Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԵՍ ՔԻ՛ՉԸ ԸՍԵՄ, ԴՈՒՔ ՇԱ՜ՏԸ ՀԱՍԿՑԷ՛Ք

ՊԵՐՃ ԱՐԱՊԵԱՆ

May 10, 2025
in Յօդուածներ
0

 

Հոգին սուրբը լռելեայն յուշած ըլլալու էր ենթագիտակցութեանս, ուր «Ի Պատասխան»ը բաւարար պիտի չըլլայ: Վերջընթեր նախադասութիւնն էր. «Առայժմ այսքան»:

Պարոն Շառոյեան բաւարարուած չէ՛ «Ի Պատասխան»էն եւ անգամ մը եւս հարց կու տայ. «Ո՞ւր են անոնք (հայրենակցականները), ինչո՞ւ չքացան հրապարակէն…»:

Կրկնելու գնով, դուք ձե՛ր կողմէ, անգամ մը եւս կարդացէք 18 Մարտ 2025 թուակիր ԱՐԱՐԱՏ-ի «Ի Պատասխան»ը: Մենք ալ մեր կարգին, կարկինը քիչ մը լայնցնենք եւ նախաճաշակ մը տանք, թէ ինչպիսի կայսերական աշխատանք կամ զէյթունցիական «ինատութիւն» (յամառութիւն) կ’ուզէր որպէսզի չքացած չըլլայինք հրապարակէն:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը վերջ գտած էր: Զէյթունցիք յանձնախումբ մը կազմելով տօնախմբած էին 1895-ի ապստամութեան (կամ ինքնապաշտպանութեան) հարիւրամեակը: Խանդավառուած մթնոլորտէն, նախաձեռնութեամբ բանաստեղծ Լեւոն Արտազեանի (Նոխուտեան), քանի մը հայրենակիցներ քով-քովի գալով, որոշեցինք վերականգնել հայրենակցականը:

Պարտն ու պատշաճը տնօրինելով, հայրենակիցները հրաւիրեցինք ընդհանուր ժողովի: Գլխաւոր օրակարգը (միա՛կ օրակարգը չըսելու համար), վարչական ընտրութիւն: «Պարոն Շաքարեանը տեղեա՞կ է այսօրուան ժողովէն» ըսելով ձայն բարձրացուց հայրենակից մը, առաջարկելով որ յետաձգուի ժողովը:

Յառաջացած տարիքի, նախկին վարչական, աւանդական կուսակցութեան մը մարտականներէն, օրուայ կուսակցապետին ալ հօրաքրոջ ամուսինն էր բացակայ հայրենակիցը:

Կազմակերպողներս, մեր պարտականութիւնը լի՛ ու լի՛ կատարած էինք: Հայկական երեք օրաթերթերուն եւ երեք ռատիօկայաններուն միջոցաւ, կրկնակի յայտարարութիւններով հանրութիւնը տեղեակ պահած էինք այդ օրուայ կայանալիք ընդհանուր ժողովէն:

«Այսօր, հո՛ս, վարչութիւն պիտի ընտրուի», եղաւ կտրուկ միջամտութիւնը երջանկայիշատակ Տիրայր Սրբազանին (Փանոսեան): Տէր Օշական աւագ քահանան երկրորդեց:

Ինի փոխարէն միայն ութը թեկնածու կայ: Ներկայ եղող օրիորդներէն մին ալ համոզեցինք որ միանայ մեզի եւ վարչութեան կազմը ըլլայ ամբողջական: Հակառակ պնդումներուս, որ արժանին Լեւոնն է, երէց մարմինի գլխաւորութեամբ, համեստս ընտրեցին ատենապետ, Լեւոնը՝ ատենադպիր, Վազգէն Մուղալեան՝ գանձապահ:

Հէ՜յ վա՜խ… ոչ թէ բանն ասանք, այլ բամբասանք մըն էր որ ծայր տուաւ. «Ռամկավարները վարչութիւն մը կազմեր են»:

Վարչութեան մէջ ո՛չ մէկը ռամկավար է: Պարզապէս դիւանի երեք անդամները յաճախած են Հ.Բ.Ը.Միութեան Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանը: Մնացեալ վեց վարչականներն ալ աւանդական, մարտական կուսակցութեան մը շարքայիններ եւ համակիրներ:

Մեզի համար խտրութիւն-խտրականութիւն չկայ: Ո՛չ քաղաքական, ո՛չ գաղափարական, ո՛չ յարանուանական, ո՛չ այլ: Ամէն մէկ զէյթունցի համահաւասար հայրենակից է, նոյնիսկ եթէ բանտարկեալ է:

Գործի լծուեցանք:

Գլխաւոր նպատակ՝ Զէյթունի քաջամարտիկներուն նուիրուած յուշակոթող մը կանգնեցնել պատուաբեր, յարմար վայրի մը մէջ:

Պատշաճ լուծումը եկաւ Կիլիկիոյ եւ սփիւռքահայութեան հոգեւոր կեդրոն Անթիլիասէն: Արամ Առաջին Հայրապետը ոչ միայն ընդունեց յուշաքարը զետեղել մայրավանքի շրջափակէն ներս, այլ՝ վեհարանի մուտքին: Աջին կար Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոցին նուիրուած խաչքարը, ձախին՝ Արծուեբոյն Զէյթունի քաջամարտիկներուն նուիրուած «անզուգական» խաչքարը:

Անզուգական, որովհետեւ քրիստոնեայ հայոց 1700 տարուայ պատմութեան մէջ չկայ նման խաչքար, որու երկու կողմերը ըլլան սուրեր: «Վասն Հայրենեաց եւ հաւատոյ» պաշտպան սուրերը:

Որքան մօտեցաւ ծրագիրը իրականացնելու պահը, այդքան սաստկացաւ հակա-պայքարը: Կ’երեւի, ոմանց համար, այդպիսի վիթխարի իրագործում մը վայել չէր որ ռամկավարներուն վերագրուած վարչութեան մը կողմէ գործադրուած ըլլար:

Հաճի՛ք:

S’il vous plais: Եթէ կը բարեհաճիք՝ ֆրանսերէնով:

Please! Հաճեցէ՛ք՝ անգլերէնով:

Ո՛չ դուք աւելին հարցուցէք, ոչ ալ ես ստիպուիմ մանրամասնել: Միայն մէ՛կ խօսուն պատկեր:

Ծանրաբարձ մեքենան եկած է յուշաքարը իր պատուանդանին վրայ զետեղելու: Համեստս, երեք տարուայ «քաշածներէն» լեզուն այրած, խորապէս թերահաւատ է տակաւին: Ահա՛ 23 տարի ետք, ի՛մ եւ Աստծոյս միջեւ եղած մենախօսութեան մը խոսովանութիւնը. «Հիմա կամ հեռաձայն պիտի գայ բջիջայինիս, կամ ալ հանգամանաւոր անձնաւորութիւն մը ներկայանայ եւ արգիլէ յուշաքարին զետեղումը»:

Ես քիչը ըսի՛, դուք շա՜տը հասկցէք:

Զէյթունցիներուս քով շա՛տը ըսելու համարձակութեան պակաս չկայ, բայց «ամվն լուացք, ամվն տանիք չի՛ փռուիր»:

Պատուարժան խմբագիրի՛ն, հանգամանաւոր թերթին եւ թերթը հովանաւորող կազմակերպութեան սիրոյն, պարտինք յարգել պատշաճութեան սահմանները եւ ըլլանք զուսպ:

Հուսկ՝

Յարգելի պարոն Շառոյեանէն ալ խնդրենք, որ պիծակին բոյնը աւելի չխառնէ: Ձախ-աջ խայթոցներ կրնան հասնիլ, «մեր»այիններո՛ւն, «իւր»այիններո՛ւն, «ձեր»այիններո՛ւն եւ մասամբ նորին:

Նորէն ալ, ամենայն բարի՛ք բոլորին:

 

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԻՒՐԵՐ ԳԱՆԱՏԱՅԷՆ

Next Post

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 30  (55 տարի առաջ՝ այսօր)

Next Post

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 30  (55 տարի առաջ՝ այսօր)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.