Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինը մօտէն կը հետեւի Լիբանանի ամբողջ տարածքին կայացող քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն ու մասնաւորաբար հայաշատ քաղաքապետութիւններու ընտրական հոլովոյթին: Այս ծիրին մէջ, գլխաւորութեամբ ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեանին, ՍԴՀԿ Վարիչ մարմինը ընդունեց Պէյրութի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն Հնչակեան կուսակցութեան առաջադրած թեկնածուներ Յովիկ Յակոբ Պուչաքճեանը եւ թաղապետ Արմէն Մելքոն Սէֆէրեանը: Ժողովին ընթացքին անդրադարձ եղաւ Պէյրութի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն եւ ընտրական նախապատրաստութիւններուն: Զրուցակիցները արծարծեցին ընդհանրապէս պէյրութցիներուն եւ մասնաւորաբար հայաշատ թաղամասերու բնակչութեան կարիքներն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները, շեշտելով քաղաքացիներուն կենսական կարիքները գոհացնելու ուղղութեամբ աշխատելու անհրաժեշութիւնը: Պուչաքճեան եւ թաղապետ Սէֆէրեան ընդգծեցին ՍԴՀԿ Վարիչ մարմինին, Պէյրութի շրջանի մասնաճիւղերուն եւ յարակից միութիւններու վարչութիւններուն հետ համատեղ աշխատելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ հնարաւորինս արագ իրականացնել զարգացումի միտող ծրագրերը: