Առանց մասնաւոր անակնկալի մը սպասումով էր, որ ստանձնեցի Սեդա Խտըշեանի «Մեր տունը» աշխատութիւնը՝ «աչք մը նետելու» համար անոր վրայ, քանի որ ինծի այնքան ալ անծանօթ չէր այն տունը, որուն ենթադրաբար նուիրուած էր այս ձեռագիրը: Ես զայն ճանչցած էի վաղ մանուկ հասակէս, քիչ մը բոլոր հասակակիցներուս պէս:
Ան կը գտնուէր մերինին կից թաղին մէջ, հազիւ հարիւր մեթր հեռու իմ բնակարանէս:
Ի տարբերութիւն միւս բոլորին՝ այդ տունը ունէր երեք դուռ:
Որոնց մէկը կը բացուէր հիւրասենեակին վրայ: Մենք՝ քովնտի թաղի մանուկներս, հաւաքական որոշումով ու մղումով մը կը տեղափոխուէինք ու երկար վայրկեաններ կը յամենայինք այնտեղ՝ դիտելու անոր մուտքի առաստաղին թառած եւ թեւերը լայն բացած երփներանգ արծիւը՝ այնքան հարազատ, այնքան կենդանի ու տպաւորիչ, որ կը կարծէինք, թէ ուր որ է հիմա պիտի թափահարէր թեւերը ու սլանար դէպի անհունը:
Միւս դուռը կը բացուէր ընդարձակ բակի մը վրայ եւ բաց կը մնար ամբողջ օրը՝ ընդառաջելու համար թաղեցի կիներու անհատնում շարքերուն, որոնք կու գային «սուրճ մը խմելու» եւ «գաւաթը կարդալ տալու» կամ պատահական կարիք մը գոհացնելու այս նահապետական տան հիւրընկալ տիրուհիին օգնութեամբ:
Եւ այս՝ բոլորովին տարբեր բան մը կու տար այս տունին՝ բաղդատած այն միւս անշուք ու միօրինակ տուներուն, որոնք փռուած էին անոր շուրջ եւ որոնցմէ մէկն ալ մերն էր: Ես աւելի ուշ եւս՝ չափահաս տարիներուս, առնչուեցայ այդ տունին, արդէն իբրեւ անոր մէկ անդամին բարեկամը եւ առիթը ունեցայ զայն տեսնելու ներսէն… որը իր կարգին շատ բաներով կը տարբերէր ինծի ծանօթ՝ Պուրճ Համուտի գաղթականութիւնը պատսպարող տուներու միօրինակ խաժամուժէն եւ որը լայն հանրութեան ծանօթ էր իբրեւ «Սահակ աղային տունը»:
Իսկ ան՝ այդ Սահակ աղան, այդ տան կերտիչն ու պահապանը, միայն իր տունով չէր զատորոշուեր շրջապատէն. հեղինակը իր գրիչին հմայքով ու տեսողութեանը սրութեամբ կը յաջողի անկէ կերտել առասպելական այնպիսի հսկայ մը, որ իր յիշողութեամբ պահապանն է միաժամանակ մեր ազգային ողբերգութեան ողջ պատմութեան, անոր բոլոր արհաւիրքներուն, այլեւ այն քաջ մարտիկը, որ իր բազուկի ու մտքի ուժով, իր յարատեւութեամբ եւ ցեղային անաղարտ պարկեշտութեամբ կը ջանայ յաղթահարել ճակատագրի բոլոր հարուածները:
Ուշադիր այցելուին տեսողութենէն պիտի չվրիպէր, թէ այդ տունը, իր նիւթական եզակի կառոյցին կողքին, է՛ր նաեւ մտքի ու հոգեւոր լոյսի քուրայ մը: Արդարեւ, մինչ այլ տուներ հազիւ օրաթերթ մը կը մտնէր այդ օրերուն,— եթէ մտնէր,— այստեղ արդէն կը տեսնուէր գրադարան մը, որուն «Ապակեայ փեղկերուն ետին կողք-կողքի ուղղահայեաց շարուած էին հայ գեղարուեստական գրականութեան աւագանին՝ Օշական, Թումանեան, Ռաֆֆի, Վարուժան, Մեծարենց, Սիամանթօ, Շիրվանզադէ, Նար-Դոս», որոնք երեկոները դուրս կու գային՝ ընթերցանութեան հարուստ նիւթ հայթաթելով մեծ եղբօրս՝ Խաչերին, որ մեզի կ’ընթերցէր պարգեւելով հեքիաթային ժամանցի պահեր, երբ տակաւին հեռատեսիլը չէր ներխուժած ընտանեկան յարկերէն ներս: Այդ երեկոներն ու մեր բանաստեղծութիւններն էին մեր ինքնութիւնը ձեւաւորող ու մեզ կազմաւորող գլխաւոր տարածքը»։
Ահա այս բոլոր «գիտելիքներով» զինուած էր, որ ձեռք առի «Մեր տունը»՝ առանց մեծ ակնկալութեան, քանի համոզուած էի, որ արդէն պէտք է ծանօթ ըլլայի անոր բոլոր տուեալներուն եւ գաղտնիքներուն:
Կը սխալէի:
Աշխատութեան ընթերցումը բոլորովին տարբեր լոյս մը սփռեց իմ նախնական տպաւորութիւններուս վրայ՝ բանալով բոլորովին նոր ու անծանօթ էջեր զայն լեցնող իրերուն եւ անձերուն առինքնող իսկութեան վրայ: Եւ այս բոլորը շնորհիւ պատմելու այն հրաշալի ոճին ու որակին, որով յագեցած է հեղինակին լեզուն, որ առաջին տողերէն իսկ կը յաջողի կլանել ընթերցողին ուշադրութիւնը՝ այլեւս բնաւ չարձակելու համար զայն մինչեւ աշխատութեան աւարտը:
* * *
Եւ քանի կը խորանաս ընթերցումիդ մէջ, ահա մտքիդ տեսադաշտին վրայ կու գայ ուրուագծուելու կանացի տիրական կերպարի մը լուսաւոր շրջագիծը, Տէր Զօրի կիզիչ աւազներէն հրաշքով խլուած ու փրկուած որբուհի մը, որ կը յաջողի իր կարգին հոգեբարոյական բաւարար ուժ կուտակել՝ ապրելու, դեռատի հասակին մայրանալու եւ ազգին ինը զաւակներ տալու համար՝ իր բազմազբաղ առօրեային կից չմոռնալով ու չթերանալով միաժամանակ նուիրուելու անոնց ազգային, մարդկային ու քրիստոնէական անթերի կրթութեան՝ այդպէս, իւրովի լուծելով Եղեռնի դաժան ճամբաներուն վրայ կորսնցուցած հարազատներուն վրէժը:
Այդ կինը Մարիամն է՝ Սահակ աղային կինը եւ հեղինակին մայրը:
Ան այնքան կլանուած է իր տունով ու զաւակներով, որ կանացի զբօսանքի տարրական առիթ իսկ չ’ունենար, ոչ ալ… կը փնտռէ. « Չեմ յիշեր, թէ որեւէ թաղեցիի տուն սուրճ խմելու գացած ըլլար»։ Բայց անոր սիրտը բաց էր բոլորին առջեւ՝ իր տան դռներուն պէս. «Բակին դուռը կը բացուէր առաւօտ կանուխ մօրս աղօթքով՝ երեկոյեան ուշ գիշերին միայն փակուելու համար: Բաց էր բոլորին առջեւ, եւ թաղեցիներու ելումուտը կը սկսէր առաւօտեան կանուխ ժամերէն»:
Չէին պակսեր արտասովոր հիւրերը եւս. ասոնցմէ էր «պարոն Խաչիկեանը»… ոչ աւելի, ոչ պակաս՝ Օրմանեան պատրիարքի երբեմնի ահաբեկիչը, որուն գնդակը բարեբախտաբար վրիպեցաւ, եւ Մեծ հայը փրկուեցաւ մահէ: Խաչիկեան սակայն ձերբակալուեցաւ ու բանտարկուեցաւ մինչեւ 1909-ի սահմանադրութիւնը, որ բացաւ թրքական բոլոր բանտերուն դռները: Անկէ ետք ալ ան մասնակցեցաւ հայ կեանքը փոթորկող մեծ շարժումներուն, ինչպէս՝ կամաւորներու մուտքը Վան 1915-ին եւ Սարդարապատի հերոսամարտը, որ պսակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումով: Սակայն բախտը զինք եւս գաղթական կը դարձնէ, եւ ան իր անտէր ու անտիրական եւ փոթորկալից գոյութիւնը կ’ամփոփէ Լիբանան-Պուրճ Համմուտ՝ ապաստան գտնելու համար բարեկամի մը աստիճաններուն տակ ծուարած մէկ խուցին մէջ:
Անոր մխիթարութիւններէն մէկը կ’ըլլայ Սահակ աղայի հետ ծանօթացումը եւ անոր տան մէջ գտած ջերմութիւնը, որ իրեն առիթ կու տար երկար պատմելու իր կեանքին արկածները, բայց նաեւ վայելելու հիւրասիրութիւնը տանտիրուհիին, որ «պնակը այնքան մը կը լեցնէր, որ նուազագոյն շարժումով կրնար յորդիլ։ Այդ չէր բաւեր, մայրս, պնակը սեղանին վրայ տեղաւորելէ ետք, շերեփը ձեռքը պատրաստ կը սպասէր՝ կրկին լեցնելու»:
* * *
«Մեր տունը» իր այլազան բարեմասնութիւններուն կողքին յաջողապէս կը պատմէ նաեւ զուարճալի դրուագներ, որոնք կը լեցնեն այդ տունը եւ կը զուարթացնեն անոր մթնոլորտը եւ որոնք վստահաբար պիտի զուարթացնեն ընթերցողին տրամադրութիւնը եւս:
Այսպէս, կը պատահի, որ մայրիկը բացած է հեռատեսիլէն պատարագի յայտագիր մը եւ ինք ծունկի եկած, աչքերը փակած, խոր երկիւղածութեամբ տարուի աղօթքով: Երբ վրայ կը հասնի պարոն Սահակը, որ ուղիղ կ’երթայ դէպի հեռատեսիլը, կը դարձնէ կոճակները եւ կ’իյնայ արաբական պորտապարի մը ակնահաճոյ ու քմպարար յայտագիրին վրայ. ու բազմելով իր սովորական տեղը՝ ամբողջովին տարուած ու վերացած կը դիտէ մատուցումը՝ կնոջը լռիկ-մնջիկ ու անլսելի աղօթքներուն հետ համատեղ:
Չ’ուշանար աղէտը, երբ կինը կ’աւարտէ աղօթքը եւ կը բանայ աչքերը… որոնց կը պարզուին կիսամերկ պարուհիի մը ծեքծեքուն գալարումները:
«Մայրիկս գայթակղած ու բարկացած կըսէ.
«— Է՜հ, պիրէ Սահակ, կա կ’աղօթեմ նէ, մարդ քիչ մը զգացում կ’ունենայ, սպասէ հումա պատարագը կը լմննայ, վերջը հէմէն ուզածիդ չափ դիտէ,— եւ “մեղա՜յ, մեղա՜յ” …հեռատեսիլին կոճակները շըրխ-շըրխ կը դարձնէ, կը փոխէ կայանը եւ կը շարունակէ հետեւիլ պատարագին։
«Իսկ հայրս.
«—Պատարագը էրկան կը տեւէ, մինչեւ լմննայ նէ ան ալ կը լմննայ։
«Երբ մենք վրայ հասանք, մայրս տակաւին սրտնեղած էր, իսկ հայրս ուսերը վեր-վեր թօթուելով խնդուքը չէր կրնար զսպել» ։
* * *
Կարծեմ շատ տարուեցայ «Մեր տունը»-ով, եւ պէտք է կանգ առնել: Իմ նպատակս նախաճաշակ մը տալ էր գրական-գեղարուեստական այն խրախճանքէն, որ այս գիրքի ընթերցումը պատճառեց ինծի եւ որուն գիւտը հաճոյքով պիտի ընէ ամէն ընթերցող:
Կը փակեմ զայն երկու հակադիր զգացումներով:
Առաջինը՝ գրական գողտրիկ ստեղծագործութիւն մը վայելած ըլլալու խոր գոհունակութեամբ, այնպիսին, որ տասնամեակներէ ի վեր զլացուած էր սփիւռքահայ ընթերցողին:
Իսկ երկրորդը…
Ան զիս մղեց բազմաթիւ խորհրդածութեանց, որոնց գլխաւորը հետեւեալն է. տեղ մը, ամբողջ կեանքի մը տեւողութեան, տեղի ունեցած է սեփական տաղանդի մսխում մը. մսխողը եղած է Սեդա Մարկոսեանը, մսխուողը՝ գրողի իր ձիրքը, որ չէ գիտցած գնահատել ու ըստ արժանւոյն վերաբերիլ հանդէպ այն բնատուր շնորհին, որ Աստուած պարգեւած է իրեն, իսկ ինք փոխանակ զայն ի տղայ տիոց զարգացնելու ու բիւրեղացնելու, իր տասնամեակները վատնած է ընկերային այնպիսի ծառայութեանց մէջ, որ որեւէ ուրիշ մըն ալ կրնար ընել:
Մինչդեռ Հայ գրականութիւնը կրնար այսօր ունենալ նուզագոյնը տասնեակէ մը աւելի երկեր, որոնք պիտի արդարօրէն կրէին իր անունը:
Այս գեղեցիկ շարադրանքը կենդանի առհաւատչեան է այդ մսխուած ձիրքին եւ այն մռայլ գուժկանը, որ այլեւս շատ ուշ է եւ կարելի պիտի չըլլայ վերականգնել նման ծանրակշիռ կորուստը:
Հակառակ այս դառն իրողութեան՝ ըսեմ, ինչու չէ՝ միասնաբա՛ր ըսենք.
—Վարձքդ կատա՛ր, գրիչդ դալա՛ր: