Որպէս վերջին նախապատրաստութիւն յառաջիկայ Կիրակի, 18 Մայիս 2025-ին, տեղի ունենալիք Պէյրութի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն, ՀԿԲՄ-ի Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան գոլէճի «Արմէն եւ Բերսաբէ Ճէրէճեան» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանդիպում-զրոյց՝ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Պէյրութի մէջ առաջադրած քաղաքապետական թեկնածու Յովհաննէս Յակոբ Պչաքճեանի եւ թաղապետական թեկնածու, թաղապետ Արմէն Մելքոն Սէֆէրեանի հետ:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Հնչակեան Կուսակցութեան քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի անդամ ընկ. Գէորգ Տաղլեան բացման խօսքին մէջ յայտարարեց, թէ կուսակցութիւնը այս ընտրապայքարը կը մղէ «Տէր կանգնիր ազատ քուէիդ» լոզունգով, շարքին եւ հետեւորդներուն կոչ ուղղելով ըլլալու բծախնդիր ու հանդէս գալու տիպար կեցուածքով, միաժամանակ կատարելով քաղաքացիական ու ազգային պարտականութիւնը Լիբանանի եւ Հնչակեան կուսակցութեան հանդէպ: «Անխտիր մեր մասնակցութիւնը բերենք մայրաքաղաք Պէյրութի բարգաւաճումին միտող հոլովոյթին», յորդորեց ընկ. Տաղլեան:
Ապա ընթերցուեցան զոյգ թեկնածուներուն կենսագրական համառօտ գիծերը, ուր բացայայտուեցան Յովհաննէս Յակոբ Պչաքճեանի եւ Արմէն Մելքոն Սէֆէրեանի մասնագիտական հմտութիւններն ու աշխատանքային յաջողութիւնները, ինչպէս նաեւ անոնց ազգային դիմագիծը, նուիրուածութիւնը եւ ծառայասիրութիւնը իրենց շրջապատին հանդէպ:
ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի խօսքը փոխանցեց ընկ. Տիգրան Միհրանեան: Ան բացատրեց, որ դառնալով լիբանանեան հարենիքին եւ ժողովուրդին անբաժան բաղադրամասը, Հնչակեան կուսակցութիւնը շարունակաբար մասնակցած է երկրի քաղաքական կեանքին՝ երեսփոխանական, քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւններուն: «Մաս կազմելով Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան, ինքնիշխանութեան, բարգաւաճումին ու վերելքին հաւատացող դաշինքներու, ՍԴՀԿ հայութեան ներկայացուցիչ եղած է Պէյրութի քաղաքապետարանին ու մայրաքաղաքի Մտաուար թաղամասին մէջ», յիշեցուց ընկ. Միհրանեան: Ան վստահութիւն յայտնեց, որ Հնչակեան կուսակցութեան առաջադրած զոյգ թեկնածուները իրենց ծառայութեամբ պիտի գոհացնեն մայրաքաղաքի հայաշատ թաղամասերու բնակչութեան կարիքները: Ան հաւաստիացուց, որ կուսակցութեան ընտրական գրասենեակը կը շարունակէ աշխոյժ աշխատանքը՝ պատրաստուելով ընդամէնը հինգ օր ետք կազմակերպուելիք ընտրութիւններուն: «Ժողովուրդի ծոցէն ծնած Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը, ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար աշխատելու սկզբունքով, ոչ մէկ ատեն յուսախաբ ըրած է իրեն վստահած հայորդիները», շեշտեց ընկ. Միհրանեան՝ վստահեցնելով, որ այս աշխատանքը 18 Մայիսի ընտրական օրուան աւարտին պիտի պսակուի արդար յաղթանակով:
Հանդիպումին ընթացքին իրենց հակիրճ խօսքերը արտասանեցին նաեւ Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի թեկնածու Յովհաննէս Յակոբ Պչաքճեանը եւ մայրաքաղաքի Մտաուար թաղամասի թաղապետական թեկնածու Արմէն Մելքոն Սէֆէրեանը, ապա ներկաներուն հետ զրուցելով արծարծեցին Պէյրութի բնակչութեան տարրական կարիքները եւ քաղաքացիներուն կենսամակարդակը բարձրացնելու միտումով ծրագրեր իրականացնելու հնարաւորութիւնները:
Հանդիպումը վերջ գտաւ «Ուխտի հրաւէր» երգով: