Հայոց ցեղասպանութեան վրիժառու բազուկը՝ «Նեմեսիս»-ով սկսած, իր շարունակութիւնը գտաւ կէս միլիոն հաշուող հայ ժողովուրդի պանծալի զինուորներու հարուածներով, որոնք հերոսաբար կռուեցան տարբեր ճակատներու վրայ՝ ծունկի բերելու Նացի Գերմանիան, որուն նախորդը՝ Կայսերական Գերմանիան, իր բացայայտ օգնութեամբ եւ մեղսակցութեամբ, թուրքին տուաւ միջոցն ու կարելիութիւնը գործելու իր ահաւոր ոճիրը հայութեան դէմ:
Ֆրանսայի հայազգի հերոս ու Եղեռնի զաւակ Միսաք Մանուշեան երբ կը հարուածէր գերման ցեղապաշտ բանակը գրաւեալ Ֆրանսայի մէջ, գիտէր անպայման, որ իր տարաբախտ ազգին վրէժը կը լուծէր:
Խորհրդային բանակին մէջ ծառայող հայ զինուորն ալ լաւ գիտէր, որ իր արիւնը ռազմաճակատին վրայ թափելով եւ յաղթանակ կերտելով՝ հեռու կը պահէր դահիճը անգամ մը եւս իր ոճիրը շարունակելու Արաքսի միւս ափին՝ Երեւանի մէջ:
Ու վիճելի չէ երբեք, որ հայ զինուորը Պերլինը գրաւելով՝ գերման պարտեալ բանակի մայրաքաղաքի սրտին վրայ իր քոչարի պարով մեր նահատակ ժողովուրդի մնացորդացին կեանքը կ’ապահովէր ու անոր պատիւ կը շնորհէր:
Հայրենական մեծ պատերազմին մասնակցած է 600 հազար հայ, որոնց 300 հազարը եղած է Խորհրդային Հայաստանէն, 200 հազարը՝ Խորհրդային միութեան այլ հանրապետութիւններէ, եւ 100 հազարն ալ մարտնչած է հակահիթլերեան դաշինքի երկիրներու զօրքերուն մէջ:
200 հազար զոհ տուած իր զինուորներով Խորհրդային Հայաստանը պատնէշ կանգնեցաւ Թուրքիոյ ակնկալուող ներխուժումին դէմ, որ սահմանին միւս կողմը կեցած՝ կը սպասէր պարտութիւնը Խորհրդային միութեան:
Հպարտ էր հայը իր մարաջախտ Յովհաննէս Բաղրամեանով, զօրավար-մայոր Համազասպ Բաբաջանեանով եւ յաղթական խորհրդային բանակին մէջ ծառայող մեծաթիւ սպաներով: Ուշագրաւ է այդ բանակի փայլուն հրամանատար մարաջախտ Կէորկի Ժուքովի գնահատականը հայ զինուորին, որ կ’ըսէ. «Հայ մարտիկները՝ զինուորէն մինչեւ մարաջախտ, իրենք իրենց ծածկած են քաջարի ռազմիկներու անթառամ փառքով»:
Այդպէս էր ճանչցուած հայ զինուորը՝ քաջ եւ հերոս բոլոր ժամանակներու մէջ: Խորհրդային զօրքին մէջ համբաւ առած այդ զինուորներն ու իրենց զաւակներն էին, իրենց դասատու խորհրդային բանակի զօրավար-մայոր «Քոմանտոս»-ի՝ Արկադի Տէր Թադեւոսեանի հմտութեամբ գործող ու շարժող, որոնք կրցան ազատագրել Արցախը՝ մեր բոլորին տալով ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ՀԱՅՐԵՆԻ ՀՈՂ ԱԶԱՏԱԳՐԱԾ եւ յաղթանակ տարած ժողովուրդի պատկանած ըլլալու փառքն ու պատիւը:
Սակայն ազատ ու անկախ Հայաստանի 30 տարուան անհոգութեան եւ անճարակութեան հետեւանքով կորսնցուցինք այն բոլոր պատիւն ու փառքը, որ ստացուած էր Խորհրդային Հայաստանէն մեզի մնացած աւանդէն:
2020-ի պատերազմէն ու Արցախի կորուստէն ետք, ծուռ եւ կախ է մեր վիզը, ու մենք, դժբախտաբար, աշխարհի աչքին ուղիղ նայելու հպարտ հայը չենք այլեւս:
Կ’ըսուի թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի մասնակցի Մայիս 9-ին Մոսկուայի մէջ կայանալիք Հայրենական մեծ պատերազմի 80-ամեակի տօնակատարութեան: Ան պէտք է հոն իր վրայէն թօթափէ պարտեալի կերպարը եւ նախագահ Փութինի աչքերուն նայի ռուս ժողովուրդի յաղթանակին ծառայած 200 հազար զոհ տուած հայու աչքով, ու յիշեցնէ անոր, որ երախտապարտ եղող ժողովուրդի մը ներկայացուցիչ ըլլալու հանգամանքին մէջ ան թերացած է եւ 200 հազար հայ զոհ զինուորի անէծքը կայ իր վիզին:
Հայրենական մեծ պատերազմի աւարտը պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ 2 Սեպտեմբեր 1945-ին, որմէ գրեթէ ամիս մը առաջ Ամերիկան աթոմական ռումբով հարուածած էր Ճափոնի Հիրոշիման (6 Օգոստոս 1945) եւ Նակազաքին (9 Օգոստոս 1945): Ամերիկան իր այդ ռումբերու գործածութեամբ ՍԱՍՏԵՑ յաղթական Խորհրդային միութիւնը, որ կը պատրաստուէր Թուրքիոյ վրայ յարձակիլ՝ ազատագրելու համար հայկական գրաւեալ հողեր Կարսն ու Արտահանը:
Եւ տակաւին հայրենասիրութիւն դաւանող բայց իշխանատենչ հայորդիներ 1945-էն ետք Ամերիկայի կողմը բռնեցին Պաղ պատերազմին ընթացքին… ազատութեան տենչով բռնկած եւ հայրենիքի շահը մոռցած:
Հայրենական մեծ պատերազմին հայուն տուած ներդրումը եղաւ յոյժ կենսական եւ կարեւոր՝ ազատելու մարդկութիւնը ճիրաններէն ճիւաղի մը, որ ազգերը կը սահմանէր որպէս «ընտիր» եւ «ստրուկ»: Ըստ կարգ մը հաւաստի աղբիւրներու՝ Հիթլերի Գերմանիան ռուս ժողովուրդը պիտի դարձնէր ստրուկ, եթէ յաղթանակ տանէր: Ի՞նչ պիտի դարձնէր արդեօք հայը, որ «ռուս ստրուկին» գիրկը նստած էր…:
Փա՜ռք Հայրենական մեծ պատերազմին յաղթանակի դափնի կրող հայ քաջարի եւ հերոս զինուորին եւ անոր ուղիով քալել ուզող ներկայ հայ բանակայինին: