Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԻՒՐԵՐ ԳԱՆԱՏԱՅԷՆ

May 10, 2025
in Գաղութային
0
ՀԻՒՐԵՐ ԳԱՆԱՏԱՅԷՆ

 

Կարելի՞ բան է Եգիպտոս հասնիլ ու աշխարհի հրաշալիքներէն բուրգերը չայցելել: Կամ՝ Փարիզ ճամբորդել եւ չնկարուիլ Էյֆէլեան հսկային հետ: Իսկ միթէ՞ հայրենիքի կարօտը առնել առանց տեսնելու Էջմիածինն ու Սարդարապատը, Գառնիի տաճառը, Գեղարդն ու մեր կապուտաչեայ Սեւանը: Կատարուած այցելութիւնները իմաստազուրկ ու անբովանդակալից պիտի համարուէին:

Թոյլ տուէք բարձրաձայնել, որ նոյնը պիտի ըլլար այն ազգասէր, գրասէր ու մշակութասէր հայուն պարագան, երբ իր ծննդավայրը կ’այցելէ ու մամուլի խմբագրատուները, եթէ ոչ բոլորը, ապա առնուազն իր սրտին խօսող խմբագրատան չբարեւած տուն վերադառնայ: Սա ազգային ուխտագնացութեան պէս բան մըն է այցելուին յիշատակները թարմացնող, ուրախացնող, միւս կողմէ ալ՝ թերթի խմբագրակազմը ոգեւորող:

Գասեմճեան եղբայրներու սրտերուն մէջ «Արարատ»-ն ու անոր շրջապատող օղակները՝ Հ.Մ.Մ.-ը, Սահակեան վարժարանը, Նոր Սերունդը եւ, եւ… տաքուկ բաժին ունեցած են: Չորսն ալ՝ Գօգօն, Վազգէնը, Վաչէն ու Յակոբը հասակ նետած ու թրծուած են անոնցմէ մէկուն կամ բոլորին մէջ: Ապագային, պայմաններու բերումով երբ հաստատուած են տարբեր երկիրներ, շարունակած են իրենց ծառայողական լուման ներդնել այդ գաղթօճախներու ազգային աշխատանքներուն մէջ:

Եւ ահա, Հինգշաբթի առաւօտ, անակնկալօրէն խմբագրատուն մուտք գործեցին գանատաբնակ տէր եւ տիկին ընկեր Յակոբ Գասեմճեանները: Ընկեր Գասեմճեան եղած է «Արարատ»-ի աշխատակազմի անդամ, Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտական եւ պասքէթի խումբերու աշխոյժ մասնակից, Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճի ուսողութեան երկարամեայ ուսուցիչ, նաեւ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի անդամ: Տարիներու բացակայութիւնը քակեց յիշատակներու այս կապոցը: Ու դժուար չէ պատկերացնել, թէ անոր կրթական, կուսակցական, միութենական ու մամուլի յիշատակները վայելքի ինչպիսի բերկրանք մը պիտի տային «Արարատ»-ի տնօրէնութեան եւ աշխատակազմին: ժամերու սահանքը մոռցուելու ստիպումով քիչ մնացեր էր չհարցնէինք նաեւ Գանատայի գաղութին, մեր շրջանակի ընկերներուն, անոնց կատարած ազգային գործունէութեանց մասին: Գոհ երկուստեք ունեցած ազգապահպանման համար մղուած եռանդուն պայքարի համար փոխանցուած տեղեկութիւններէն, յարգելի հիւրերը մեկնեցան ամենաբարի մաղթանքներով:

Share61Tweet38
Previous Post

ՎԱՍԻԼԻՍ ՄԱՐԱԿՈՍ. «ԵՄ-Ի ԵՒ ՀՀ-Ի ՄԻՋԵՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՐԲԵՒԷ ԱՅՍՔԱՆ ՍԵՐՏ ՉԵՆ ԵՂԱԾ»

Next Post

ԵՍ ՔԻ՛ՉԸ ԸՍԵՄ, ԴՈՒՔ ՇԱ՜ՏԸ ՀԱՍԿՑԷ՛Ք

Next Post

ԵՍ ՔԻ՛ՉԸ ԸՍԵՄ, ԴՈՒՔ ՇԱ՜ՏԸ ՀԱՍԿՑԷ՛Ք

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.