Շարունակելով արաբական երկիրներ այցելութիւններուն շարքը, հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն ուղղուեցաւ Քուէյթ, ուր տեսակցեցաւ երկրի իշխան շէյխ Մըշաալ ալ Ահմատ Ալ Ժապէրի ալ Սուպահի հետ: Վերջինս Քուէյթի յանձնառութիւնը յայտնեց Լիբանանին, շեշտելով Ծոցի արաբական երկիրներուն հետ Պէյրութի յարաբերութիւնները վերամրացնելու կարեւորութիւնը: Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Քուէյթի իշխանին՝ Լիբանանին շարունակաբար աջակցելուն եւ լիբանանցիներուն կողքին կանգնելու որոշումին համար: Աուն քուէյթցիներուն եւ արաբներուն կոչ ուղղեց վերստին Լիբանան այցելելու, հաւաստիացնելով թէ բոլորը արժմ կ’ըմբռնեն զէնքի գործածութեան իրաւունքը լիբանանեան պետական հաստատութիւններուն վերապահելու անհրաժեշտութիւնը: