Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ԱՐԱՐԱՏ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ ԵՐԲԵՄՆԻ ԽՄԲԱԳԻՐ ՀՐԱՆԴ ԳԱՆԳՐՈՒՆԻ (ԱԲԻՍՈՂՈՄ ԳՐԸՇԸՔԵԱՆ) ԾՆՆԴԵԱՆ 100 ԵՒ ՄԱՀՈՒԱՆ 19 ԱՄԵԱԿՆԵՐ

May 8, 2025
in Այլազան
0
«ԱՐԱՐԱՏ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ ԵՐԲԵՄՆԻ ԽՄԲԱԳԻՐ  ՀՐԱՆԴ ԳԱՆԳՐՈՒՆԻ (ԱԲԻՍՈՂՈՄ ԳՐԸՇԸՔԵԱՆ)  ԾՆՆԴԵԱՆ 100 ԵՒ ՄԱՀՈՒԱՆ 19 ԱՄԵԱԿՆԵՐ

 

Այսօր գրող, պատմաբան, Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ «Արարատ» օրաթերթի նախկին խմբագիրներէն Հրանդ Գանգրունիի յիշատակի օրն է: Մահացած է 2006 թուականի Մայիս 8-ին, 81 տարեկան հասակին:

Ծնած է 1925-ին, Դամասկոս: Ուսանած է Սահակեան վարժարանի, 1943 թուականին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի դպրեվանքի եւ Պէյրութի ֆրանսական Սէն Ժոզէֆ համալսարանի հայագիտական բաժանմունքին մէջ։

Մուտք գործած է կրթական ասպարէզ, նախ որպէս ուսուցիչ, ապա՝ 1976-1984 թուականներուն որպէս տնօրէն պաշտօնավարած է Ազգային Ռուբինեան վարժարանին մէջ։

1948-էն հանդիսացած է Հնչակեան կուսակցութեան «Արարատ» օրաթերթի խմբագրութեան անդամ։ Ասատուր Էլճանեանի մահէն ետք Արսէն Կիտուրի հետ դարձած է թերթին խմբագիրը: Եղած է Հ.Մ.Մ. «Կայծ» ամսագրի փոխխմբագիրը, ինչպէս նաեւ «Արարատ Գրական»-ի խմբագրութեան անդամ։

Գանգրունին հեղինակ է բազմաթիւ գեղարուեստական երկերու։ Յիշենք անոնցմէ քանի մը հատը. «Հայ յեղափոխութիւնը օսմանեան բռնատիրութեան դէմ (1890–1910 թթ.)», «Հայաստան 1918 եւ հայ քաղաքական միտքը», «Հայաստան 1920-1921 եւ միջազգային դիւանագիտութիւնը», «Յանուն հայրենիքի 1887-1987», «Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը յանուն հայրենիքի», «Ցեղասպան իթթիհատը 1908-1923», «Հայ դատի պատմութիւն (1878–1914 թթ.)»:

Ժամանակին, երկրորդ Համաշխարհայինի Լենինկրատի հերոսները պանծացնող արտայայտութիւն մը կար, որ փոխ առնուած եւ բաւական տարածուած էր ինչպէս հայրենիքի, այնպէս ալ խորհրդային հանրապետութիւններուն մէջ՝ «Ոչ ոք չի մոռացուել, ոչինչ չի մոռացուել»: Սփիւռքեան ազգապահպանման հերոսական պայքարին մէջ դերակատարութիւն ունեցած բիւրաւոր երախտաւորներուն համար ալ այս արտայայտութիւնը կարելի է օգտագործել: Ականաւոր, երեւելի կամ երբեմն ալ անշուք անունները պէտք չէ մոռացութեան արխիւին մէջ մնան: Պարտաւոր ենք վերակենդանացնել անոնց յիշատակը: Այս իմաստով, «Արարատ» եւս մէկ անգամ խոնարհումով կը յիշատակէ իր երբեմնի խմբագիրին՝ Հրանդ Գանգրունիի անունը, որպէս անմահ հերոս սփիւռքեան մամուլի եւ պատմական գրականութեան համար ծառայութիւն մատուցած զինուոր:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅՈՒՆ ՀԱՅՐԵՆԱԿԱՆ ՄԵԾ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ

Next Post

ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ՝ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀՐԱՒԷՐԸ ԵՒ 9 ՄԱՅԻՍԻՆ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ՄՈՍԿՈՒԱ

Next Post
ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ՝ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀՐԱՒԷՐԸ ԵՒ 9 ՄԱՅԻՍԻՆ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ՄՈՍԿՈՒԱ

ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ՝ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀՐԱՒԷՐԸ ԵՒ 9 ՄԱՅԻՍԻՆ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ՄՈՍԿՈՒԱ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.