«Պայազիտը պաշարուած էր»:
Այսպէս սկիզբ կ’առնէ Րաֆֆիի «Խենթը» վէպը, ընթերցողը անմիջապէս կլանելով հո՛ն՝ 237 էջնոց հերոսական, սիրային ու ողբերգական պատմութեան մէջ:
Պատանի տարիքիս խենթի պէս 6 անգամ կարդացած եմ զայն: Առիթով մը, մտաւորական բանաստեղծ Պէպօ Սիմոնեան հարցուց. «Ո՞ր մէկ գիրքը կը կարդաս այս օրերուն»: «Խենթը»՝ պատասխանեցի: Վեց անգամ, հաւանաբար ալ՝ եօթը եւ մինչեւ այսօր չեմ կշտացած «Խենթ»-էն: Ամերիկեան ֆիլմերու նմանողութեամբ հետաքրքրութեան եւ լարուած մթնոլորտի մէջ պահելու մեծ վիպասանին ո՞ճը, թէ՞ դէպքերու իրական ըլլալը ինձ եւ իմ նման բիւրաւոր ընթերցողները կլանուած կը պահէր, մէկ շունչով աւարտելու համար, չեմ գիտեր: Հաւանաբար երկուքն ալ:
2014 թուականին, «Արարատ»-ի գագաթը բարձրանալէ օր մը առաջ իջեւան ընտրեցինք Արսէն Կիտուրի ծննդավայր Պայազիտ: Այցելութիւն մըն ալ կատարեցինք բերդը: Պատմական Պայազիտի բերդը: Րաֆֆիի վէպին մէջի հերոսին՝ Վարդանի այն բերդը, որ պաշարուած էր թրքական զօրքերուն կողմէ 1877 թուականին: Բերդին մէջ մօտ հազար ռուս զինուորներ եւ քիչ թիւով հայեր ապաստանած են: Առանց ջուրի եւ ուտելիքի: Հարկաւոր էր կամաւոր մը գտնել նամակը ռուսական բանակի հրամանատարին՝ Տէր Ղուկասովին հասցնելու համար: Եւ այդ կամաւոր խենթը կ’ըլլայ Վարդանը՝ նոյն ինքը Սամսոն Տէր Պօղոսեանը:
Այդ շրջաններուն, ազատագրական պայքարի մեր հերոսները մէկական «խենթեր» էին, որոնք կը ջանային փրկել, ինչ որ կրնային: Անոնցմէ մէկն էր Րաֆֆիի հերոս Վարդանը:
Ներկայիս, մեր շուրջը, մեր միութիւններուն, կրթական օճախներուն, մարզական հաստատութիւններուն մէջ բարեբախտաբար «խենթեր» կա՛ն տակաւին: Անոնք եւ անոնց նմաններն են, որ Սփիւռքի մէջ մեծ վիպասանի հերոսին նմանողութեամբ պահեցին ու տակաւին կը շարունակեն պահել ազգային կառոյցներն ու միութիւնները: Անոնք կը շարունակեն զոհաբերել իրենց կեանքը, առողջութիւնը, նիւթականը որպէսզի պահեն սփիւռքահայութիւնը: Այդ «խենթեր»ուն շնորհիւ այսօր տակաւին կը գոյատեւէ հայ դպրոցը, հայ մամուլը, հայկական միութիւնները:
Մեծանուն Րաֆֆին իր անկրկնելի վէպին մէջ տուաւ քանի մը «խենթ»երու անունները: Սամսոն Տէր Պօղոսեան, Միքայէլ Տուտուքճեան, Մելիք-Մանսուր եւ այլն: Իսկ դո՛ւն, յարգելի ընթերցող, քանի՞ հատ «խենթ» կը ճանչնաս: