Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ՝ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀՐԱՒԷՐԸ ԵՒ 9 ՄԱՅԻՍԻՆ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ՄՈՍԿՈՒԱ

May 8, 2025
in Հայաստան
0
ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ՝ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀՐԱՒԷՐԸ ԵՒ 9 ՄԱՅԻՍԻՆ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ՄՈՍԿՈՒԱ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան խորհրդարանին մէջ հաստատեց՝ ընդունած է Ռուսաստանի նախագահին հրաւէրը եւ Մայիս 9-ին պիտի մեկնի Մոսկուա:
Իշխանական պատգամաւորներէն Զարուհի Բաթոյեան խնդրեց Փաշինեանին անդրադառնալ այն մեկնաբանութիւններուն, որոնք այս օրերուն կը հնչեն, թէ Փաշինեանի այցը Մոսկուա պիտի վնասէ Հայաստան-Արեւմուտք յարաբերութիւններուն:

«Մենք հրապարակային ասել ենք՝ հաւասարակշռուած եւ հաւասարակշռման արտաքին քաղաքականութիւն ենք որդեգրել, որի մէջ ամենեւին չի մտնում յարաբերութիւններ կառուցել ի հաշիւ այլ յարաբերութիւնների: Եւ այդ քաղաքականութեան տրամաբանութեան մէջ չի եղել, որ մենք ՌԴ այցեր չենք ունենալու եւ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները չենք զարգացնելու եւ խորացնելու, ինձ համար հասկանալի չեն այդ մեկնաբանութիւնները»,- նշեց Փաշինեան:

Ան նաեւ յաւելեց՝ միջոցառումները կարեւոր են Երկրորդ աշխարհամարտի ընթացքին տարած յաղթանակի ծիրին մէջ, կարեւորեց նաեւ երկկողմ օրակարգի հարցերու քննարկումը նման հանդիպումներուն:

Հայ զինուորականները Մայիս 9-ին Մոսկուայի մէջ՝ Կարմիր հրապարակին վրայ կայանալիք ռազմական շքերթին պիտի չմասնակցին։ Ներկայ պիտի ըլլան զինուորականներ 13 երկիրներէ, ըսած է Ռուսաստանի նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով։

Մասնակիցներու շարքին պիտի ըլլան Ատրպէյճանի, Պելառուսիոյ, Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու զինուորները, ինչպէս նաեւ ներկայացուցիչներ Վիեթնամէն, Եգիպտոսէն, Մոնկոլիայէն ու Չինաստանէն։

Ազգային Ժողովին մէջ կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ընթացքին վարչապետ Փաշինեան խօսեցաւ նաեւ փտածութեան մասին:

«Ցանկացած մէկը, ով պետական պիւտճէից փտածութիւն է ձեռնարկում եւ փող է տանում, իմ անձնական թշնամին է: Փտածութեան մէջ ներգրաւուած որեւէ մարդ չի կարող լինել մեր թիմից։ Եթէ մեր թիմից է, եւ յանկարծ պարզուի, որ ինքը փտածութեան մէջ ներգրաւուած չէ, ինքը ինչպէս եղել է, այնպէս էլ կը շարունակի մնալ մեր թիմից, իսկ եթէ պարզուի, որ փտածութեան մէջ ներգրաւուած է, չի կարող լինել մեր թիմից։ Ես սա չեմ ասում յստակ անձի մասին, բայց սա արձանագրում ենք որպէս սկզբունք»,- նկատեց ան։

 

Share61Tweet38
Previous Post

«ԱՐԱՐԱՏ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ ԵՐԲԵՄՆԻ ԽՄԲԱԳԻՐ ՀՐԱՆԴ ԳԱՆԳՐՈՒՆԻ (ԱԲԻՍՈՂՈՄ ԳՐԸՇԸՔԵԱՆ) ԾՆՆԴԵԱՆ 100 ԵՒ ՄԱՀՈՒԱՆ 19 ԱՄԵԱԿՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.