Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի իշխանութիւնները համաձայնեցան երեք ամիս սառեցնել մաքսային փոխադարձ վճարները, որոնք սահմանուած էին վերջին շրջանին՝ ամերիկեան նոր վարչակարգին նախաձեռնութեամբ: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ յայտնեց, որ շաբաթավերջին պիտի զրուցէ իր չինացի պաշտօնակիցին հետ՝ քննարկելու համար երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ միջազգային հրատապ թղթածրարները՝ ներառեալ Իրանի հարցը: Նախագահը միաժամանակ չբացառեց Սուրիոյ նկատմամբ սահմանաուած պատժամիջոցները թուլացնելու հնարաւորութիւնը:
Իրանի կառավարութիւնը միւս կողմէ յայտարարեց, թէ որեւէ արգելք չկայ Իրանի մէջ ամերիկեան ներդրումներու իրականացումէն, եթէ երկու կողմերը յաջողին կնքել Թեհրանի նկատմամբ սահմանուած պատժամիջոցները չեղարկող համաձայնութիւն մը: Իրանի նախագահն ալ վերահաստատեց, որ իրենք չեն մտադրեր տիրանալ հիւլէական զէնքի, սակայն յանձնառու կը մնան խաղաղ նպատակներով հիւլէական ուժանիւթէ օգտուելու որոշումին: