Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՎԱՍԻԼԻՍ ՄԱՐԱԿՈՍ. «ԵՄ-Ի ԵՒ ՀՀ-Ի ՄԻՋԵՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՐԲԵՒԷ ԱՅՍՔԱՆ ՍԵՐՏ ՉԵՆ ԵՂԱԾ»

May 10, 2025
in Հայաստան
0
ՎԱՍԻԼԻՍ ՄԱՐԱԿՈՍ.  «ԵՄ-Ի ԵՒ ՀՀ-Ի ՄԻՋԵՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՐԲԵՒԷ ԱՅՍՔԱՆ ՍԵՐՏ ՉԵՆ ԵՂԱԾ»

 

Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան գրասենեակը հրապարակած է ԵՄ դեսպան Վասիլիս Մարակոսի ուղերձը Եւրոպայի օրուան առիթով:

«Մայիս 9-ին մենք կը նշենք Եւրոպայի օրը՝ եւրոպական միասնութեան եւ Եւրոպայի ու ամբողջ աշխարհի մէջ խաղաղութեան օրը։

Եօթանասունհինգ տարի առաջ՝ 1950 թուականին, Շումանի հռչակագրով, Եւրոպան կատարեց գիտակցուած ընտրութիւն՝ հակամարտութեան եւ պառակտման փոխարէն ընտրելով խաղաղութիւնն ու հաշտեցումը։ Այս կերպ մենք ընտրեցինք ապագան անցեալի փոխարէն, խաղաղութիւնը՝ պատերազմի փոխարէն, միասնութիւնը՝ պառակտման փոխարէն։

Այսօր մենք կը շարունակենք պայքարիլ յանուն մեր արժէքներու, բարեկեցութեան, ազատութեան եւ համագործակցութեան։ Եւրոպական միութիւնը յանձնառու է խաղաղութեան, գործընկերութեան եւ համագործակցութեան՝ Եւրոպայի մէջ եւ անդին։ Ամբողջ աշխարհի մէջ բարեկեցութեան, անվտանգութեան եւ բարեփոխումներու ոլորտին մէջ մենք սկզբունքային եւ վստահելի գործընկեր ենք։

Հայաստանի մէջ եւս մենք կը նշենք Եւրոպայի օրը։ Մենք կը նշենք խաղաղութեան, ժողովրդավարութեան եւ գործընկերութեան հանդէպ մեր յանձնառութիւնը։ Միաժամանակ կը նշենք նաեւ մեր մշակութային կապերը, քանզի հայկական եւ եւրոպական մշակոյթները սերտօրէն փոխկապակցուած են։

Մենք կ’աշխատինք Հայաստանի հետ նոր գործընկերութեան օրակարգի շուրջ։ Տրուած է նաեւ մուտքի արտօնագրերու ազատականացման շուրջ երկխօսութեան մեկնարկը, եւ Եւրոպական միութիւնը պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստանի դիմակայունութեան, տնտեսութեան եւ բարեփոխումներուն։ Եւրոպական միութեան եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները երբեւէ այսքան սերտ չեն եղած։ Անոնց հետագայ ամրապնդումը կախուած է երկու կողմին  իրականացուելիք աշխատանքէն։

Մենք նաեւ կ’աջակցինք տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու յարաբերութիւններու կարգաւորման։ Հայաստանի մէջ տեղակայուած ԵՄ դիտորդական քաղաքացիական առաքելութիւնը մեր կուռ յանձնառութեան վկայութիւնն է։

Կը շնորհաւորեմ բոլորը Եւրոպայի օրուան առիթով։

Շնորհաւո՛ր Եւրոպայի օր»,- նշուած է ուղերձին մէջ:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԽԵՆԹԸ՝ ՍԱՄՍՈՆ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ (ՎԱՐԴԱՆ) 174 ՏԱՐԵԿԱՆ

Next Post

ՀԻՒՐԵՐ ԳԱՆԱՏԱՅԷՆ

Next Post
ՀԻՒՐԵՐ ԳԱՆԱՏԱՅԷՆ

ՀԻՒՐԵՐ ԳԱՆԱՏԱՅԷՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.