Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՄԲ՝ ԼԵՒՈՆ (ԼԷՕ) ԺԴ.՝ ՀՌՈՄԻ 267-ՐԴՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏ

May 10, 2025
in Միջազգային
0
ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՄԲ՝  ԼԵՒՈՆ (ԼԷՕ) ԺԴ.՝ ՀՌՈՄԻ 267-ՐԴՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏ

   Կաթողիկէ աշխարհին համար Հռոմի պապի ընտրութեան աննախադէպ արդիւնքով, պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ամերիկացի մը ընտրուեցաւ Վատիկանի Սրբազան քահանայապետ: Ինչպէս կը կանխատեսէին մեկնաբանները եւ վատիկանեան հարցերու մասնագէտները, վախճանեալ Ֆրանչիսկոս պապին յաջորդողին ընտրութիւնը իրականացաւ ընդամէնը երկու օրուան ընթացքին եւ Հինգշաբթի օր յայտարարուեցաւ, թէ ամերիկացի Ռոպըրթ Ֆրանսիս Փրեւոսթ կարտինալը դարձած է սրբազան քահանայապետ, առնելով Լեւոն (Լէօ) ԺԴ. պապական անունը: Ծիրանաւորներուն տրուած իր անդրանիկ քարոզին մէջ նորընտիր պապը շեշտեց, թէ նորօրեայ աշխարհին մէջ եկեղեցին պէտք է դառնայ փարոս մը՝ լուսաւորելու համար աշխարհին գիշերները:

Ամերիկեան Շիքակօ քաղաքին մէջ ծնած նորընտիր պապը վատիկանեան առաջին պատարագը պիտի մատուցէ շաբաթ մը ետք՝ 18 Մայիսին: Ան երէկ զգուշացուց աշխարհին մէջ հաւատքի թուլացումին հետեւանքներէն: 69 տարեկան պապը եկեղեւոյ մէջ կը համարուի որպէս բարեկարգող մը, երկար տարիներ որպէս եպիսկոպոս ծառայած է Փերուի մէջ եւ ամերիկեանին կողքին կը կրէ նաեւ նշեալ պետութեան քաղաքացիութիւնը: Վերջերս, ան Վատիկանի մէջ կը վարէր կարեւորագոյն գրասենեակներէն մէկը՝ եպիսկոպոսական նշանակումներուն գրասենեակը եւ կը սպասուի, որ շարունակէ վախճանեալ պապին բարեկարգչական ուղեգիծը:

Նոր պապին ընտրութիւնը շնորհաւորեցին աշխարհով մէկ: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ հպարտութիւն յայտնեց ամերիկացի պապի մը ընտրութեան վերաբերեալ, իսկ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորեց Հռոմի պապը, նշելով որ այս դժուարին օրերուն պապին խաղաղութեան եւ կարեկցանքի ձայնը աւելի կարեւոր է, քան երբեք: Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը իր կարգին աղօթեց, որ «Աստուած ուժ եւ շնորհ պարգեւէ սրբազան  քահանայապետին»:

Share62Tweet39
Previous Post

ՕՐԴ․ ԼՈՒՍԻՆ ԹԱՊԱԳԵԱՆ, ՅԻՇԱՏԱԿԴ ԱՆԹԱՌԱՄ ՄՆԱՅ

Next Post

ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

Next Post
ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.