Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԷՆ ՆԵՐՍ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆ ՆԿԱՏՈՒԵԼՈՒ ԲԱՐԴՈՅԹԷՆ ՊԷՏՔ Է ԱԶԱՏՈՒԻ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

May 13, 2025
in Գաղութային
0
«ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԷՆ ՆԵՐՍ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆ ՆԿԱՏՈՒԵԼՈՒ ԲԱՐԴՈՅԹԷՆ ՊԷՏՔ Է ԱԶԱՏՈՒԻ»  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

 

7-8 Մայիս 2025-ին Ամմանի (Յորդանան) մէջ տեղի ունեցած քրիստոնեայ-իսլամ միջազգային համագումարի բացման նիստի իր խօսքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յատուկ կերպով շեշտեց, որ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքները իրենք զիրենք փոքրամասնութիւն նկատելու եւ նկատուելու բարդոյթէն պէտք է դուրս գան:

Համագումարը կազմակերպուած էր Յորդանանի Հասան Պըն Թալալ իշխանի հիմնած ու գլխաւորած քրիստոնեայ-իսլամ կազմակերպութեան կողմէ: Յայտնենք, որ Հասան իշխանը Յորդանանի նախկին թագաւոր Հուսէյնի փոքր եղբայրն է եւ ներկայ թագաւոր Ապտալլայի հօրեղբայրը: Համագումարին կը մասնակցէին քրիստոնեայ ու իսլամ հոգեւորականներ ու մասնագէտներ: Բացման նիստին նաեւ ներկայ էին բազմաթիւ հրաւիրեալներ՝ պետական, դիւանագիտական ու կրօնական շրջանակներէ: Նոյն նիստին խօսք առին նաեւ հինգ քրիստոնեայ հոգեւոր պետեր եւ իշխան Հասան:

Իր խօսքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը շեշտելէ ետք կարեւորութիւնը քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ու գործակցութեան, համագումարին ուշադրութեան յանձնեց հետեւեալ բնագաւառները, որոնք կը կարօտին յատուկ ուշադրութեան.- ընկերաբարոյական հարցեր, հաւատք եւ բանականութիւն, կրօնք եւ քաղաքականութիւն, կրօնքի շահագործում, հաւաքական բարոյական արժեհամակարգի ստեղծում:

Իր խօսքի երկրորդ բաժնին մէջ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ, թէ քրիստոնեայ-իսլամ միասնաբար ինչ նպաստ կրնան բերել ներկայ աշխարհի հարցերուն: Այս ծիրէն ներս Հայրապետը յիշեց կենսոլորտը, կրօնական ծայրայեղութիւնը, անարդարութիւնը, մարդկային իրաւանց անտեսումը եւ ընկերութեան կեանքը խաթարող երեւոյթներու բազմացումը, միաժամանակ շեշտելով, որ յիշեալ մարզերէն ներս երկու միաստուածեան կրօններու գործակցութիւնը կարեւոր է եւ հրամայական:

Աւարտին, Հայրապետը ըսաւ, որ քրիստոնեայ համայնքները եկուոր չեն տարածաշրջանէն ներս. անոնք իրենց յատուկ ինքնութեամբ, աւանդութիւններով ու մշակոյթով կը պատկանին շրջանի քաղաքակրթութեան: Քրիստոնեայ համայնքները տարածաշրջանի հասարակութեան լուսանցքին վրայ չեն, այլ մայր էջին վրայ են՝ իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերելով Միջին Արեւելքէն ներս արդարութեան վրայ հաստատուած խաղաղութեան հաստատման ու բարգաւաճման:

Երկու օրերու վրայ տարածուած համագումարը լծուեցաւ աշխատանքի՝ քննարկելով քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութեան ու գոյակցութեան առնչուած շարք մը հարցեր:

Համագումարի աւարտին ժողովին առաջարկները պարզող ընդհանուր յայտարարութիւն մը կատարուեցաւ:

Նորին Սուրբ Օծութիւնը յաճախակի առիթներով խօսք առաւ եւ այս ծիրէն ներս իր ունեցած երկար տարիներու փորձառութեան լոյսին տակ իր տեսակէտները պարզեց:

Յայտնենք, որ ժողովական աշխատանքներուն մասնակից դարձաւ նաեւ իշխան Հասան, որուն Վեհափառ Հայրապետը տարիներ առաջ ծանօթացած էր, եւ բերաւ իր դրական մասնակցութիւնը հարցերու քննարկման:

Ժողովական աշխատանքներուն առընթեր Արամ Ա. կաթողիկոս հետեւեալ հանդիպումները ունեցաւ Ամմանի մէջ.-

– Վեհափառ Հայրապետը հեռաձայնային խօսակցութիւնը ունեցաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ն.Ա.Տ. Նուրհան արք. Մանուկեանի հետ:

– Նորին Սրբութեան այցելեց Յորդանանի եւ Իրաքի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սեւակ Աւետիսեան:

– Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Նորին Սրբութիւն ասորի ուղղափառ Աֆրամ Բ. պատրիարքին հետ: Երկու հոգեւոր պետերը քննարկեցին յառաջիկայ շաբաթ Գահիրէի (Եգիպտոս) մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին առնչուած նիւթեր:

– Յաճախակի առիթներով Նորին Սրբութիւնը հակիրճ հանդիպումներ ունեցաւ իշխան Հասանի հետ եւ իր գնահատանքը յայտնեց համագումարի ընթացքին երկու առիթներով Հայոց ցեղասպանութիւնը յիշելուն համար:

– Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Ամմանի հայ համայնքի Ազգային վարչութեան անդամները, առաջնորդութեամբ հոգեւոր հովիւ Գերպ. Տ. Աւետիս ծ. վրդ. Իփրաճեանի:

– Նորին Սրբութիւնը ընդունեց այցելութիւնը Երուսաղէմի Հայոց Թաղի Պահպանութեան եւ Պաշտպանութեան շարժման (SavetheArQ) համահիմնադիրներ Յակոբ Ճռնազեանի եւ Սեդրակ Պալեանի։ Անոնք եկած էին ներկայացնելու Երուսաղէմի Կովերու պարտէզին հարցը։ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց յիշեալ հարցին կարեւորութիւնը եւ զայն համազգային ճիգերով հետապնդելու անհրաժեշտութիւնը։

– Տոքթ. Աբգար Գէորգեան Նորին Սրբութեան յանձնեց Սուրբ Զատիկի ճրագայոցին Երուսաղէմի Սուրբ Յարութիւն տաճարի Քրիստոսի վիմափոր գերեզմանէն ծագած լոյսը: Վեհափառ Հայրապետը զայն բերաւ Մայրավանք:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ ՍԴՀԿ-Ի ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Next Post

ՍՓԻՒՌՔԻ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐԸ ՄԻԱՅՆ ԲԵՄ ՉԵՆ ԿՐՆԱՐ ԸԼԼԱԼ

Next Post

ՍՓԻՒՌՔԻ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐԸ ՄԻԱՅՆ ԲԵՄ ՉԵՆ ԿՐՆԱՐ ԸԼԼԱԼ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.