸԼԼԱԼ

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՉ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ

May 13, 2025
in Յօդուածներ
0

 

Երիտասարդութիւնը կրնայ յայտնաբերել իր դերը, արտայայտել իր ձայնը եւ ի գործ դնել իր կարողութիւնները

 

 

Քանի մը ամիս առաջ, «Սփիւռքի մեծ բացական՝ ղեկավարութիւն» (1) վերնագրով յօդուածի մը մէջ անդրադարձած էի, թէ ինչպէս Սփիւռքի «դասական» կազմակերպութիւնները խոր ճգնաժամի մէջ են, թէ  սփիւռքեան ղեկավարութեան քանակական եւ որակական նօսրացումը հիմնական ու գոյութենական խնդիր է, եւ կառոյցները չեն յարմարած 21-րդ դարու իրականութիւններուն։ Առանց արմատական ինքնաքննադատութեան, երիտասարդներու եւ կանանց ներգրաւման, բաց երկխօսութեան եւ ժամանակակից աշխատելակերպի որդեգրման, կառոյցները դատապարտուած են աստիճանաբար կազմալուծուելու։ Միասնականութեան մասին դատարկ կարգախօսերը գործնական քայլերով պէտք է փոխարինուին՝ նոր տեսլականով ու նոր առաջնորդներով՝ հիմնուած վստահութեան, արդիական մեթոտներու եւ համադրուած ջանքերու վրայ։

Այս յօդուածին մէջ կը փափաքիմ առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձնել երիտասարդութեան վրայ եւ որոշ գործնական առաջարկներ ընել:

Անուրանալի է, որ տասնամեակներու ընթացքին, սփիւռքեան ազգային կամ համայնքային կառոյցները − եկեղեցին, միութիւններ, կուսակցութիւններ, մշակութային եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններ − համայնքային կեանքի ողնաշարը եղած են։ Անոնք ջամբած են հայրենասիրական ոգի, փոխանցած են հոգեւոր դաստիարակութիւն, մշակոյթ ու լեզու, եւ ստեղծած են պատկանելիութեան մթնոլորտ մը աշխարհի տարբեր ծագերուն տարածուած հազարաւոր հայերու համար։ Սակայն, ժամանակները փոխուած են։ Նոր սերունդի մտածողութիւնը, աշխարհահայեացքը ու սպասումները այլ են։ Իսկ հարցումը, որ կը մնայ անպատասխան՝ սերունդներու այս կամուրջը ինչպէ՞ս պիտի կերտուի կամ ձեւաւորուի։

Կառոյցը միջոց է, ոչ՝ նպատակ

Առաջին հերթին անհրաժեշտ է ըմբռնել պարզ բայց կարեւոր իրողութիւն մը՝ ազգային կառոյցները ինքնին նպատակ չեն։ Ակումբը, միութիւնը կամ կուսակցական կառոյցը միջոցներ են, ոչ թէ վերջին կայարան։ Այդ կառոյցները կը գործեն որպէս անցումային օղակներ, որոնք մարդը կը կապեն իր ինքնութեան, մշակոյթին ու արմատներուն։ Սակայն երբ կառոյցը դառնայ ինքնանպատակ՝ առանց հաշուի առնելու թէ ով ներգրաւուած է եւ ինչու, ան կը դադրի կենսունակ ու իմաստալից ըլլալէ։

Շատ յաճախ հայկական կազմակերպութիւններու քննարկումներուն մէջ բացակայ է այս ճշմարտութիւնը։ Կարծրացած է այն ենթադրութիւնը, որ «ակումբ»ը կամ «համայնքային կեդրոնը» կամ նոյնիսկ եկեղեցին, բոլորին կողմէ նոյն կերպ կը մեկնաբանուի, կամ բոլոր «օգտատէրերը» նոյն հետաքրքրութիւնը, ակնկալութիւնները ունին, նոյն գնահատականը կ’ընեն: Որեւէ լուրջ կազմակերպութեան մը ղեկավարութիւն պէտք է ունենայ այն խոնարհութիւնն ու իրատես կամքը՝ հարց տալու, թէ «Ի՞նչ կ՛ուզեն մեր երիտասարդներն ու նորահաս սերունդները։ Ի՞նչ կ՛ակնկալեն տեսնել մեր կազմակերպութիւններուն մէջ»։

Փաստերը ի՞նչ կ‘ըսեն

Ըստ վերջին տարիներուն հայկական սփիւռքի մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւններուն (2), Սփիւռքի կազմակերպութիւններու դերին մասին 16-35 տարեկան հայ երիտասարդներուն մօտ քանի մը կարեւոր մտածումներ կը նկատուին։ Շատեր յատկապէս անջատուած կը զգան համայնքային կազմակերպութիւններէն եւ անոնց առաջնորդներէն։ Օրինակ՝ Մոնթրէալի մէջ, Քեպէք ծնած երիտասարդուհի մը կ’ըսէ, թէ հայկական վարժարանին մէջ չէր կրնար ընդունուած կառոյցի կարծիքէն տարբեր կարծիք յայտնել. թոյլատրելի չէր։ Ըստ 2019-ին Արժանթին, Մոնթրէալ եւ Լիբանան կատարուած ուսումնասիրութեան, 16-24 տարեկաններու 84 տոկոսը եւ 25-34 տարեկաններու 76 տոկոսը հայկական քաղաքական կուսակցութիւններու հետ կապ չունէին։ Նոյն երեւոյթը արձանագրուած է նաեւ ԱՄՆ-ի եւ Թորոնթոյի մէջ 2022-ին, ուր բոլոր տարիքի մասնակցողներու մեծ մասը՝ յատկապէս երիտասարդները, համայնքային կուսակցական կազմակերպութիւններուն մէջ գործուն մասնակցութիւն չունէին։

Երիտասարդներու մեծ մասին համար համայնքային կազմակերպութիւններու ծրագրերը չեն հետաքրքրեր զիրենք։ Ըստ 2019-ի ուսումնասիրութեան, 34 տոկոսը նշած էր, որ երիտասարդներու հետաքրքրութիւններուն չհամապատասխանող ծրագրերու պակասը լուրջ խնդիր է։ Ըստ 2021-ի Եւրոպայի համայքներու արդիւնքներու, 16-24 տարեկաններու 56 տոկոսը առաջնահերթ կը նկատէր հայոց պատմութեան, լեզուի, արուեստի, երաժշտութեան, հայկական խոհանոցի եւ պարի շուրջ դասախօսութիւններու եւ միջոցառումներու կազմակերպումը։ Նմանապէս, ըստ 2022-ին Միացեալ Նահանգներու եւ Թորոնթոյի մէջ կատարուած հարցախոյզի արդիւնքներու, «երիտասարդներու համար հետաքրքրական միջոցառումներու բացակայութիւնը» հիմնական խնդիր էր 18-24 տարեկաններու (46%) եւ 25-34 տարեկաններու (34%) համար։

Կարճ ըսած, այս տարիքային խումբերը կը զգան թէ չեն ներկայացուիր եւ հեռացած են աւանդական կառոյցներէն։ Որակական հարցազրոյցներու ընթացքին երիտասարդ մասնակիցներ նշած են, որ համայնքային կազմակերպութիւնները չեն յարմարիր ժամանակներու փոփոխութիւններուն եւ չեն արտայայտեր ամբողջ համայնքին կարծիքը։ Շատեր կը նշեն, որ կուսակցութիւնները եւ աւանդական կառոյցները չեն արդիականացած եւ չեն արտացոլեր նոր սերունդին մտածելակերպը։ Այդուհանդերձ, կրթական եւ մշակութային ծրագրերուն նկատմամբ հետաքրքրութիւնը շատ բարձր է. 2022-ին, Թորոնթոյի հարցախոյզը ցոյց տուած է, որ 18-24 եւ 25-34 տարեկան երիտասարդներու համար «համայնքի տարանջատումը» կը մնայ հիմնական մտահոգութիւն։

Նոր սերունդը լսել, ոչ թէ ենթադրել

Բազմաթիւ կազմակերպութիւններ կ’ենթադրեն, որ եթէ իրենք որոշ ծրագրեր յղանան եւ ստեղծեն՝ գեղեցիկ աֆիշներով եւ խելացի շուկայնացումով (marketing-ով), երիտասարդները ինքնաբերաբար պիտի «կլանեն» զանոնք։ Սակայն այս մօտեցումը չի համապատասխաներ ժամանակակից երիտասարդութեան ակնկալութիւններուն։ Այսօրուան նոր սերունդը կը փնտռէ իմաստ, ինքնութիւն, տարածք, ուր իր ձայնը նշանակութիւն ունի։

Երիտասարդները իսկապէս ներգրաւելու համար պէտք է սկսիլ լսել զանոնք։ Ոչ միայն անհատական զրոյցներով, այլեւ հետեւողական հարցադրումներով, հետազօտութիւններով՝ հասկնալու, թէ ի՛նչ ակնկալութիւններ ունին համայնքէն, եկեղեցիէն, կուսակցութիւններէն, միութիւններէն, եւ ընդհանրապէս հայկական կազմակերպութիւններէն։

Այս գործընթացը կրնայ շօշափելի կերպով իրագործել`ստեղծելով երիտասարդական խորհուրդներ, կազմակերպելով բաց ֆորումներ եւ քննարկումներ, ուր պատանիներու եւ երիտասարդութեան ձայնը ոչ միայն կը հնչէ եւ կ՚արձանագրուի, այլեւ կը դառնայ առաջնորդող ուղեցոյց։

Նոր մեթոտներ նոր սերունդին համար

Համայնքներու ապագան կախեալ է նոր սերունդէն, որ այսօր լուռ է, բայց ունի ձգտում եւ տեսլական։ Կառոյցները միայն բեմ չեն կրնար ըլլալ, ուր երիտասարդները կը լսեն, այլ հարթակ՝ ուր անոնք կը խօսին։

Անհրաժեշտ է ստեղծել առցանց եւ արհեստագիտական հարթակներ՝ խթանելու կապեր եւ համագործակցութիւն։ Միայն ֆիզիքական ներկայութիւնը այլեւս բաւարար չէ այսօրուան ժամանակակից երիտասարդին հասնելու համար։

Երիտասարդներուն համար պէտք է մշակել անձնական եւ մասնագիտական զարգացման ծրագրեր. օրինակ՝ հիւր խօսողներու մասնակցութեամբ քննարկումներ, ձեռնարկատիրութեան ու ինքնարտայայտման աշխատանոցներ, որոնք կ՚ամրացնեն կապը ազգային պատկանելիութեան եւ անհատական կերտումին միջեւ։

Սփիւռքեան կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները «ազգային ծառայութիւն», «յանձնառութիւն» եւ «պարտականութիւն» քարոզելէ առաջ, նախ մարդ  կերտելով պէտք է զբաղին. նկարագիր եւ ինքնութիւն ձեւաւորելու մասին մտածել: Երիտասարդը պէտք է զգայ, որ ինք դեր ունի համայնքին մէջ, ոչ թէ միայն ունկնդիր է: Երիտասարդները ներշնչել, լիցքաւորել եւ ուղեկից ըլլալ անոնց որպէս գործակիցներ։ Երիտասարդը պէտք է զգայ, որ ինք համայնքի ձեւաւորման մասնակից է, ոչ միայն ստացող։

Ճկուն եւ երիտասարդակեդրոն մօտեցումները պէտք է առաջնորդուին ոչ թէ ծրագրերու քանակով, այլ անոնց ազդեցութեամբ։ Հարցը այլեւս «ինչպէ՞ս անոնք կրնան մեզի միանալ» չէ, այլ՝ «ինչպէ՞ս մենք կրնանք իմաստալից ըլլալ անոնց աշխարհին մէջ»։

Վերջերս Վարագ Գեթսեմանեան (3) լիբանանահայ համայնքի հիմնական խնդիրներու մասին դիպուկ յօդուածի մը մէջ մատը վէրքին վրայ դրած էր: Այսօր յստակ տեսանելի է, որ հաստատութենական համակարգը անկարող է նոր հայեցակարգեր ձեւաւորելու։ Ան «կը շարունակէ շարժիլ աւանդոյթի ուժով միայն, հանրային, համայնքային եւ ազգային կեանքը սահմանափակելով հետաքրքրութիւններու շատ նեղ եւ շատ յաճախ ժամանակավրէպ օրակարգերով», կ’ընդգծէ դոկտ. Գեթսեմանեան։ Շատեր, դժգոհ համակարգի մտաւորական պարապութենէն, կը ձգտին դուրս գալու անոր սահմաններէն՝ արարելու նոր տարածքներու մէջ։ Սակայն անոնք կը բախին կարծրացած ինքնութեան շրջանակներու, որոնք արգելք կը հանդիսանան նորարարութեան։

Եթէ եկեղեցին, կուսակցութիւնները եւ համայնքային մշակութային, ուսումնական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւնները իսկապէս լուրջ են իրենց առաքելութեան մէջ, ապա անոնք պէտք է դուրս գան միապաղաղ աւանդոյթներու սահմաններէն, ընդարձակեն իրենց տեսլականը եւ ստեղծեն այնպիսի ներառարական ու ստեղծագործ միջավայրեր, ուր երիտասարդութիւնը կրնայ յայտնաբերել իր դերը, արտայայտել իր ձայնը եւ ի գործ դնել իր կարողութիւնները։

«Տարբերակ21»

_______

(1) https://shorturl.at/XCnUG.

(2) «Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզ», Armenian Diaspora Survey, 2019, 2021, 2022.

(3) «Ազդակ», 14 Ապրիլ 2025.

 

Share61Tweet38
Previous Post

«ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԷՆ ՆԵՐՍ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆ ՆԿԱՏՈՒԵԼՈՒ ԲԱՐԴՈՅԹԷՆ ՊԷՏՔ Է ԱԶԱՏՈՒԻ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Next Post

ՄԵԾ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻՆ ԳԻՆԸ  (ԵՐԿՐՈՐԴ ԱՇԽԱՐՀԱՄԱՐՏԻ ՓԱՌԱՊԱՆԾ ՅԱՂԹԱԿԱՆԻ   80-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ) 

Next Post

ՄԵԾ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻՆ ԳԻՆԸ  (ԵՐԿՐՈՐԴ ԱՇԽԱՐՀԱՄԱՐՏԻ ՓԱՌԱՊԱՆԾ ՅԱՂԹԱԿԱՆԻ   80-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ) 

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.