Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԱՄՈՒԼԻ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԱՂԻՒՍԱԿԻՆ ՎՐԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՒԵԼԻ ԱՌԱՋ Է ՔԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՆ

ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ

May 10, 2025
in Յօդուածներ
0
ՄԱՄՈՒԼԻ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԱՂԻՒՍԱԿԻՆ ՎՐԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՒԵԼԻ ԱՌԱՋ Է ՔԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՆ

 

«Լրագրողներ առանց սահմաններու» միջազգային կազմակերպութիւնը այս շաբաթ հրապարակեց 2025 թուականի Մամուլի ազատութեան ընդհանուր ցուցակը, ուր ի յայտ կու գայ, թէ Հայաստան ոչ միայն բարելաւած է աղիւսակին վրայ իր դիրքը, այլ յառաջ անցած`«ազատութեան ոստան» Միացեալ Նահանգներէն:

180 երկիրներու շարքին Ամերիկան դասուած է 57-րդ դիրքի վրայ, որ մինչեւ օրս գրանցուած ամէնէն ցած դասաւորումն է այս երկրին համար: «Լրագրողներ առանց սահմաններու» տարեկան զեկոյցը ամերիկեան մամուլի վերաբերեալ ազատութիւններու յետընթացին որպէս պատճառ կը յիշէ նախագահ Թրամփի յարձակումները լրագրողներուն դէմ, զանոնք անուանելով «ժողովուրդի թշնամիներ», պետական յատկացումներու դադրեցումը այն լրատուամիջոցներուն, որոնք կը քննադատեն կառավարութիւնը, եւ լրատուամիջոցներու կեդրոնացումը սահմանափակ թիւով մարդոց ու ընկերութիւններու ձեռքերուն մէջ:

Ամերիկայի այս նահանջին դիմաց, նոյն զեկոյցին համաձայն, Հայաստան բարելաւած է իր դիրքը` 43-րդ տեղէն բարձրանալով 34-րդ դիրքը, առաջ անցնելով տարածաշրջանի  երկիրներէն, որոնք բոլորն ալ դասուած են հարիւրէն վեր դիրքերու վրայ: Հայաստան այս յաջողութեան հասած է հակառակ դիմագրաւած ներքին ու արտաքին բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն: «Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան զեկոյցը այդ մարտահրաւէրներու շարքին կը յիշատակէ ապատեղեկատուութիւնը, ատելութեան խօսքը, Ատրպէյճանի հետ սահմանային անվտանգութեան խնդիրները եւ Ռուսաստանի հետ բարդ յարաբերութիւնները:

2018-ի թաւշեայ յեղափոխութենէն ասդին միջազգային անխտիր բոլոր իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները իրենց տարեկան զեկոյցներուն մէջ կ’արձանագրեն ժողովրդավարութեան առումով Հայաստանի մէջ նկատուող յառաջընթացը: Նոյնիսկ այն զեկոյցները, որոնք կ’անդրադառնան որոշ ժխտական երեւոյթներու, կու գան եզրակացնելու, որ երկրի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութիւնը, առած քայլերը ու օրէնսդրական փոփոխութիւնները լաւատեսութիւն կը խոստանան Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման ուղղութեամբ:

Այս բոլորով հանդերձ, ամէն ինչ չէ որ դրական է հայաստանեան մամուլի պարագային: Երկրէն ներս տիրապետող կը մնայ տարօրինակ ու միաժամանակ մտահոգիչ երեւոյթ մը: Լրատուամիջոցներու 80 տոկոսէն աւելին կը գտնուի ընդդիմութեան հսկողութեան տակ: Տարիներու ընթացքին իրենց կուտակած ապօրէն հարստութեան շնորհիւ նախկին համակարգի անդամները հեռատեսիլի ալիքներու եւ լրատուական կայքէջերու իրենց ցանցերուն միջոցաւ ապատեղեկատուութիւն տարածելով կ’ապականացնեն քաղաքական մթնոլորտը եւ երկրի ներքին անդորրը, յաճախ մեծ ծառայութիւն մատուցելով արտաքին թշնամիներուն:

Հայաստանի լրագրողներէն շատերուն մօտ կը պակսի արհեստավարժութիւնը եւ իրենց պարտականութեան ճիշդ գիտակցութիւնն ու ըմբռնումը: Իսկական լրագրողէն կը պահանջուի ճշգրիտ ու անկողմնակալ տեղեկութիւն փոխանցել իր ընթերցողներուն կամ լսողներուն: Սակայն, անոնք շատ յաճախ չեն հետեւիր այդ կանոններուն:

Ողջունելով հանդերձ մամուլի ազատութեան առումով Հայաստանի արձանագրած յառաջխաղացումը, պէտք է արձանագրել, որ լրատուամիջոցները ազատ ըլլալով հանդերձ պետական ճնշումներէ, անկախ չեն այս կամ այն ուժերու կամ անհատներու ազդեցութենէն:

 

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 30  (55 տարի առաջ՝ այսօր)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.