Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքի անգլերէնի ուսուցչուհի տիկին Լենա Պօղոսեանի «Echoes Of A Classroom» գրքոյկին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 2 Մայիս 2025, ժամը 7:00-ին, «Պատկեր» ճաշարանի սրահին մէջ: Յայտագիրը ներկայացուց օրդ. Կարինէ Շատոյեանը:
Բացման խօսքը կատարեց «Տարբերակ 21»-ի վաստակաշատ խմբագիր պարոն Վարուժան Թէնպէլեան: Շուիի նուագով հանդէս եկաւ արցախցի Խաչատուր Լալայեան՝ Հատրութէն, որ ներկայիս Ա. ժառանգաւորաց աշակերտ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մէջ:
Հեղինակին գիրքը ներկայացուց Զուարթնոց կեդրոնի եւ Գարակէօզեան հաստատութեան մէջ յատուկ կրթութեան կարիքը ունեցող երեխաներու ուսուցչուհի եւ Հայ Աւետ. Էմմանուէլ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանի առաջնորդ տիկին Սթեֆանի Արսլանեան-Յովսէփեանը:
«Կռունկ Գնա» երգով ներկաները յուզեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքի Դ. Ժառանգաւորաց աշակերտ Նարեկ Պոյաճեանը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Յովիկ Խաչիկեանի (Հալէպէն):
Հայերէնով, արաբերէնով եւ անգլերէնով խօսք առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքի անգլերէնի վաստակաշատ ուսուցչուհի, «Echoes Of A Classroom» գիրքին հեղինակը՝ Լենա Պօղոսեան:
Աւարտին Հայ Աւետարանական գոլէճի 2023-ի շրջանաւարտ եւ այժմ Լիբանանի Պետական համալսարանի կենսաքիմիաբանութիւն ուսանող Հրակ Մամիկոնեան ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Հաշուեյարդար»ը:
Տիկին Պօղոսեանի երեխայրիքի գինեձօնէն ետք, հեղինակուհին շնորհակալական ծաղկեփունջերով պատուեց «Պատկեր»ի մշակութասէր սեփականատիրուհի օրդ. Արփի Մանկասարեանն ու ձեռնարկի յայտագրին մասնակիցները: