Համաս շարժումի բանբեր Ապու Օպայտա երէկ յայտնեց, թէ շարժումի «Քասսամ» զինեալ թեւը վերջապէս որոշած է ազատ արձակել իր գերեվարած իսրայէլացիներէն Իտան Ալեքսանտըրը, որ կը կրէ նաեւ ամերիկեան քաղաքացիութիւն: Նշենք, որ ամերիկացիներուն եւ երկքաղաքացիութիւն կրող այլ գերիներու ազատ արձակումը բազմիցս շեշտուած է Ուաշինկթընի եւ այլ մայրաքաղաքներու կողմէ, որպէս մարդասիրական օգնութիւններ Կազա ուղարկելու եւ Իսրայէլին վրայ ճնշում բանեցնելու նախապայման: