Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Մնացական Սաֆարեան յայտնեց, որ Հայաստան կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ խաղաղութեան օրակարգին եւ շարժիլ այդ ուղղութեամբ: Ան միաժամանակ յստակացուց, որ Երեւան որեւէ հարց չի քննարկեր ենթադրեալ միջանցքին առնչութեամբ, թէեւ այդ մասին յաճախ կը հնչեն հարցադրումներ ու Երեւան պարտաւորուած չէ միշտ պարզաբանել նիւթը: