Օրդ․Լուսին Թապագեան մարդասէրը, դաստիարակը, ծառայասէրը չենք մոռնար։
Այսօր, երբ կ՛անցնիմ օրդ․Լուսինին տան մօտէն, կը յիշեմ մեր միասին անցուցած թանկ ժամանակները։
Վերջին շրջանին, երբ կ՛այցելէի, անկողինին շուրջ գիրքեր եւ թերթեր կ՛ըլլային, սակայն առաջուան պէս չէր կարդար, որովհետեւ կարդալու կը դժուարանար։ Կարծէք ալ համբերութիւն չունէր, աւելի այցելուներ կը սպասէր, որպէսզի զրուցէ եւ չձանձրանայ։
Կը յիշէր անցեալը։ Կարօտով կը խօսէր մօր մասին։ Կ՛ըսէր․«Մայրս աստուածավախ ու եկեղեցասէր էր եւ բոլորին կողմէ յարգուած։ Քանի մը անգամներ «Նարեկ»ը կարդացած էր»։
Օրդ․Լուսինն ալ մօր պէս՝ իր թաղի հիւանդին, ծերին ու չքաւորին հասած էր։
Հրճուանքով կը պատմէր, թէ իրենց տունը միշտ հայրենիքէն մեծարգոյ հիւրեր հիւրընկալուած են։ Խրախճանքները, հայրենասիրական երգերն ու երաժշտութիւնը անպակաս եղած էին։
Իր ընտանեկան միջավայրը մեծ դեր խաղացած էր իր մտային կազմաւորման մէջ։ Մայրը առաջինը զինք քաջալերած էր, որ փոքրուց գիրք ընթերցէ։ Ան իր մօր շունչին տակ դաստիակուած էր սիրելու մեր մայր եկեղեցին․ ինք այդ սէրն ու ոգին կը փոխանցէր իր մօտիկներուն։ Հպարտ էր, որ իր աշակերտներուն քաջալերած էր, որ լաւ տիրապետեն հայերէնին, նաեւ սորվին հայոց պատմութիւն։
Իր բարեկամուհիներն ու աշակերտները երբ կ՛այցելէին՝ շատ գոհ կ՛ըլլար։
Օր մը իմացաւ թէ իր գրած գիրքերէն չունիմ, շուտով մակագրեց ու նուիրեց։
Երբ քովը կ՛ըլլայի կը թերթատէի իր գրած յօդուածներն ու զանազան առիթներով արտասանած բացման խօսքերն ու սրտի խօսքերը․․․։
Ահա անոնցմէ մէկը, որ նուիրած էր «Մայրերու օր»ուան։
Մայիս ամիսը եկաւ, բայց մեր շատ սիրելի օրդ. Լուսինը մեզմէ հեռու է մօտ երկու տարիէ։
«Մայիս տօնական ամիս» յօդուածի խօսքերը գրած ու արտասանած էր օրդ․Լուսինը: Մայրերու տօնին առթիւ մենք դարձեալ ընթերցելով յիշենք, թէ օրդ․ Թապագեանը «Մայ րերու տօն»ին առթիւ ինչպիսի խօսքերով կը շնորհաւորէ մայրերն ու մեծ մայրերը։
ՄԱՅԻՍ ՏՕՆԱԿԱՆ ԱՄԻՍ
Գարնանային բոյրով լեցուած, բնութեան գեղեցկութեամբ օժտուած ամիս։ Մարդոց սրտեր կը լեցնէ բոյրով ու հրճուանքով եւ օրը կը դարձնէ կենսուրախ։
Ահա, այս ամսուան մէջ, ունինք տօնական գեղեցիկ օրեր, որոնք դարձած են
աւանդական եւ համաշխարհային տօներ։
Այսպիսի տօն է աշխարհով մէկ ընդունուած «Մայրերու Օր»ը։ Տօն մը սիրելի եւ սուրբ, նուիրական ու անփոխարինելի։ Սիրոյ զգացումներու արտայայտութեանց տօն։ Այդ օրուան սիրոյ արտայայտութիւնները խօսքերով, համբոյրով, գրութեամբ կամ նուէրով կը դառնան իմաստով լեցուն խորհուրդ մը։
Այս տօնը կը տօնուի ամէնուրէք, նոյնիսկ դպրոցներու մէջ։
Ամէն տարի մեր փոքրիկները յատուկ յայտագրով կը յիշեն մայրերու տօնը եւ տուն դարձին իւրաքանչիւրը իրենց մայրերուն կը նուիրեն մօր նուիրուած քառեակներով ու գծագրութիւններով զարդարուած գեղեցիկ ձեռային աշխատանքներ։ Կը շնորհաւորեն եւ համբուրելով կը նուիրեն զայն իրենց պաշտելի մօրը:
Արժանի են մեր մայրերն ու մեծ մայրերը մեծարուելու։ Իւրաքանչիւրը կ՛ուզէ իր երախտագիտութեան տուրքը տալ իր մօր կամ մեծ մօր՝ նուիրելով ծաղկեփունջ, նուէր եւ ջերմ համբոյր ու սրտագին խօսք։
Սուրբ է մայրը ու նուիրական։ Սակայն եթէ ուրիշ ազգեր այս տօնական օրը կապած են յատուկ դէպքերու, մենք արդէն գիտցած ենք հեթանոսական շրջանէն իսկ պաշտել մայրերը ու յարգել մեծապէս։ Ինչպէս կրցած ենք Անահիտն ու Աստղիկը դասել Արտաւազդի ու Վահագնի շարքին։ Դիւցազներգութեամբ ունեցած ենք Ծովինար մայրը, որուն Սանասար ու Պաղտաաար զաւակներովը պիտի կերտէինք անշուշտ Սասունցի Դաւիթ դիւցազներգութիւնը։ Քրիստոնէական շրջանի տիկիններ – Սանդուխտ, կոյս Հռիփսիմէ, Գայիանէ, Շուշան- Վարդենի ու Ցուիկ, Զապէլ ու Կեռան – եւ այլ պատմական տիկիններ կրցան կերտել դարերու ընդմէջէն հայոց պատմութեան մեր գլխաւոր էջերը։ Մեզի համար մայրը նուիրական է եւ սուրբ եւ անոր համար է որ երգած ենք Մայր Արաքս եւ գովերգած՝ մայր հայրենիքը։
Հին հռովմէացիները 1 Մարտը կը համարէին տարեդարձը բոլոր կիներուն եւ կը տօնէին մեծ շուքով ու յարգանքով։
Հետագային այլ ազգեր եւս հետեւեցան հռովմէացիներուն այս սովորութեան՝ յարգելու համար իգական սէրը։
Ահա այսօր մենք եւս կ՛ուզենք յարգել ու պատուել մեր մեծ մայրերն ու մայրերը, որոնք վստահաբար յուզումով եւ հպարտութեամբ նստած կ՛ունկնդրեն մեր խօսքերը։
Բոլորիս թարգման բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանի խօսքերով կարելի է մեր երախտագիտութիւնը յայտնել.
Մա՜յր ինձ համար փառք չեմ տենչում կեանքի մէջ,
Բայց կ՛ուզէի զոհողութեանդ անհաս
Լինել արժան, լինել հերո՜ս, լինել մե՜ծ,
Որ քո կեանքդ, կորած կեանքդ չափսոսաս…։
***
Յովհաննէս Շիրազի՝ մօր նուիրուած այս բանաստեղծութիւնն ալ իմ կողմէս նուէր մայրերուն։
Լոկ մայրն է այժմ խիղճն հայրենիքիս
Հանեմ գանձերը հայոց լեռների,
Շաղ տամ բոլորը մօրս ոտքի տակ՝
Ախ, էլի քիչ է, քիչ է էլի։
Շաղ տամ մարգարիտն՝ համայն ծովերի,
Ծաղիկների հետ, մօրս ոտքի տակ՝
Ախ, էլի քիչ է, քիչ է էլի։
Եւ թէկուզ հանեմ իմ սիրտը բարի՝
Գառի պէս զոհեմ մօրս ոտքի տակ՝
Ախ, էլի քիչ է, քիչ է էլի։
Լոկ մայրն է այժմ խիղճն հայրենիքիս՝
Դարերի կեանքն էլ թէ տաս մայրիկիս,
Աստուած իմ քիչ է, քիչ է էլի։