Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 30  (55 տարի առաջ՝ այսօր)

 ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ (Հալէպ)

May 10, 2025
in Այլազան, Յօդուածներ
0

 

 

    «ԱՐԱՐԱՏ», 20-25 Ապրիլ 1970

Երկու գլխաւոր նիւթեր լեցուցեր են այս շաբթուան թիւերը։

ա) Մեծ Եղեռնի 55-ամեակը։ Գիտենք, որ 1965-ի յիսնամեակի նշումները անկիւնադարձ մը եղան հայութեան համար՝ ազգային ոգիի վերընձիւղման, ինքնագիտակցութեան, որոշ չափով ալ միասնականութեան գրգիռներ արթնցնելով հայ մարդոց եւ հաւաքականութիւններու ուղեղին մէջ։ Սգաւորի սեւ շապիկը անդին շպրտելու, եղերերգութեանց վերջ տալու ու ազգին բռնագրաւեալ անժամանցելի իրաւունքներուն հետապնդման ձեռնարկելու ճիգ մը սկսաւ ամէնուրեք։ Այսպիսի տրամադրութիւն եւ մթնոլորտ մը զգալի է այդ շրջանի մամուլին մէջ։ «Արարատ»–ի մէջ եւս նշմարելի է այդ շրջափոխութիւնը։ Զորօրինակ, Ապրիլ 24-ի առթիւ գրուած իր խմբագրականին մէջ թերթը կը գրէ. «Մեր հաւատարմութիւնը անխախտ է հանդէպ տեսլականին, որուն համար զոհուեցան մեր նախորդները եւ որուն իրականացումը անզուսպ տենչ եւ սրբազան առաքելութիւն է մեզի համար։ Այն է՝ արդար լուծում ապահովել մեր հողային դատին, ազատագրել դեռ եւս գերեալ մեր հողերը, իրականացնել միացեալ եւ ամբողջական Հայաստանի վերականգնումը, համայն հայութիւնը ամփոփել իր պատմական հայրենիքին մէջ»։ Թերթը յստակ պատկերացում մը ունի Հայ դատի լուծման առնչութեամբ՝ երբ կը գրէ. «Հայկական բոլոր հողամասերու միացումը Խորհրդային Հայաստանին, որ համայն հայութեան մայր հայրենիքն է»։

    Ուշադիր ընթերցողը պիտի նկատէ, որ 55 տարի առաջ գրուած վերի տողերով՝ Հայ դատի լուծման յստա՛կ պատկերացում մը առկայ է, աւելի՛ գերիվեր ու յառաջագնաց՝  քան այսօրուան (2020-ական թուականներու) մեր «պատկերացում»-ը։ Այս վերջին բառը չակերտեցի, որովհետեւ, իրականութեան մէջ, հասնող,– ու հետզհետէ ուծացող,– սփիւռքեան նոր սերունդները ո՛չ միայն պատկերացում մը չունին մեր երբեմնի «հողային հարց»-ին մասին, այլեւ՝ առհասարակ տեղեակ իսկ չեն ատոր պատմութեան…։ Իսկ մեր քաղաքական կազմակերպութիւնները բաւակա՜ն վար իջեցուցած են իրենց… նշաձողը (վերջերս շրջանառութեան դրուած նոր բառ մըն է այս)։ Աւելի շատ լոզունգնե՛րն են որ կը տիրապետեն հրապարակի վրայ։ Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի Հանրապետութեան, ապա հոն, Արցախի կորուստէն ու ամբողջական հայաթափումէն ետք, հիմա պաշտօնական բերաններու կողմէ կը խօսուի միայն ու միայն «իրական Հայաստան»-ի մը մասին…։

Մեծ Եղեռնի առնչուած յօդուածներ ունին քանի մը աշխատակիցներ ալ։

Վանիկ (Հրանդ Գանգրունի) կը մէջբերէ թրքական «Ենի Իսթամպուլ» լրագրէն հատուած մը (2.9.1967), ուր ցանկութիւն յայտնուեր է վերականգնուած տեսնելու Օսմանեան կայսրութիւնը…։ Թուրք յօդուածագիր մը ըսեր է որ ռուսերը պէտք է հեռանան Ղազախստանի կամ Իւզպէքիստանի նման թրքացեղ երկիրներէն եւ «Կովկասն ու Ատրպէյճանը պէտք է թուրքերուն թողուլ»…։ Իրականացած չէ՞ այդ վաղեմի ցանկութիւնը…։ Այսօր ո՞վ կը գերիշխէ Կովկասի եւ Ատրպէյճանի վրայ. ռո՞ւսը, թէ՞ թուրքը։

Միհրան Նաճարեան կը գրէ, որ «նոր սերունդը պարտի լաւ ըմբռնել Ապրիլ 24-ի իմաստը, զայն դարձնելու համար ներշնչման աղբիւր եւ ուժ՝ արդար հատուցման ի խնդիր, պայքարի ճամբուն վրայ, որ անվրէպ պիտի յանգի փառապանծ յաղթանակի»։

   Կը տեսնուին ապրիլեան ձեռնարկներու ծանուցումներ եւ լուրեր ալ (առանց գործածելու «ցեղասպանութիւն» եզրը, որ տակաւին ընդհանրացած չէր)։ Ամէնէն ուշագրաւը՝ ՊիքՖայայի յուշարձանին բացումն է, 24 Ապրիլին, Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հըլուի բարձր հովանաւորութեամբ (զինք ներկայացուցեր է զբօսաշրջութեան նախարար Խաչիկ Պապիկեան) ու հայ երեք յարանուանութեանց հոգեւոր պետերուն նախագահութեամբ։ Ծանուցում մը կ՛ըսէ, թէ Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարանը «Ապրիլեան սգատօն» մը պիտի սարքէ ԷշրէՖիէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի բակին մէջ։ Ուրիշ ծանուցում մըն ալ կ՛ըսէ, թէ Զահլէի թաղային խորհուրդին հրաւէրով այնտեղ պիտի բանախօսէ Պէպօ Սիմոնեան (Իւզպաշեան սրահ)։ Իսկ «Զարթօնք» օրաթերթը, իր կարգին, «Եղեռնի յուշատօն»–ի մը հրաւիրեր է հանրութիւնը, այդ առթիւ լսելու բանախօսութիւնները երկու մտաւորականներու՝ Գերսամ Ահարոնեանի եւ Փանոս Թիթիզեանի (Գ. Կիւլպէնկեան սրահ)։ Այս բոլորին կողքին, կայացեր է «Ուսանողական հաւաքոյթ» մըն ալ, Հայկազեան գոլէճի բակին մէջ, նախաձեռնութեամբ Հայ համալսարանականներու միացեալ մարմինին։ Ներկայ եղեր են 400 ուսանողներ։ Խօսք առեր են Հրայր Գաֆէսեան (պատմական ակնարկ), Պարգեւ Դաւիթեան (արաբերէն), Ժիրայր Պօյաճեան (զուգահեռական՝ հայկական ու պաղեստինեան դատերուն միջեւ), Վարդգէս Գուրուեան, Արա Պօյաճեան եւ Յովսէփ ՍէՖէրեան։

Ապրիլեան ձեռնարկներուն մասին անդրադառնալով՝ «Արարատ» գրեր է. «24 Ապրիլին փակ մնացին հայապատկան բոլոր հաստատութիւններն ու վաճառատուները եւ արձակուրդ առին պետական սպասարկութեանց թէ անձնական հաստատութեանց մէջ պաշտօնավարող բոլոր հայերը անխտիր»։

    բ) Լենինի ծննդեան 100-ամեակը։ Մեր նախորդ ակնարկներով տեսանք արդէն, որ Լենինի ծննդեան 100-ամեակը իր արձագանգը թողած էր նաեւ Լիբանանի մէջ, ուր, պետական հովանաւորութեամբ, փառաւորուեր էր այդ յոբելեանը, քանի մը ձեռնարկներով։ Այդ տօնահանդէսին մասնակցեր էին նաեւ ձախակողմեան հայ հոսանքները։ Արդ, «Արարատ», որ սկիզբէն եւեթ չէր ծածկեր իր անխառն համարումը Լենինի ու լենինիզմի նկատմամբ, այս շաբաթ իր էջերը լայն բացեր է շարք-շարք յօդուածներու առջեւ։ Թերթը, յաջորդաբար տպեր է իր կուսակիցներէն ընկ. Աւետիս Տեմիրճեանի ու լիբանանահայ համայնավար ծանօթ ղեկավար Յարութիւն Մատէեանի գրութիւնները (յոբելեանին առթիւ արտասանուած խօսքերու պատճէններ)։ Նոյն նիւթին շուրջ են նաեւ Վանիկի (Հ. Գանգրունի) «Լենին եւ իր գործը», Յ. Լ. Թոնտրակեցիի «Լենին եւ Հնչակեան կուսակցութիւնը» խորագրեալ յօդուածները, ինչպէս նաեւ թերթին 22 Ապրիլի խմբագրականը («Անմահութեան դափնեկիրը»)։ Որքան ալ փորձենք իրենց ժամանակաշրջանի (Պաղ պատերազմի տարիներն էին…) պարունակին եւ գաղափարական ծանօթ թեքումներու ծիրին մէջ զետեղել Լենինը պանծացնող առատաբան արտայայտութիւնները, այնուհանդերձ անկարելի է չցնցուիլ կոմունիստ յոբելեարին հասցէին շռայլուած «հանճարեղ առաջնորդ», «մեծ մարդասէր» եւ նման որակումներու դիմաց…։ Կատարեալ համոզումո՞վ կը տրուէին այդ որակումները արդեօք։ Եթէ այո՛, ապա այսօր ինչո՞ւ ոչ ոք կը համարձակի այդ որակումները դա՛րձեալ կրկնելու, պաշտպանելու…։

Անցնինք յառաջ ու տեսնենք, թէ ուրիշ ի՞նչ յօդուածներ ունի թերթը այս շաբաթ։

Մինաս Գանգրունի կը շարունակէ ներկայացնել «ազգային ու միջազգային երաժշտական գործիքներ» (խորագիրն է)։ Այս անգամ կը խօսի նակասվարամի (որ կը գործածուի եղեր Հնդկաստանի մէջ), պարղումիի (կոտոշաձեւ փող մը), թորպանի (լարային գործիք), մեմերաժանի, նարա-շրինկայի (եղջերուափող մը) եւ պալթերիոմի (տաւիղի տեսակ մը) մասին։ Տրուած անունները որքա՜ն տարօրինակ են ու անծանօթ…։

Հայաստանէն լուր մը կայ։ Լոյս ընծայուեր է արձակագիր Վալտեր Արամեանի «Միթէ՞ բոլորը հող դարձան» պատմուածքներու ժողովածուն։

Այլ լուր մը կ՛աւետէ, թէ ըստ Խորհրդային միութեան տարածքին կատարուած վերջին մարդահամարի մը՝ Հայաստանի բնակչութիւնը հասեր է 2.493.000-ի։ Այս թիւը, 1956-ի տուեալներուն հետ բաղդատած՝ աճեր է 730 հազարով։

Տեղական գաղութային լուր մըն է «Երեւան» անունով նորակազմ թատերախումբի մը ելոյթը Սինէ Ռիվիերայի բեմին վրայ։ Ներկայացուած փիէսը «Քայքայուած ընտանիքը» անունով գործ մըն է եղեր, բեմադրիչը՝ Յարութիւն Գնդունին։ Գլխաւոր դերերն ստանձներ են Մ. Եափուճեան եւ Դ. Էվէրէկլեան։

Թերթին Դ. էջին վրայ իմ ուշադրութիւնը գրաւեց Պաղչէի հայրենակցական միութեան ճաշկերոյթ-պարահանդէսին ծանուցումը (25 Ապրիլ, Ալքազար պանդոկի սրահ)։ Երեկոյթին պիտի նախագահէ եղեր Անդրանիկ Յ. Մահտեսեան։ Մասնակցութիւն պիտի բերէ եղեր ծանօթ երգիչ Վարդիվառ Անթոսեան՝ իր Լոս Ամորէս նուագախումբով։ (Ի դէպ, Պաղչէի աշխարհագրական դիրքը քանի՞ հոգի կրնայ ճշդել այսօր…։ Ան հայաբնակ գիւղաքաղաք մըն էր Կիլիկիոյ մէջ)։

Ս. Պսակի խորհուրդով իրենց կեանքը միացուցեր են Ճորճ Հոռոմեան եւ օրդ. Անահիտ Տինքճեան (Պէյրութ)։

Ընտանեկան մահազդով մը ծանուցուած է տոքթ. Նուպար Գույումճեանի մը մահը (ծնեալ 1910, Երզնկա)։ Սգակիր ազգականներու ցանկին մէջ կը նկատեմ եգիպտահայ երգիծաբան Պարոյր Մասիկեանի անունը։

Եւ վերջապէս՝ «հրաժարական» մը Օշին Գրգեաշարեանի անունով։ Ան հրապարակաւ կը յայտնէ, թէ այսուհետեւ մաս պիտի չկազմէ «Երիտասարդ Հայ» երկշաբաթաթերթի խմբագրակազմին, որովհետեւ «թերթը հիմնովին շեղած է իր սկզբնական առաջադրանքներէն… եւ որդեգրած է ապազգային եւ հակահայրենասիրական դիրք՝ մեր Մայր Հայրենիքին նկատմամբ»։

Բայց իրապէս ճի՞շդ էր այս ամբաստանութիւնը։ Պէտք է քննել եւ ստուգել։

 

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԵՍ ՔԻ՛ՉԸ ԸՍԵՄ, ԴՈՒՔ ՇԱ՜ՏԸ ՀԱՍԿՑԷ՛Ք

Next Post

ՄԱՄՈՒԼԻ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԱՂԻՒՍԱԿԻՆ ՎՐԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՒԵԼԻ ԱՌԱՋ Է ՔԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՆ

Next Post
ՄԱՄՈՒԼԻ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԱՂԻՒՍԱԿԻՆ ՎՐԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՒԵԼԻ ԱՌԱՋ Է ՔԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՆ

ՄԱՄՈՒԼԻ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԱՂԻՒՍԱԿԻՆ ՎՐԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՒԵԼԻ ԱՌԱՋ Է ՔԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.