Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՀԵՐԹԸ ՊԷՅՐՈՒԹԻՆ Է

May 13, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՀԵՐԹԸ ՊԷՅՐՈՒԹԻՆ Է

 

Փուլային դրութեամբ կազմակերպուող Լիբանանի քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւնները հասած են միջնակէտի: Յառաջիկայ Կիրակի, 18 Մայիսին, տեղի պիտի ունենայ մայրաքաղաք Պէյրութի ընտրական փուլը, որմէ ետք կարգը կը հասնի նաեւ Պեքաային, հարաւին ու Նապաթիէին: Նախանցեալ շաբաթավերջի Լեռնալիբանանի ընտրութիւններէն ետք, Ներքին գործերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց նաեւ երկու օր առաջ Հիւսիսային Լիբանանի եւ Աքքարի գաւառներուն մէջ կատարուած ընտրութիւններուն պաշտօնական արդիւնքները: Ներքին գործերու նախարար Ահմատ Հաժժար երէկ յայտնեց, որ հիւսիսային Լիբանանի գաւառներուն մէջ քուէարկութեան մասնակցութեան համեմատութիւնը հասած է 37,25 առ հարիւրի, իսկ Աքքարի մէջ՝ 49,33-ի: Ըստ նախարարին, կրակոցներուն հետեւանքով բանակին մօտ երէկ ձերբակալուած կը մնար 24 մարդ:

Ընտրական այս երկրորդ փուլը ընթացաւ ապահովական որոշակի խախտումներով, մասնաւորաբար Թրիփոլիի մէջ, ուր ընտրական օրը աւարտեցաւ տօնական ծանր հրաձգութեամբ եւ վիրաւորներով, որոնց շարքին էր հեռուստային լրագրող Նատա Անտրաուսը, որ վիրաւորուեցաւ անկանոն արձակուած փամփուշներէն: Մօտակայ Տանիէ գաւառին մէջ ալ հրաձգութեան փոխանակումի հետեւանքով ինկաւ երեք վիրաւոր: Լիբանանեան բանակը յայտարարեց, թէ հիւսիսի եւ Աքքարի մէջ ընտրական արդիւնքներու յայտարարութենէն ետք ձերբակալուած է տօնական կրակոց արձակած 35 մարդ:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ անդրադարձաւ ընտրական կաշառքի հարցին եւ զգուշացուց, թէ նշեալ օրինախախտումը կատարողները պիտի հետապնդուին եւ խստիւ պատժուին: Սալամ խոստացաւ ձերբակալել նաեւ ընտրական օրերուն երկրին ապահովութիւնը վտանգողները: Ան դրուատեց ապահովական եւ զինուորական ուժերուն արագ միջամտութիւնը՝ կանխելու համար ապահովական միջադէպերուն ընդարձակումը:

Share61Tweet38
Previous Post

ՄԱՄՈՒԼԻ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԱՂԻՒՍԱԿԻՆ ՎՐԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՒԵԼԻ ԱՌԱՋ Է ՔԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՆ

Next Post

ԱՈՒՆ ՔՈՒԷՅԹՑԻՆԵՐԸ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ ԼԻԲԱՆԱՆ

Next Post
ԱՈՒՆ ՔՈՒԷՅԹՑԻՆԵՐԸ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ ԼԻԲԱՆԱՆ

ԱՈՒՆ ՔՈՒԷՅԹՑԻՆԵՐԸ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ ԼԻԲԱՆԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.